Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿՈՏԱՅՔԻ ՄԷՋ.- Հ.Յ.Դ. “ՍԵՐԺ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ“ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻ ԲԱՑՈՒՄ

$
0
0

p5 b  Օգոստոս 18-ին, Հայաստանի Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւանի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. “Սերժ Գալուստեան“ բանակավայրին: Առաջին անգամ ըլլալով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պատանեկան միութիւնը 140 պատանիներով եւ 30 պատասխանատուներով սկսան իրենց բանակումին: Դրօշակի արարողութիւնը կատարուեցաւ “Մեր հայրենիք“ եւ “Մշակ բանուոր“ քայլերգներու երգեցողութեամբ: Եռագոյնը եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան դրօշը ծածանեցաւ բանակավայրի կայմին վրայ:p5 a

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան: Ան նշեց, թէ իրենց որոշումով Հայաստանի պատանեկան միութիւնը իր այս տարուան բանակումը կը նուիրէ Սերժ Գալուստեանի յիշատակին եւ առաջին անգամ ըլլալով կատարեց բանակավայրի բացումը:
Ապա խօսքը փոխանցեց Սերժ Գալուստեանի կնոջ` Արին Գալուստեանին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց բանակավայրի գաղափարի յղացման տուն տուող պատճառները եւ ըսաւ, թէ Սերժի ապաքինման ծախսերուն համար գոյացած գումարով իրենց ընտանիքը որոշած է այդ հողատարածքը գնել եւ տրամադրել Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որպէսզի գործածուի Հ.Յ.Դ.֊ի եւ անոր ուղեկից միութիւններու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու կողմէ` իբրեւ բանակավայր, եւ պատանիները հայրենի հողին վրայ դաստիարակուին հայրենաշունչ ոգիով, ինչ որ Սերժի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն փափաքը եղած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր այն ընկերներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան Սերժի ապաքինման ջանքերուն: Իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ սիրայօժար ընդունեց առաջարկը եւ ստանձնեց իր միջոցներով նուիրատուներ գտնել, որպէսզի համագաղութային ջանքերով բանակավայրը ըլլայ արդիական, օգտագործելի բոլորին համար: Ան նաեւ շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ 2014-ի բանակումը իրականացուց այդ հողաշերտին վրայ եւ զայն նուիրեց Սերժի անթառամ յիշատակին:p5 e
Ապա Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան:p5 d Ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ բանակումներու դաստիարակչական դերին մասին եւ ըսաւ, որ հայրենիքը պէտք ունի լաւ դաստիարակուած նուիրեալներու եւ ինք ուրախ է, որ այս բանակավայրի գոյութեամբ կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ ամբողջ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները ի մի խմբել եւ հայրենիքի հողին ջերմութեամբ թրծել զանոնք, որպէսզի ապագային իւրաքանչիւրը դառնայ հայրենիքի պաշտպան: Ան ըսաւ, որ Սերժ Գալուստեան իր կեանքի ընթացքին միշտ հաւատացած է պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան կարեւոր գործին, իր ներդրումը ունեցած է եւ այս բանակավայրի գոյութիւնը լաւագոյն ձեւն է, որ ընկերոջ յիշատակը միշտ անթառամ մնայ սերունդներու մօտ: Ան ըսաւ, թէ վստահ է, որ մօտ ապագային միացեալ ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել եւ կառուցել բանակավայրը:
p5 c  Ապա խօսք առաւ Քանատայէն Հայաստան հաստատուած Հրաչ Ճապրայեան (“Տանտի փրեշըս“ ընկերութեան տնօրէն), որ սիրայօժար կերպով արդէն իսկ տրամադրած է շուրջ 6000 տոլար` բանակավայրի ցանկապատման աշխատանքներուն եւ լոգարաններու շինութեան համար: Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն` յաջողութիւն մաղթեց եւ կարեւոր նկատեց գիտակից հայու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքը:p4-5 serge-Kalousdian
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին` Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պատանեկան միութեան ատենապետն ու վարչական անդամները, Սերժ Գալուստեանին ընտանիքը, հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ժամանած հիւրեր եւ ընկերներ:

The post ԿՈՏԱՅՔԻ ՄԷՋ.- Հ.Յ.Դ. “ՍԵՐԺ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ“ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻ ԲԱՑՈՒՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles