Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

 


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւի (S.Res.150) ընդունման առիթով, որ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս պատմական փաստ: Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վճռական ու յարատեւ ղեկավարութեամբ, վերջապէս յաղթահարեցինք թրքական կառավարութեան կողմէ վճարովի լոպիստներու տասնամեակներու ժխտումը՝ անցնող 60 օրուան ընթացքին երկու պալատներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով:

Գետնի վրայ տեղական մակարդակի աշխատանքով, լայնատարած կրթական նախաձեռնութիւններով եւ բարոյական ամուր հիմքերով թրծուած՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հակառակորդներու դէմ, այս անհաւասար պայքարին մէջ շարունակեց յառաջագիծի վրայ մնալ: Նոյնիսկ մեր համայնքէն ներս, շատեր լիովին չ՛ըմբռնելով մեր շարունակական ջանքերը, յաճախ փորձեցին նսեմացնել նման աշխատանքի կարեւորութիւնը: Սակայն այսօր, այս յաղթանակով, համայն հայութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ ու դարձեալառաջնահերթ սեպէ  մեր պահանջատիրութեան եւ արդարութեան պայքարը:

Քոնկրէսը այժմ եւ ընդմիշտ որպէս Ամերիկեան քաղաքականութիւն արձանագրեց Ա.Մ.Ն.-ի կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դաստիարակութեան աջակցութիւնը՝ կանխելու ժամանակակից ոճիրներ: Այս քայլը տեղին է, յատկապէս նկատի ունենալով ոճիրին հետեւող, Ա.Մ.Ն.-ի ունեցած մարդասիրական պատմական դերը:

Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէ

Դեկտեմբեր 13, 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles