Կիրակի, Օգոստոս 10-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումէն ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց թէ սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ պիտի չշարունակուին:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. “Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան իբրեւ հետեւանք հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող խնդիրները՝՝:
Նախագահ Սարգսեան աւելցնելով, ըսաւ.- “Մենք, ընդհանրապէս, կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի զինուորական լուծում գոյութիւն չունի: Եւ եթէ այդպէս է, խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով: Ուրեմն մենք միշտ, առանց ձեւականութիւններու, ինչպէս կ՛ըսեն` առանց նազ ծախելու, միշտ կը համաձայնինք հանդիպումներու, աւելին` բարձր մակարդակով հանդիպումներու, եւ այս դէպքն ալ բացառութիւն չէր: Մենք անմիջապէս արձագանգեցինք Ռուսիոյ նախագահի հրաւէրին հանդիպելու Սոչիի մէջ, եւ ինչպէս տեսաք, հանդիպումը տեղի ունեցաւ“:
Սարգսեան նշեց, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած սահմանային միջադէպերով Ատրպէյճան կը լուծէր քանի մը խնդիր, որոնցմէ ամէնէն գլխաւորն ու կարեւորն էր “միջազգային հանրութեան հասցնել այն գաղափարը, այն միտքը, որ պատերազմը չէ աւարտած, աւարտած է պատերազմի մէկ հանգրուանը, եւ պէտք է հիմա շատ արագ միջոցներու ձեռնարկուին, որպէսզի խնդիրը ստանայ իր վերջնական լուծումը“: “Մենք բոլորս ալ համոզուած ենք, որ ատիկա այդպէս է: Չէք կրնար հիմա ինծի յիշեցնել դէպք մը, որ իւրաքանչիւր կարեւոր հանդիպումէ առաջ կամ ետք միջադէպերու ուժգնութիւն չարձանագրուի: Իսկ այդպիսի կարեւորագոյն հանդիպում, անշուշտ, սկիզբէն իսկ կ՛ենթադրէր այդպիսի մօտեցում: …Այն նպատակը, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ունին, ատիկա, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ` “հայերուն աչքը վախցնելն է“:
Անոնք կ՛ուզէին ցոյց տալ ե՛ւ իրենց, ե՛ւ ուրիշներուն, որ իրենք ուժեղ են, իրենց զինեալ ուժերը մարտունակ են, եւ իրենք կրնան, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, “պատժել հայկական զինեալ ուժերը“: Ինչպէս տեսաք, այդ խաբկանքը զանոնք հասցուց ոչ բարենպաստ հանգրուանի: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր կարծր քաղաքականութիւնը երկրին մէջ, պատերազմը աւարտած չըլլալու հանգամանքը շահարկելով“, ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
“Ես չեմ կարծեր, որ դէպքերը նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակուին, որովհետեւ նախ դէպքերը ցոյց տուին, որ հայկական զինեալ ուժերը ամբողջովին կը տիրապետեն կացութեան, եւ ազրպէյճանցիներուն բոլոր փորձերը, անշուշտ, ձախողեցան, տեղ մը շատ աւելի արագ եւ կտրուկ, այլ տեղ մը որոշ կորուստներով: Ընդհանրապէս, ամէնէն արդիւնաւէտ մեքանիզմը, միջադէպերու կանխման, հետաքննութեան միջազգային մեքանիզմ ստեղծելն է: Եթէ մենք կարենանք այդպիսի մեքանիզմ ստեղծել, ես կը խորհիմ, որ ատիկա միջադէպերը կանխելու շատ լուրջ խթան կ՛ըլլայ, որովհետեւ նման մեքանիզմը կ՛ենթադրէ մեղաւորներու բացայայտում եւ անոր մասին հանրութիւնը, ներառեալ` միջազգային հանրութիւնը, տեղեակ պահելու հանգամանք: Այնպէս որ, մենք այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք“, յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Անդրադառնալով բանակցային հոլովոյթին` Սարգսեան ըսաւ թէ բանակցութիւնները կը վարուին Քազանեան փաստաթուղթին շուրջ, եւ ատիկա 2011 թուականի փաստաթուղթն է, որ Ատրպէյճանի նախագահը վերջին պահուն հրաժարեցաւ ստորագրելէ: Քազանեան փաստաթուղթը, ինչպէս յայտնի է, հիմնուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, եւ կ՛ենթադրէ խնդիրի լուծում երեք հիմնական սկզբունքներու, այն է` ուժի կամ անոր սպառնալիքի չօգտագործում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները:
Անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ խաղաղապահներու հաւանական տեղակայման մասին` Հայաստանի նախագահը ըսաւ, որ մատրիտեան սկզբունքները կ՛ենթադրեն կողմերու միջեւ սահմանի ամբողջ երկայնքին խաղաղապահներու տեղակայում: Քազանեան փաստաթուղթին մէջ եւս հաստատուած է այդ դրութիւնը, “Իսկ խաղաղապահ ուժերու կազմը, լիազօրութիւնները կ՛որոշուին մեծ համաձայնագիրին մէջ, որ պիտի հետեւի այս փաստաթուղթը ստորագրելուն:…Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործողութիւնները միշտ պայմանաւորուած կ՛ըլլան դիմող երկրի գործողութիւններով: Անշուշտ, կազմակերպութիւնը կրնար արձագանգել եւ կրնար ասիկա զուտ թեքնիք խնդիրներով պայմանաւորուած ըլլալ: Որքան ես տեղեակ եմ, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի այցելէ: Ասիկա արդէն վերաբերմունք է: Իսկապէս ես համոզուած եմ, որ անոր անհրաժեշտութիւնը չկար: Եթէ որեւէ մէկը կը մտածէ, որ եթէ կազմակերպութեան արձագանգէր, ազրպէյճանցիները անմիջապէս կը դադրեցնէին ոտնձգութիւնը, կը կարծեմ, որ ան կը սխալի“, յայտնեց Սարգսեան:
Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի Օգոստոս 7-ին գերի բռնուելուն եւ յաջորդ օրը մահանալու փաստին:
“Այդ մահը ազրպէյճանցիներու խիղճին վրայ է, եւ այդ մահուան պատասխանատուն, անշուշտ, անոնք են: Կիրակի այլ հարցով խօսակցութեան մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի ներկայութեան Ազրպէյճանի նախագահին ես ըսի, որ ամօթ է այդպիսի մարդիկ սպաննելը: Ան ըսաւ. “Մենք չենք սպաննած“: Ըսի` մարդը, 31 տարեկան տղան, ինչպէս ես տեղեկացուած եմ, ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ ինչո՞ւ պիտի անցնէր ձեր մօտ եւ մահանար: Ալիեւ ըսաւ. “Կրնայ ըլլալ, որ վախցած է, մահացած է“, պատմեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով. “Բայց մենք պէտք է զուսպ ըլլանք: Պատերազմը կատակ չէ, պատերազմը անլուրջ վերաբերմունք չ՛ընդունիր: Ես կը հասկնամ, որ անկարելի է բոլորը վերահսկել, ես կը հասկնամ, որ տարբեր հանգամանքներ կ՛ըլլան, եւ ատիկա չ՛արդարացներ ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները, բայց մեր սահմանամերձ բնակավայրերուն քաղաքացիները շատ լաւ պէտք է հասկնան, որ գործ ունին թշնամիի հետ. զայրացած, կատղած թշնամիի հետ“:
Իսկ անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ ընտրուած Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի` քանի մը օր առաջ հայերուն հասցէին կատարած վիրաւորական արտայայտութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց. “Ես կը կարծեմ` այստեղ ալ զարմանալի ոչինչ կայ: Կը կարծեմ, որ հայերուն համար ալ վիրաւորական պիտի ըլլար, եթէ յանկարծ պարզուէր, որ Էրտողան հայ է“:
***
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ նշեց թէ.-“Մենք կարելիութիւն ունեցանք խօսելու երկկողմ յարաբերութիւններու մասին ե՛ւ Հայաստանի նախագահին, ե՛ւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Երեկոյեան նաեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցանք:
Փութինի խօսքէն ետք Ալիեւ խօսք առնելով, ըսաւ.