Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՊԱ՛ՀՆ Է ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՍԻՐԵԼԻ ՄԱէՍԹՐՕ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆԴ ԱՌՋԵՒ

$
0
0

p15 sebouhapkarianՊայծիկ Արապեան Գալայճեան

Գրիչը կ’ըմբոստանայ արձանագրելու համար մահը այս թանկարժէք կեանքին, որ յիրաւի սրբութիւն է իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի համար: Հրաժեշտի արարողութիւնը որ պիտի կատարուի այս օրերս, հանդէպ կուռքի մը ընծայաբերումն է: Կուռքը մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանն է: Ազգը իր ամէն հատուածներով զայն կը պաշտէ: Այդ պաշտումին ան տիրացած է իր անժխտելի արժանիքներով, բազում շնորհներով ու տաղանդով, լրջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ:
Արդարեւ,կեանքը “Մաէսթրօ“ Աբգարեանին, որուն մէջէն կը գունարձակէին բարիին, ճշմարիտին, գեղեցիկին բոլոր երփներփումները: Մաքրամաքուր մտաւորականին՝ սիրտն էր քնար, միտքը՝ մատեան, եւ հոգին՝ շունչ հմայող: Միսէ ու ոսկորէ շինուած կուռք մը՝ զոր կը պաշտէր ազգը համովին: Վկա՛յ, աշխարհի չորս ծագերուն հաստատակամ քայլող քառաւանը այն սերունդներուն, որոնք իր ազնուական հոգիով դաստիարակուեցան ու կոփուեցան:
Հայ իրականութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ է, տեսնել անհատ մը, որ համակրանքն ու պատկառանքը շահած ըլլայ բոլոր հատուածներուն: Բոլոր սէրերն ու մեծարանքները միայն իրեն է որ կը վայելէին: Մեծարանքի հանդիսութիւններ չէր տենջար ան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուսանողի յաջողութիւն իրեն համար կրծքին դրօշմուած պատուանշան էր: Ան որպէս իտէալ արուեստի ուսուցիչ, ոգեղէն դաստիարակ, իր կախարդական ճիպոտով դասական ու ազգային երգերով դաստիարակող խմբավար, իր սաները կը դիմաւորէր միշտ իր անկեղծ անձնուիրութեանը մէջ: Պատանեկութեան օրերէն մեզի հասնող անուշ տիպար, որուն վրայ շնորհը կը փայլէր եւ որուն ամբողջ էութիւնը պատկառանք ու սէր, ժպիտ ու հիւմոր էր: Տիտանական անհատականութիւն՝ որ անվարան յարգանք կը պարտադրէր իւրաքանչիւր անձէ:
Համակ կեանք մը ան ապրեցաւ ազնիւ արուեստով եւ այդ ոգին այնքան ամրակուռ կերպով սերմանեց իր ուսանողներուն մէջ, որ անոնցմէ ոչ ոք կրնայ ընկրկիլ խաբուսիկ “արուեստ“ներուն դիմաց: Եղաւ իմաստասէր, ընկերաբան, դաստիարակ, ուսուցիչ, բեմբասաց, խօսնակ, մարզասէր եւ այդ ամէնուն մէջ նկրտեցաւ միշտ դէպի վեր, եւ “իր հետ ուրիշներն ալ բարձրացուց, մինչեւ գագաթն առփաւէտ“: Ու եղաւ այդպէ՛ս, ամէն բանի մէջ, մի՛շտ դէպի վեր…:
Հակառակ իր խրոխտ կեցուածքին, երբեք չուզեց վերէն նայիլ, այլ ընդհակառակը՝ խոնարհեցաւ դէպի անկարը եւ կարողութիւն շնորհեց, տգէտին՝ զարգանալու ճամբան ցոյց տուաւ, ապառողջին՝ դէպի առողջ կեանք առաջնորդեց, գեղեցիկ արեւմահայերէնով բառբարել սորվեցուց եւ այսպէս իր մտքէն ու սիրտէն տուաւ բոլորին, որոնք արժանավայել կերպով կը խոնարհին իրենց ՄԵԾ դաստիարակին առջեւ:
Ժպիտն ու հիւմորը որ կը յատկանշէր զինքը՝ սրամիտ էր ու տեղին: Մելգոնեանի գրասեղաններէն, մարզադաշտերէն, երգչախումբի սրահներէն, գրասէրի ու երաժշտասէրի ամէն ուրբաթօրեայ երեկոներէն ցայսօր արձագանգներ կը ցոլարձակեն մեր հոգիներուն մէջ, որոնց ջերմութիւնը արձագանգ գտած են նաեւ անկախ Հայրենիքին մէջ, շնորհիւ ԳՈՀԱՐ համոյթի ստեղծագործումին: Հպարտացաւ “Իր Նոր Երեւանով“, վերապրեցաւ ու փիւնիկի նման մոխիրներուն ընդմէջէն իրմով վեր յառնեց Գիւմրին, իրեն յատուկ հիւմորով ողջունեց “Լաչինի անցք“ն ու Արցախ աշխարհի բարգաւաճումը… իսկ անդին՝ անխնայ ու արժանի կերպով խարազանեց ազգին մակաբոյծներն ու դասալիքները, ազգին կալուածները ծախու հանողներն ու անոնց սատար հանդիսացողները:

Մաէսթրօ Աբգարեանը հրաշալի խառնուրդն էր ազնուական ու վեհ իտէալներուն: Ահա թէ ինչպէս ան ընդելուզուեցաւ ԳՈՀԱՐ համոյթի գաղափարախօսութեան, բախտաւորութիւնն ալ ունեցաւ արժանի տեղը գտնելու հայ միտքի ու արուեստի բնութեան այդ վեհանձն շնորհին: Պատկառազդու ու պերճ արտաքինով, փառք ու պատիւի լուսարձակներէն հեռու մնալով, խորասուզուեցաւ իր արուեստագէտի հոգիին մէջ, հաւատալով որ այ՛դ է միայն հայու հոգին: Մելգոնեանը իր հոգին թրծեց արուեստի աշխարհով, Մելգոնեանին մէջ ան սերմանեց արուեստի հունտեր, որոնց ծլարձակումն ու ծաղկունքը խոր գոհունակութիւն պարգեւեցին իրեն: Իսկ ԳՈՀԱՐ-ով՝ ան կատարեց հաշուեյարդարը իր արուեստի աշխարհին, հայ երգի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ շիկացած արեւին ճարճատիւնը ունկնդրեց ազնիւ հայու հպարտութեամբ, ծունր դրաւ հայ երգի ու արուեստի խորանին մօտ, ու գոհունակ երջանկութեամբ ապրեցաւ գերագոյն վերացումի պահեր իր անձկութեան մէջ իսկ, ու տիեզերք մը ամբողջ տարածեց Ա.Բ.Գ-ի խորհուրդը, անաղարտ հայ երգն ու հարուստ մշակոյթը:
Սեպուհ Աբգարեան մաէսթրոյին հոգին յատկանշող ամէնէն հզօր ճիչն է այս: Եւ ճիչը իր արձագանգը ունի ամէնուս սրտին մէջ, որ հպարտութեամբ կը խոնարհինք իր մեծութեան առջեւ:

The post ՊԱ՛ՀՆ Է ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՍԻՐԵԼԻ ՄԱէՍԹՐՕ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆԴ ԱՌՋԵՒ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles