Image may be NSFW.
Clik here to view. Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Ապրիլ 2014-ի բացառիկ
Հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ազգային օրակարգներու կարեւորագոյններէն մէկը: Այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը երեք համասփիւռքեան կրթական համագումարներ կազմակերպած էր, վերջինը 2011-ին, ուր յստակ առաջադրանքներ ընդգծուած են: Դաստիարակներ ու մտաւորականներ, պարբերաբար մեր բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնեն այս հարցի կարեւորութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ լեզուի եւ հայկական վարժարաններու մասին ախտաճանաչումներ կը կատարեն: Նկատելին այն է սակայն թէ` հայեցի դաստիարակութեան լուծման պատկերացումները եւ առաջադրանքներու առանցքն ու ծիրը հիմնականօրէն եղած են հայ դպրոցի կարեւորութիւնը, ուսուցչական մարդուժի պակասը եւ արեւմտահայերէնի նահանջը: Դպրոցներէ դուրս հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու քննարկումը լուսանցքային խօսակցութեան նիւթ է միայն:
2013 ին Կիլիլիոյ թեմի Արեւմտեան Ա.Մ.Ն. Ազգային Առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար:
Դեկտեմբեր 2013ին Լիզպոնի “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին Հնգամեայ Ծրագիրը հրատարակուեցաւ “որու առաջնահերթութեան առաջին բնագաւառն է զարկ տալ հայերէնի ու հայ մշակոյթի պահպանումին եւ Սփիւռքի զարգացումին` իրարու կամրջելով սփիւռքի տարբեր հատուածները եւ ոյժերը ներդնելով կրթութեան ոլորտին մէջ“: Մի քանի ամիս առաջ “Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մեր կառոյցներու առաքելութիւնը“ (Վիգէն Թիւֆէնքեան – ՝՝Հորիզոն՝՝) խորագրով յօդուածը քննարկումի տակ առաւ այս նիւթը: Նաեւ շատ հետաքրքրական նամականի- զրոյցի մը առիթ տրուեցաւ ՝՝Ազդակ՝՝ի էջերէն, արեւմտեան աշխարհի մէջ հայերէն լեզուի գործածութեան գծով : Օգտակար էր նաեւ լսել UCLA-ARPA Institute ի նոր դաստիրակչական Մկնիկ փորձառական օրինակը եւ “ Մշակութային Ինքնութիւն եւ Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ“ նիւթով կազմակերպուած համագումարի ընթացքին արտայայտնուած տեսակէտները:
Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան մտահոգութիններու գործնական մօտեցումը կը պահանջէ երկու հարցերու վրայ կեդրոնացում – Ինչպէ՞ս նոր դաստիարակ- ուսուցիչներ պատրաստել , եւ ինչպէ՞ս աւելի մեծ թիւով մանուկ-պատանիներ դաստիարակել: Առաջին հարցը թէեւ շատ էական, այս յօդուածի ծիրէն դուրս է: Երկրորդ կէտը այս յօդուածի խթանն է, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը միայն հայ վարժարան յաճախելով պէտք չէ որ սահմանուի, այլ պէտք է ներարէ դպրոցի պատերէն դուրս դաստիարակութիւնը:
Հայեցի դաստիարակութիւնը ունի երկու տարբեր բայց իրարու լրացուցիչ երեսներ, դպրոցական եւ արտա-դպրոցական, վերջինի դերը միշտ նուազ գնահատուած: Տրուած ըլլալով որ Հ.Մ.Ը.Մ. գործօն ձեւով այս հարցի համար լուծումներ քննելու աշխատանքին մէջ է, այս յօդուածով կ՛ուզեմ արտա- դպրոցական հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ընդգծել եւ ապա բացատրութիւններ տալ այն ինչ կը վերաբերի Հ.Մ.Ը.Մ. ի, իր արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւններով, հայեցի դաստիարակութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան:
Ինչո՞ւ Արծարծել Այս Նիւթը