- “Ինչպէս մենք քննարկեցինք, այս հարցը կը պահանջէ իր լուծումը, անիկա չափազանց երկար ձգձգուեցաւ: Յոյսով եմ, որ ձեր անձնական մասնակցութիւնը այդ հոլովոյթին մէջ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ բանակցային հոլովոյթին: Ինչպէս դուք նշեցիք, արդէն գոյութիւն ունի բանակցութիւններու ձեւաչափը: Գոյութիւն ունի նաեւ տագնապներու լուծման իրաւական հիմք: Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է չորս բանաձեւ, որոնք կը պահանջեն անվերապահօրէն եւ անյապաղ Ազրպէյճանի տարածքէն հայկական բռնագրաւող ուժերու դուրս բերում: Ցաւօք, արդէն անցած է աւելի քան քսան տարի, այդ բանաձեւերը մնացած են թուղթի վրայ: Մինսքի խմբակը` ի դէմս իր համանախագահներուն, կ՛աշխատի, կը փորձէ մօտեցնել կողմերը, սակայն ատիկա այդքան ալ լաւ չ՛ընթանար: Ուստի ես կը գտնեմ, որ Ռուսիան` իբրեւ մեր մտերիմ բարեկամ, գործընկեր եւ դրացի, ունի, անշուշտ, իւրայատուկ դեր լուծման հոլովոյթին մէջ: Յոյսով ենք, որ մօտակայ ժամանակին բանակցութիւններու ուղիով, խաղաղ ճամբով մենք պիտի գտնենք լուծում, որ պիտի համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ պիտի համապատասխանէ արդարութեան“:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, անդրադառնալով Ալիեւի խօսքերուն, ըսաւ.- ՝՝Մենք կը նկատենք, որ իրապէս, հարցը կարելի է լուծել, պէտք է լուծել փոխզիջումի այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք առաջարկած են մեզի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Ատրպէյճանական կողմը մշտապէս կը վկայակոչէ Մ.Ա.Կ.-ի չորս բանաձեւերը, սակայն այսպիսի հռետորական հարց պարոն Ալիեւին` այդ բանաձեւերէն ո՞ր կէտը կատարած է Ատրպէյճանը:

՝՝Ճիշդ է, որ միշտ ըսած ենք, թէ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցութիւններու բոլոր հանգրուաններուն մասնակցութեան կարելի պիտի չըլլայ լուծել տագնապը, սակայն նման հանդիպումները մեզի համար կը մնան կարեւոր:…. Ատրպէյճանի մէջ կան զանազան փոքրամասնութիւններ, որոնք կը փորձեն անջատուիլ Ատրպէյճանէն, ասոնց վրայ կ՛աւելնայ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նոր նախարարը, որ կը փորձէ տարբեր ձեւերով ազդեցութիւն ձգել սահմանագիծին վրայ: Պաքուն նոր մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուի, այսինքն` Ուքրայինայի դէպքերը հաւանաբար կրկնուին Ատրպէյճանի մէջ եւ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, այդ պատճառով ալ Ատրպէյճանով հետաքրքրուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, որովհետեւ ժողովուրդը այնքան մը թալանուած է իր իշխանութեան կողմէ, բայց միենոյն ժամանակ հայատեացութիւնը կը մնայ իշխանութիւններուն հիմնական զէնքը, հայութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Ատրպէյճանի մեծագոյն թշնամին, հետեւաբար ինչ որ իշխանութիւնները կը փորձեն ընել, հրահրելն է թշնամական մթնոլորտը իրենց ժողովուրդին մէջ, որպէսզի մարդիկ իշխանափոխութեան եւ այլ հարցերով զբաղելու առիթ չունենան եւ իշխանութիւնները թոյլ չտան, որ ներքին պառակտումներ տեղի ունենան Ատրպէյճանի մէջ՝՝, կը յայտնէ Արցախի նախագահական պալատի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան:
Այդ բանաձեւերուն կէտերը գործադրած է միայն Հայաստանը, որ օգտագործած է իր ազդեցութիւնը, որպէսզի դադրեցուին զինուորական գործողութիւնները: Եթէ մենք վերադառնանք 90-ական թուականներու սկիզբներու իրադարձութիւններուն, ապա ես կը կարծեմ, որ մէկ կողմէ լաւ պիտի ըլլայ, միւս կողմէ ալ կրնայ որոշ տեղ ձգձգուիլ: Լաւ պիտի ըլլայ այն առումով, որ մենք այն ժամանակ եկանք այն եզրակացութեան, որ ղարաբաղեան հարցը զինուորական լուծում չունի, իսկ եթէ մենք նորէն մեղադրենք զիրար, ես կը կարծեմ, որ բաւական երկար ժամանակ այդ հարցը պիտի չլուծուի: Ես շնորհակալ եմ ձեզի, որ դուք տրամադրուած էք հարցին լուծման, եւ այդ հարցին լուծումը կը բխի Հայաստանի ազգային շահերէն“:
Հանդիպման աւարտին Փութին եզրակացուց.- “…Պէտք է, այնուամենայնիւ, մեկնելով անկէ, որ հակամարտային իրավիճակը ձեւաւորուած է շատոնց, մեզի հասած է անցեալէն, մեզի հասած է, կարելի է ըսել եւ պէտք է ըսել, իբրեւ Խորհրդային Միութեան ժառանգութիւն, եւ մենք պէտք է դրսեւորենք համբերատարութիւն, խոհեմութիւն, յարգանք իրարու նկատմամբ, որպէսզի այդ լուծումը գտնենք: Անկասկած, իւրաքանչիւր բարդ իրավիճակ կրնայ լուծուիլ, եթէ կայ բարի կամքի դրսեւորում: Ես կը կարծեմ, որ այդպիսի բարի կամք ե՛ւ ատրպէյճանցի ժողովուրդին, ե՛ւ հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի“:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Նոյեմբեր 19, 2013-ին Վիեննայի մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ:
ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փութին – Սարգսեան – Ալիեւ տեսակցութեան կողքին, նաեւ կատարուեցան երկկողմանի հանդիպումներ՝ Փութին – Սարգսեան եւ Փութին – Ալիեւ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներուն ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Երկու նախագահները մասնաւորաբար անդրադարձած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու, մասնաւորաբար` Արցախեան հարցի խաղաղ լուծման խնդիրին:
“Կարիք չկայ բնութագրելու հայ-ռուսական յարաբերութիւնները. անոնք կը կրեն բացառապէս բարեկամական, ռազմավարական բնոյթ, որուն մասին կը խօսին նաեւ Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու Հայաստանի, Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին որոշումները: Աշխատանք կը տարուի, եւ ես պիտի փափաքէի ձեզ տեղեկացնել այն մասին, թէ այդ ուղղութեամբ ներկայ պահուս անիկա ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն անշուշտ, մենք նաեւ երկկողմ օրակարգի շատ հարցեր ունինք, որոնց մասին մենք այսօր, անկասկած, պիտի խօսինք, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ կան աւելի մանրամասն քննարկելու լուծման հետ կապուած հարցերը՝՝, ըսաւ Փութին:
Ալիեւի հետ, տեսակցութեան առթիւ, Փութին ըսաւ.- “Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան` աճման կարգով: Մենք պարբերաբար կը պահպանենք կապերը մեր մակարդակով, կառավարութիւններու մակարդակով, կը զարգանան տնտեսական, մարդասիրական կապերը եւ այն, ինչ որ երբեք չէ եղած, աշխուժօրէն կը համագործակցինք կարգ մը այլ ուղղութիւններով: Ատիկա վստահութեան մասնիկ է, որ անընդհատ երկկողմ կապերուն մէջ կ՛ամրապնդուի“:
Ալիեւ իր կարգին նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ կը ձեւաւորուի կայուն բազմամեայ դրական շարժում: “Մենք Ռուսաստանի կը նայինք իբրեւ միջազգային ասպարէզին մէջ մեր հիմնական գործընկերներէն մէկը: Մենք վճռորոշ կերպով տրամադրուած ենք` համագործակցութեան կարողականութիւնը աւելցնելու հարցին մէջ“, ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահը:
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Արցախի տագնապը խոչընդոտ պիտի չհանդիսանայ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան:
“Հայաստանը Մաքսային միութիւն կը մտնէ` իբրեւ Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որեւէ կապ չունի անոր անդամակցութեան հետ, որուն մասին բազմիցս յայտարարած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը“, շեշտեց Լաւրով:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՍՈՉԻԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ ողջունած է Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երկկողմ հանդիպումը:
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հրապարակած յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. “Հետեւելով հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերուն, այս հանդիպումները դրական են երկխօսութեան վերսկսման առումով“:
Եակլանտ կոչ ուղղած է` ձեռնարկելու բոլոր կարելի ջանքերուն զոհերու պատճառ դարձած բռնութեան վերջ տալու համար եւ ցաւակցած է զոհերու հարազատներուն:
The post ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԹԷ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԸ ՆՈՅՆ ԹԱՓՈՎ ՊԻՏԻ ՉՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.