Շաբաթ, Յուլիս 26-ին, աւելի քան հինգ հարիւր հայորդիներ ներկայ էին “Քեմփ Հայաստան“ի մօտակայ “Ճիլէթ“ մարզադաշտը (Ֆոքսպորօ, Մասաչուսէց), իրենց մասնակցութիւնը բերելու ձեռնարկի մը, որուն նպատակն էր ի նպաստ “Քեմփ Հայաստան“ի հանգանակութիւն կատարել:
Հիւրասիրութեամբ սկսաւ այս ձեռնարկը, “Փաթնամ“ սրահէն ներս, որուն ընթացքին ներկաները նաեւ կրցան հետեւիլ ոտնագնդակի մրցումի մը, որ կը կատարուէր այդ ժամուն:
Հրամցուած ընթրիքէն ետք, Մայքըլ Կիւզէլեան կատարեց բացման խօսքը եւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Մարք Ալաշայեանը, Միշէլ Յակոբեանն ու Լեւոն Աթթարեանը, որոնք փոխանցեցին իրենց խօսքերը:
Մարք Ալաշայեան կարճ պատմականով մը, կարեւորեց այս հիմնարկին առաջնահերթութիւնը, իսկ Դաւիթ Համբարեան ներկայացուց վերջին ամինսներուն կատարուած նորոգութիւններու եւ շինութիւններու ընդհանուր պատկերը: Ան յայտնեց թէ լողարանի վերանորոգման գծով կարիքը կայ 750 հազար տոլարի շուրջ գումարի մը:

Ձախէն աջ -ոտքի՝ ամառնային հաւաքներու պատասխանատուներ.- Դաւիթ Համբարեան, Պոպ Աւագեան, Մայքըլ Կիւզթլեան եւ Փիթըր Ճելալեան:
Նստած՝ Արմէն Մանուելեան, Լիսի Ուլոհաճեան- Ալմասեան, Հերի Քուշիկեան, Միմի Բարսեղեան, Մարկօ Տինքճեան, Նուարդ Միաքայէլեան, Մեսրոպ Օտեան, Մոսիկ Յակոբեան, Մայքըլ Միրաքեան, Մարք Ալաշայեան, Պոպ Ճիկարճեան, Յակոբ Սուլաքեան եւ Լիսա Տոնապետեան- Թաֆըլ
լուսանկար՝ Կարօ Լաչինեան
Ապա գեղարուեստական յայտագրով մը, ձեռնարկը շարունակուեցաւ:
Յաջորդ օրը, Կիրակի , Յուլիս 27-ին, տեղի ունեցաւ այլ հաւաք մը՝ “Քեմփ Հայաստան“ի “Տիգրան Ծամհուր“ սրահէն ներս, ներկայութեամբ 250 հայորդիներու: Այս հաւաքին նպատակն էր նշել Պոպ Աւագեանի տարիներ շարունակ տրամադրած ներդրումը:

Ձախէն աջ՝ Մայքըլ Կիւզէլեան, Ստեփան Գանարեան, Քեն Սարաճեան, Դաւիթ Համբարեան, Մարք Ալաշայեան եւ Պոպ Թիւթիւնճեան
լուսանկար՝ Կարօ Լաչինեան
Փրովիտենսէն ժամանած հայր Կոմիտաս Պաղսարեանի բացման աղօթքով սկսաւ ձեռնարկը:
Նշուեցաւ թէ Աւագեան վաէսուն տարի շարունակ իր ներդրումը բերած է այս հաստատութենէն ներս: Այս առթիւ, անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: Ներկայ էին անոր ընտանեկան պարագաները:

Ձախէն աջ՝ Ռաֆֆի Վարժապետեան, Լեըոեն Աթթարեան, Սթիւ Մեսրոպեան, Մայքըլ Շամլեան, Միսի Սիմոնեան, Մայք Կոստանեան, Ռալֆ Քուրթճեան, Պոպ Աւագեան, Մայք Պախթիարեան, Դաւիթ Համբարեան, Փօլ Հարոյեան, , Մարք Ալաշայեան, Ատամ Պոյաճեան եւ Փիթըր Ճելալեան
լուսանկար՝ Սեւան Տօնոյեան
The post 65-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ.- Ի ՆՊԱՍՏ ՔԵՄՓ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.