Շատերու համար սփիւռքի մէջ հայ ինքնութիւն պահելը անհեթեթ եւ ի զուր է: Այդ մտածելակերպով անձերը կրնան կասեցնել այս յօդուածի ընթերցումը: Այս յօդուածով, Հայաստանի հանրապետութեան թէ ոչ սփիւռքի հզօրացումի առաջնահերթութեան հարցը չէ որ կը քննարկուի: Կասկած չկայ որ թէ՛ ներկայիս եւ թէ՛ ապագային, իսկական առաջնահերթութիւնը Հայաստանի իրավիճակի բարելաւումն ու հզօրացումն է: Սակայն սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան ամրապնդումը, նոյնիսկ եթէ էականօրէն միայն երկու սերունդի համար, իմաստալից նպատակէտ է եւ իր ուղակի եւ անուղակի օգտակարութիւնը ունի Հայաստանի ներկայ եւ ապագայ իրավիճակի բարելաւման :
Ուրեմն, հարցը կը վերաբերի Հայաստանէն դուրս, ի մասնաւորի արեւմտեան սփիւռքի մէջ, հայ ինքնութիւնը պահելու եւ հայ ոգի մշակելու անհրաժեշտութեան :
Առաւել պէտք է յստակացնել թէ , Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը կամ կարեւորութիւնը չէ որ քննարկումի կը կարօտի, այլ լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար ռազմավարութեան մը եւ ուղեգծի մշակումը : Կարեւոր է այդ դաստիարակութիւնը յաջողցնելու գործնական զանազան միջոցները յայտնաբերել, դերակատար կառոյցներու պարտականութեան ծիրը սահմանել եւ եթէ կարելի է, աշխատանքային ուղեգիծ մը մշակել :
Ի՞նչ կը Նշանակէ Հայեցի Դաստիարակութիւն
Դասական իմաստով, հայեցի դաստիարակութիւնը կ»ենթադրէ որ անհատը.-
գ “հմուտ ըլլայ հայերէն լեզուին,
գ քաջատեղեակ` հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու անոր պատմութեան,
գ լայնօրէն ծանօթ` հայկական մշակոյթին,
գ իրազեկ` հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին ու այսօրուան խնդիրներուն
գ եւ վերջապէս, հաւատացող ու յանձնառու` հայութեան ապագայի երազներուն եւ Հայաստանի նպատակներուն“4:
Սակայն, դասական այս մօտեցումը պէտք է փոխարինել նորարար մօտեցումով մը: Հայեցի դաստիարակութիւն յղացքին աւելի այժմէական սահմանումը, հայկականութիւնը անձի մը գիտակցութեան մէջ թարփնելու անհրաժեշտութիւնն է , հայերէն լեզուի գիտութեան զուգահեռ թէ՛ գիտակցուած եւ թէ՛ հոգեբանական մտածողութիւնն է, այսինքն` հայ ըլլալու իրողութեան հետ հաշտ եւ հպարտ ըլլալն է: “Ան կը նշանակէ հայկական արեւելում ունեցող կրթութիւն, որ կը կառավարէ անհատին մտածողութիւնը, հարցերու մօտեցումը, առաջնահերթութիւններու եւ կեցուածքներու ճշդումը“4 :
Հայեցի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ է սահմանել հետեւեալ երեք բաղադրիչներով:
1. Առաջին կարգին` հայ ըլլալու գիտակցուած եւ հոգեբանական մտածողութիւն, այն ինչ որ պիտի կոչեմ հայկական ոգիի կերտում
2. Երկրորդ` հայ լեզուի, մշակոյթի եւ գրականութեան գիտելիքներու ուսուցում յառաջացնելու “հմուտ“, “քաջատեղեակ“ եւ “լայնօրէն ծանօթ հայ մշակոյթին“ հայը
3. Երրորդ` հայերէնագիտութիւն, իր երկու բաժիններով` հայախօսութիւն եւ կարդալու ու գրելու կարողութիւն :
Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԻ եւ ՀԱՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
