Image may be NSFW.
Clik here to view. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Ապրիլ 2014-ի բացառիկ
Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք, վերջերս լոյս տեսած Վրէժ Արմէնի “Իմ ուղեպատումը“ հատորին եզրափակիչ հատուածը: Խորագիրը աւելցուած է հեղինակին կողմէ.-
Եւ վերջապէս, ե՞րբ, ե՞րբ դուն դո՛ւրս պիտի գաս, Մհեր…
Ահա դարերէ ի վեր դուն քեզ բանտարկեր ես Սասնայ բարձրիկ լեռներու այդ խո՜ր քա-րայրին մէջ, ու կը սպասես համբերութեամբ, կը սպասես, որ աշխարհ փլի եւ վերստին կա-ռուցուի, կը սպասես, որ հողը ամո’ւր ըլլայ հրեղէն ձիուդ՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակներուն տակ: Ու մենք, առանց յուսահատելու քեզ կը սնուցենք, որ դիմանաս, եւ երբ արդար կար-գեր տիրեն ի վերայ այս աշխարհի, գաս ու վերստին տիրութիւն ընես հողերուդ եւ ժողո-վուրդիդ: Մհե’ր…
Արդե՞օք կը մօտենայ դուրս գալու պահդ… Արդե՞օք հին աշխարհի մը փլուզման եւ նորի մը կերտումի անցման ժամանակները հասանք, ու վկաները պիտի հանդիսանանք մեծ յեղափոխութեան…
Փլա՜ւ Պերլինի պատը:
Ինքն իր վրայ ինկա՜ւ Խորհրդային Միութիւնը:
Ու մեր աչքերուն առջեւ կը ճարճատի՜ Նոր Հռոմը, սեփական փառքի գագաթնակէտին հասած:
Արդեօ՞ք…
Արդեօ՞ք մարդկութիւնը խելքի կու գայ եւ կþանդրադառնայ, որ բան մը պէտք է փոխ-ուի…
Ու փոխուի այնպէս, որ ոչ ոք ինքզինք դուրս մնացած զգայ Երկիր կոչուած այս տիեզե-րանաւէն:
Փոխուի, այն հասկացողութեամբ, որ ապրելու իրաւունքը բոլորինն է, մարդավայե՛լ ապրելու, առանց որ որեւէ հաւաքականութիւն ուրիշին զլանայ այն իրաւունքները, որ իրեն վերապահուած կը դաւանի, առանց որ ոեւէ անհատ կամ անհատներու որեւէ խումբ, որ-քան ալ մեծ ըլլայ ան՝ ուրիշ ոեւէ անհատի կամ անհատներու որեւէ խումբի ի’ր կամքը պարտադրելու, ի’ր ուզած ապրելակերպը ստիպելու իրաւունք ունենայ, եւ միայն, միայն, միա՛յն հաւաքաբար ու բոլորին հաւասար մասնակցութեա՛մբ տրուած որոշումները ըլլան պարտադիր, բոլորի’ն պարտադիր:
Փոխուի, այն գիտակցութեամբ, որ բոլորս, անխտիր բոլորս, նոյն Եւային սերունդներն ենք, եւ թէ օժտուած ենք նոյն կարողութիւններով, նոյն առաւելութիւններով ու նոյն թերու-թիւններով, եւ թէ բոլորս կը վայելենք հաւասար իրաւունքներ:
Հակառակ արձանագրուող բոլոր յաջողութիւններուն եւ իրականացող յառաջդիմու-թիւններուն՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ար-ուեստներու եւ այլ մարզերու մէջ, աշխարհի վրայ տակաւին շամբերու օրէնքն է որ կը տի-րապետէ յաճախ, եւ “իրաւունքը՝ զօրաւորին“ սկզբունքն է, որ կը կիրարկուի, նոյն այն ըն-կերութիւններուն կամ հաւաքականութիւններուն կողմէ, որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի հանգամանքով կը յաւակնին ճանչցուիլ:
Մինչ Ասիոյ, Ափրիկէի, Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներու եւ նախկին Խորհրդային Միութեան նորազատ երկիրներու ժողովուրդներու ժողովրդավարական կար-գավիճակները կը դրուին լուսարձակի տակ, եւ այդ ժողովուրդները կþենթարկուին քննու-թեան, պարսաւանքի կամ բարոյախօսակա՜ն քարոզներու տարափի, մենք կը տեսնենք ինչպէս փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, շահամոլութիւնը, ագահութիւնը եւ մարդկա-յին բարոյականութեան այլ ախտեր տակաւին կը վարակեն նոյն այդ դասերը տուող եւ ինքզինք ժողովրդավա՜ր դաւանող երկիրներու ղեկավար խաւերը:
“Մհեր կþըսէ.- Աշխարհը չար է տակաւին,
Աշխարհք փոխուեր է, մարդիկ մանրացեր են.
Ես եթէ ելնեմ, դուրս գամ,
Այդ հողն ինծի չի վերցներ:
Աղէկ է որ ես հոս մնամ իմ տեղ,
Մինչեւ կորեկը մեծնայ ինչպէս մասուր,
Մինչեւ գարին ըլլայ ինչպէս սալոր:
Հողն ամրանայ իմ ոտքին տակ,
Ես նոր կþելնեմ քարէն դուրս“:*
Կը սպասէ Մհեր՝ դուրս գալու համար Ագռաւաքարէն…
Մենք ալ կը սպասենք ի՛ր դուրս գալուն։
* Կ. Սասունի, “Սասունցի Դաւիթ“, Պէյրութ, 1947