ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Օգոստոսի սկիզբէն ի վեր ծայր առած Ատրպէյճանական յարձակումները կասեցնելու հերթական յայտարարութիւններ կատարած են քոնկրէսականներ՝ Ճեքի Սփայըր, Թոնի Քարտենաս եւ Տէյվիտ Սիսիլին: “Անհրաժեշտ է դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ զինուորական յարձակումի աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքային անձերու եւ մինչեւ իսկ Հայաստանի մէջ գտնուող Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչներու դէմ արձակազէններու օգտագործումը: Հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, Արցախի հայ ժողովուրդը կրցած է ստեղծել ժողովրդավար հասարակութիւն, որ վեր կը դասէ խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը“, նշեց Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփայըր` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կանգնի Արցախի ժողովուրդին կողքին` կասեցնելու ազրպէյճանական ռազմատենչութիւնը:
“Թուիթըր“ (դայլայլիչ) ընկերային ցանցի իր էջին վրայ խաղաղութեան եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի դիւանագիտական լուծման յոյս յայտնած է Թոնի Քարտենաս: Իսկ Տէյվիտ Սիսիլին խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանցի արձակազէններու յարձակումները, նշած է, որ շարունակական բախումները միայն պիտի խաթարեն շրջանի հանգիստը եւ պիտի վտանգեն զինադադարի համաձայնագիրը:
The post ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.