Անցեալին, հայեցի դաստիարակութիւն կ՚ենթադրէր անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ: Պատմականօրէն հայ դպրոցը եղած է հայ ուսման դարբնոցը: : Ներկայիս ալ շատերու տեսակէտը , մանաւանդ այս հարցով մտահոգ անձերու հաստատումը եւ դասական արտայայտութիւնը, ընդհանրապէս այն է` որ այսօր սփիւռքը վտանգուած է, որ մեծագոյն վտանգը լեզուին կորուստն է, որուն պահպանման համար անընդունելիօրէն ցուցաբերուած է թափթփած մօտեցում: Ընդհանուր տեսակէտը այն է թէ` առանց լեզուին եւ անով ստացուող ժառանգութեան ազգային դիմագիծ չի կազմուիր,երկու միջոց` դպրոց եւ գիրք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել, եւ որ կարեւոր են սփիւռք(ներ)ու մէջ բարձրորակ հայկական վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը` միշտ նպատակ ունենալով, որ մէկ հատիկ հայ տղայ պիտի չյաճախէ օտար վարժարան:
Բնական է որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններու բազմացումը հսկայական ձեւով պիտի օգնէ ազգային դիմագիծի պահպանման, բայց այս օրերուս սփիւռքի հայ համայնքներու իրավիճակը նոյնը չէ: Իրողութիւնը այն է թէ ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿՈՍԸ 5% է: Հայ կազմակերպութիւններու մէջ մասնակցութեան տոկոսը ոչ աւելի քան 10%:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ 5%
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ 50%
ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿՈՍ 10%
ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՈՒԹԻ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ՏՈԿՈՍ 3%
Վերեւի տախտակը կը բացատրէ այսօրուայ իրողութիւնը, որու հիման վրայ սփիւռքի ներկայ (եւ ապագայ) սերունդներու մեծամասնութեան համար հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական ուսուցումը գործնականօրէն կիրարկելի չէ: Այո կարեւոր են սփիւռք(ներ)ու մէջ բարձրորակ հայկական վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը, բայց այն առաջադրանքը որ “մէկ հատիկ հայ տղայ չյաճախէ օտար վարժարան“ գործնական ռազմավարութիւն ըլլալ չի թուիր: Այդ առաջադրանքը գործադրելու համար ոչ նիւթականը ոչ ալ մարդուժի պահանջքը կարելի պիտի ըլլայ հայթայթել: Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ դաստիարակութիւնը տալու միջոցներուն, հայ վարժարաններու կատարած անցեալի ազդեցութիւնը կարելի չէ վերականգնել: Տեղին է անգամ մը եւս նշել թէ բոլորովին այլ հարց է ուսուցիչ-դաստիարակ պատրաստելու եւ հետեւաբար հայագիտական հիմնարկ հաստատելու հարցը):
Հարցերը եթէ խորապէս եւ իրապաշտութեամբ քննենք պիտի ընդունինք, որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ : Աւելին, պէտք է ընդգծել որ արեւմտեան սփիւռքի տուներուն մէջ հայերէնը որպէս խօսակցական լեզու գործածելը, առաւեաբար երկրորդ լեզու է քան մայր լեզու, իսկ հայերէն խօսող, կարդացող եւ գրողը այլեւս հազուագիւտ է :
Պէտք է ուրեմն ընդունիլ եւ հաստատել որ հայեցի դաստիարակութեան առողջ քաղաքականութիւնը զիրար ամբողաջցնող երկու երեսներ ունի: Լաւագոյնը հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական ուսուցումն է իսկ գործնականը` առաջինին կողքին արտա-դպրոցական հայկական ոգիի մշակումը եւ կերտումը: Հայ մարդը կրնայ հմուտ հայախօս ըլլալ, բայց լաւ հայ չըլլալ: Կրնայ նաեւ հայերէն չգիտնալ բայց շատ լաւ հայ ըլլալ: Իտէալը` երկուքին համադրութիւնը ունենալն է, բայց երբ իտէալը կերտելու անկարելիութեան դիմաց ենք, հայերէնի հմտութեան անկումը պէտք է փոխարինենք գիտակցուած հայկականութեան աճով : Ուրեմն սորվեցնենք հայերէնը հայ դպրոցներու միջոցաւ, բայց ընդունինք որ հայ գաղութներու լայն խաւի մը համար առաջնահերթ եւ կարեւոր է գիտակցուած հայկականութեամբ ապրելու պահանջքը, առանց անպայման հայերէնի մէջ հմուտ ըլլալու: Image may be NSFW.
Clik here to view.Այսօր բազմաթիւ են օրինակները հզօր ազգային ոգիով եւ դիմագիծով այն նուիրեալ հայերուն, որոնք հայախօս չեն, հայ վարժարան չեն յաճախած, բայց հպարտ եւ յանձնառու հայեր են: Եթէ շարունակենք անտեսել սփիւռքի ոչ հայախօս բայց նոյնչափ ազգասէր փաղանգը, եթէ անտեսենք տեղական կենսաձեւին համարկուած հայ պատանիները, եթէ զանոնք միայն քննադատենք եւ զիրենք կոչենք գունաթափ կամ անտարբեր, սակայն շարունակենք “պայքար“ խրատել առանց լուծումներ առաջարկելու, այդ պարագային ոչ մէկ յառաջդիմութիւն չպիտի արձանագրենք:
Ուրեմն պէտք է ծրագրուած կերպով հայեցի դաստիարակութեան միջոցները զարգացնել եւ մտածել հինգ առ հարիւրէն անդին, դպրոցական գրասեղաններէն անդին երթալով : Այլ խօսքով` արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւնները պէտք է բազմանան եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ ունենան աւելի յստակ ռազմավարական դերակատարութիւն, արժեւորումի եւ արդիւնքներու վրայ հիմնուած մշակոյթով, ինչ որ կը նշանակէ մտածելակերպի եւ աշխատանքային ձեւերու բարեփոխութիւն ` մանաւանդ մարդուժի եւ նիւթականի առընչութեամբ :
Ո՞վ Պիտի Զբաղի Հայեցի Դաստիարակութեամբ
Սփիւռքի մէջ ինչպէ՞ս կրնայ նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ հոգիով հայ մնալ: Ո՞վ պէտք է ստանձնէ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն տալու պարտականութիւնը : Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ապագային ալ` ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, հաւաքաբար: Այդ պիտի կատարուի հայկական վարժարաններու մէջ` ուսման գիտելիքներու ճամբով, արտադպրոցական` ձեռնարկներով, կազմակերպութիւններու ճամբով եւ ակմբային կեանքի նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ մամուլով ու եկեղեցական կեանքի նախաձեռնութիւններով: “Առարկայական գիտելիքները պիտի ամրապնդուին ենթակայական միջոցներով, ընտանիքէն ներս, անհատական հարցերէն անդին` հաւաքական կեանքի մասին խօսակցութեամբ, ազգային տօներու նշումով եւ աւանդութիւններու պահպանման ճամբով“:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հայ լեզուի իւրացումը, նոյնիսկ անոնց համար որոնք հայ վարժարան կը յաճախեն, չի կրնար սահմանափակուիր դպրոցով: Լեզուի մը իւրացումը նոյնչափ եւ աւելիով կը պահանջէ դպրոցի միջավայրէն դուրս, մասնաւորապէս տան մէջ, յաճախակի գործածութեան: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը հայախօսութեան հիմնաքարն է բայց իրականութիւնը այն է որ արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ, ծնողներու ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան նպաստող այս էական գործին առնչուած, շատ նուազած է: Տակաւին կան նուիրեալ ծնողներ որոնք կարողացած են հայերէն լեզուն սիրելի դարձնել իրենց զաւակներուն եւ տան մէջ հայերէնը գործածել որպէս առաջին լեզու: Դժբաղդաբար սակայն մեծամասնութիւնը տեղի տուած է : Ուրեմն հայ հասարակութեան մեծամասնութեան համար հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայախօսութեան ուսուցումը կ՛իյնայ դպրոցներու եւ այլ կառոյցներու ուսերուն: Ինչպէս արդէն հաստատուեցաւ, հայ վարժարաններու կատարած անգին աշխատանքը դժբաղդաբար վերապահուած է աշակերտական տարիքի սերունդին փոքր համեմատութեան: Մնացեալի հայեցի դաստիրակութեան պատասխանատւութիւնը ինկած է արտա-դպրոցական կառոյցներու ուսին, որոնք սակայն կարծէք անգիտակից են այդ պարտականութեան, ազգային մակարդակով հայեցի դաստիարակութեան ռազմավարութեան մը չգոյութեան պատճառաւ :
Որո՞նք են այդ արտա-դպրոցական կառոյցները: Հայաստանի անկախութենէն ասդին մեր գաղութներու մէջ ի յայտ եկան զանազան նոր անհատական նախաձեռնութիւններ, երբեմն նոր կառոյցներ: Այս նոր կառոյցները բարեսիրական կարեւոր օժանդակութիւն կուտան հայրենիքին եւ առիթ կ՛ընծայեն սփիւռքէն որոշ թիւով երիտասարդներու որ Հայաստան այցելեն, բայց այս նախաձեռնութիւններու հետաքրքրութիւնները այնպէս ինչպէս որ իրենց կողմէ սահմանուած են, լեզուի պահպանումի հետ առնչուած չեն: Նաեւ, այս նոր նախաձեռնութիւններու մասնակից երիտասարդներու թիւը տակաւին փոքրամասնութիւն է : Բարձր գնահատելով հանդերձ այդ նախաձեռնութիւնները, երբ կը խօսինք արտա-դպրոցական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միջոցներու մասին, գործնականօրէն կը խօսինք մեր վերջին հարիւր տարիներու սփիռքի գաղութներու աւանդական կազմակերպական իրողութեան, այսինքն` Եկեղեցի-Առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական-մշակոյթային-մարմնակրթական-ընկերային կազմակերպութիւններու կատարած աշխատանքին մասին:
ԱՐՏԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐ
Դասական օճախներն ու կառոյցները որոնց կարգին Հայ Եկեղեցին եւ Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցները եւ երիտասարդական կառոյցները օրինակ` ACYO,Կուսակցութինններն ու կուսակցական Երիտասարդական եւ Պատանեկան կազմակերպութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆը, Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ այլ անկախ կառոյցներ, կը մնան սփիւռքի մէջ արտա-դպրոցական հայկական ոգի մշակելու կռուանները: Մի քանին նաեւ հայ լեզուն գրելու, կարդալու եւ խօսելու ուսուցում կը ջամբեն, ինչպիսին է օրինակ Հայ Օգնութեան Միութիւնը : Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՕՄ-ը ունի տասնհինգ շաբաթօրեայ- միօրեայ դպրոցներ մօտ 750 աշակերտներով: Արեւելեան ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի (մանաւանդ Ֆրանսայի) մէջ ալ ՀՕՄ- ը ունի մի քանի տասնեակ շաբաթօրեայ դպրոցներ: Թէ Էջմիածնական եւ թէ Կիլիկիոյ թեմի Եկեղեցիները նաեւ առիթ կ՛ընծայեն շաբաթօրեայ դպրոցներով հայերէն լեզուի ուսուցման: Հ.Բ.Ը.Մ.ն ալ ունի ամենօրեայ եւ 10 նմանօրինակ դպրոցներ: Կան նաեւ այլ կառոյցներ, օրինակ`Փարիզի մէջ կը գործէ նաեւ Մկնիկ դաստիրակչական հիմնարկը որու մանկավարժական մօտեցումը հիմնուած է ոչ թէ ուսուցիչներու, այլ facilitator-դիւրացնող դաստիարակներու վերահսկումին վրայ: Image may be NSFW.
Clik here to view.
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, իր կարգին, մշակոյթով, կրթութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղող կարեւոր միութիւն մըն է: Համազգայինի կառոյցին կապուած կան երեք ամէնօրեայ եւ բազմաթիւ միօրեայ դպրոցներ: Կան նաեւ բազմաթիւ արուեստի միօրեայ դպրոցներ եւ կեդրոններ: Համազգայինը ունի հայերենագիտական նիւթերու սփիւռքահայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր (Մանկավարժութիւն կ՚ուսանին – BA – Համազգայինի հաշուոյն ապա Հայաստան հայերէնագիտութիւն կ՚ուսանին – MA – Համազգայինի հաշուոյն: Ապա կը վերադառնան եւ կ՚աշխատին որպէս ուսուցիչ: Համազգայինը տակաւին չունի երիտասարդական խումբերէ կազմուած կառոյցներ բայց կը քաջալերուի կազմութիւնը մշակութային կամ կրթական հետաքրքրութիւններ ունեցող խումբերու (“Միաւորներ“), որոնց մեծամասնութիւնը վստահաբար պիտի ըլլան երիտասարդական խումբեր (բայց ոչ տասնըվեց տարեկանէն վար) :
Արհեստագիտական նորարութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները նաեւ հասանելի են այսօրուայ հայ երիտասարդութեան, ըլլայ համացանցային թէ սովորական համախմբումներու դասընթացքներով: 2004 թուականէն սկսեալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի AVC- Armenia Virtual College Հայկական Վիրտուալ Համալսարանը առիթ կ՛ընծայէ հայ լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի ուսուցման, համալսարանական կամ աւելի հասուն տարիքով ուսանողներու համար : Ամենուն հասանելի դասաւանդութեան այս ձեւը եւ հեռաուսուցման իւրայատուկ այս միջոցը արտա-դպրոցական դաստիարակութեան նոր հորիզոն մը բացաւ: Հայերէնի ուսուցման այս նոր ձեւը ժամանակի ընթացքին անկասկած որ աւելի պիտի զարգանայ, բայց փոքր տարիքէն հայկական ապրում սփռող եւ դէմ առ դէմ դաստիարակութեան հոլովոյթի անհրաժեշտութիւնը պիտի չվերանայ : Անկասկած որ դասական կառոյցներու պահանջքը պիտի շարունակուի, իրենց ընծայած հին կամ նոր դաստիարակչական միջոցներով:
Վերեւը յիշուած եւ այլ հայկական մթնոլորտ ընծայող կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ օգտակարութիւնը ունի եւ բոլորի համար ալ որակաւոր եւ յանձնառու հայ պատրաստելը ամենակարեւոր նպատակակէտն է: Հարցը այն է թէ նոյն առաքելութիւնը հետապնդող, նոյնիսկ ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան միջոցառում գոյութիւն չունի: Առաւել, այսօրուայ մարտահրաւէրը բոլորի համար ալ նոր անդամներ գրաւելն է: Մեր շրջանակներէն հեռու, ոչ-հայկական դպրոց յաճախող պատանիներու ներգրաւումը հիմնական է:Կարեւոր է կարկինը լայնցնել եւ ներգրաւել մինչեւ այսօր հայ շրջանակներէ հեռու մնացած կամ “պահուըտած“ պատանի-երիտասարդները:
Հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ մեր մօտեցումը պէտք է բարեփոխել: Շարունակելով ընդգծել հայկական վարժարաններու կարեւորութիւնը եւ աշխատելով նպաստել այդ առաքելութեան, այսուհետեւ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն պէտք է նաեւ ապահովել արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւններու, կապուած աշակերտական տարիքի մանուկ-պատանիներու հետ եւ առնչուած լեզուի պահպանումին: Շեշտը պէտք է դնել հայկական ոգին զարգացնող մշակոյթի եւ լեզուի հետ կապ ունեցող արտա-դպրոցական բոլոր աշխատանքներու վրայ, համայնքի կառոյցներու թէ՛ աւանդական ծրագիրներու միջոցաւ, եւ թէ՛վերամշակուած նոր նախաձեռնութիւններով , որպէսզի կարկինը ընդլայնի եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ընծայուի աւելի մեծ թիւով հայ ծագումով հայերու: Վերջապէս, չափազանց կարեւոր է նաեւ կարգ մը ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ աշխատանքային համագործակցութիւն ստեղծել:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Երիտասարդ սերունդի յատուկ հայեցի դաստիարակութիւնը հաւաքաբար պիտի շարունակեն կատարել ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ: Ռազմավարական իմաստով սակայն հայեցի դաստիարակութիւն պէտք է ունենայ իրապաշտ պատկերացում եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն:
- Հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական կրթութիւնը մնայ հիմնական բայց արտա- դպրոցական հայեցի դաստիարակչութեան կարեւորութիւնը ստանայ համահաւասար եթէ ոչ առաջնահերթ նշանակութիւն:
- Դաստիարակութեան թիրախը ընդարձակուի, հայ աշակերտութեան հինգ առ հարիւրէն եւ դպրոցական գրասեղաններէն անդին անցնելով :
- Առաջնահերթ եւ կարեւոր որակուի հայկական ոգիով ապրելու եղանակը, անհատի մը կեանքին մէջ գիտակցուած հայկականութեան եւ հայ ինքնութեան հզօրացման զարգացումը, տրուած ըլլալով որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայ վարժարան յաճախելն եւ հմուտ հայախօս ըլլալը :
- Գաղութներու մէջ շարունակուի արտա-դպրոցական ուսուցումի կազմակերպուած կառոյցներու ընտրանքը, ըլլայ շաբաթօրեայ հայ լեզուի ուսուցում, մարզական, սկաուտական, արուեստ (երգի կամ երաժշտական դպրոց, պարախումբ), բայց սկսի կանուխ (6 տարեկան) տարիքէն եւ ընթանայ հետեւողականութեամբ եւ համադրումով:
- Ինչպէս դպրոցական դաստիարակութեան պարագային , արտա-դպրոցական դաստիարակչական կառոյցներու յատուկ մարդուժ եւ նիւթական ծրագրուի եւ համապատասխան կրթանպաստ յատկացուի:
- Նոյնանման առաքելութիւններով ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ, արտա-դպրոցական դաստիրակութեան ծիրի մէջ համագործակցութիւն սկսի: