Յ. Պալեան
Ընդհանրացած խաբէութիւններու ժամանակաշրջանին, սոսկ
ճշմարտութիւնը ըսելու իրողութիւնը յեղափոխական արարք է:
Ճորճ Օրուէլ
Երբեմն իրատեսութեամբ եւ քաջութեամբ հարց պէտք է տալ, թէ ո՞վ է հայը այսօ՛ր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց շաբաթավերջի աղմկալի ճառերը կեանքի իրականութիւն համարելու, որոնք կը շարունակեն ջնարակել ըսուած եւ պատմութիւն դարձած խօսքերը, զանոնք ասեղնագործելով աշխարհի մէկ եւ միւս ծայրերը: Պէտք է գիտնալ հին եւ կառուցուող մեր եւ շրջապատի պատմութիւնը չշփոթել հեքիաթի հետ:
Սփիւռքահայը հայրենատիրութիւնը կը շփոթէ զբօսաշրջութեան հետ, հայրենիքի տեսարժան վայրերու լուսանկարներով կը հրճուի եւ մանաւանդ՝ կը պատմէ: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը հայն ալ վերածած է սպառողի, որուն ծրագրին մաս կը կազմէ նաեւ երազային եւ յաւերժական Հայաստանը, սահմանի այս կամ այն կողմը: Ի հարկէ, ծանուցումներու ընկերութիւնները, ինչպէս ամէն տեղ, կը մտածեն նաեւ մեր մասին եւ մեր փոխարէն, եւ մեր ձեռքէն բռնած կը տանին հոս եւ հոն, անոնք որոշած կ’ըլլան մեր տեսնելիքը եւ ընելիքը:
Հայաստանի քաղաքացին ալ ետ չի մնար սփիւռքահայէն, երազելով Էյֆէլի Աշտարակը կամ Լոսը, կամ հարեւան երկրի Սեւ Ծովի ափը: Հասարակ տեղիք չէ ըսել, որ դեռ ոչ շատ հին անցեալի աշխարհները փոխուած են, հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք: Աշխարհի բարիքներու առթած երջանկութենէն ամէն ոք իր բաժինը կ’ուզէ անպայման ձեռք բերել: Ազգ եւ արժէքներ նուազ կը կշռեն այդ ցանկութեան դիմաց: Սպառողական ընկերութիւնը դարձած է նպատակ եւ ինքնարժէք, ոչ-անհրաժեշտ իրերէն մինչեւ տեսակաւոր զբօսաշրջութիւնները:
Ոչ թէ ցորենը որոմէն զատելու ճառ պէտք է խօսիլ, ասոր կամ անոր դատապարտութեան խօսք ուղղելու համար, այլ առանց սոփեստութեան փորձել հասկնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուինք, ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ կ’ուզենք, որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն, որպէսզի մեր նախաձեռնութիւնները ունենան հեռանկար եւ որակ, եւ ինքնախաբէութիւնը, պարզապէս խաբէութիւնը, քաղաքականութիւն եւ առաջնորդութիւն չհամարենք:
Գաղթերու, բնակչութիւններու խառնուրդի եւ տեղափոխութիւններու հետեւանքով, անցեալի խորհրդանիշ եզրերը այսօր իմաստ փոխած են, կեանքի եւ ընկերութիւններու պարզ եւ հաստ իրականութեան ճնշման տակ: Նոյն եզրը կը գործածենք տարբեր բաներ ըսելու եւ հասկնալու համար: Այսպէս, բաժակաճառային յուզումներէ հրաժարելով, պէտք է հարց տալ. ո՞վ է մարդը այսօ՛ր, անոր հունով, մեր պարագային համար ալ շարունակել հարցումը, ո՞վ է հայը այսօ՛ր: Այս կարենալ ընելու համար պէտք է հեռանալ դասական տարազումներէն, զբօսաշրջային եւ արձակուրդային պատկերներէն, որոնց մասին կարելի է խօսիլ քանի մը շաբաթ, ապա դնել գզրոց, սելֆիական պատկերներու շարքին:
Այսօրուան մարդը դրամատիրական կարգերու կառուցած-կառուցուող համաշխարհայնացած եւ համաշխարհայնացող մոլորակի բնակիչն է, այդ համակարգին մէջ է ի՛նք՝ սպառող մարդը: Անցեալին կը խօսուէր homo sapiensի մասին, արդի մարդուն, խօսուեցաւ homo faber-ի մասին, հիմա պէտք է խօսիլ homo consumerisի մասին: Իսկ սպառող մարդը մէկ նպատակ ունի. սպառել, կամ այդպէս լարուած են իր մտածումը, զգացումները եւ ցանկութիւնները: Այս սպառող մարդը արտայայտութիւնն է անհատապաշտութեան, որ անմիջականն է, ինքնանպատակը, ո՛չ անցեալ եւ ո՛չ ապագայ, եսէն անդին չկայ միւսը: Հետեւանքը անհաւասարութիւններու ծնունդն ու բազմացումն է:
Սպառող մարդը ինք ալ օղակն է արտադրութեան, քանի որ արտադրութիւնը պայմանաւորուած է սպառումով, ստրկացուած՝ սպառման հրաւիրող ծանուցումներով, որոնք կը ստեղծեն եւ կը բազմապատկեն նոր պահանջները, առանց որոնց մարդիկ ապրած են եւ կրնան ապրիլ, այսինքն՝ քաղաքակրթութիւնը եւ գիտութիւնը ստեղծած են ոչ-անհրաժեշտ պահանջներ, որոնց անգիտակից գերին ենք: Եթէ միայն պահ մը, իրատեսութեամբ, կանգ առնենք եւ հաշուեքննիչի պէս դիտենք հեռատեսիլի պատուհանէն օրնիբուն մեր աչքերը, ուղեղը, զգայնութիւնները եւ զգացումները մրճահարող եւ ստրկացնող ծանուցումները, որոնք կ’ըսեն, թէ ի՞նչ պէտք է սպառենք, ի՞նչ պէտք է ընտրենք, զանոնք առարկայականութեամբ դատենք, մեր կեանքին եւ գոյութեան նոր որակ կու տանք:
Իսկ սպառող մարդոց ընկերութիւնը բնականօրէն անհաւասարութեան, անբաւարարութեան, նախանձի, կիրքի թատերաբեմ է: Այսինքն, ինչ որ կը կոչենք քաղաքականութիւն, իր ընտրութիւններով եւ պաշտօններով, թունաւորուած է նոյնինքն սպառման կիրքով, որուն արտայայտութիւնը, աշխարհի տարածքին յայտնուող եւ թաքուն չարաշահումներն են, պաշտօնական եւ անպաշտօն աւազակութիւնները: Եւ ի հարկէ՝ դժբախտութիւնները:
Սպառող մարդը իր արմատներէն կը հեռանայ, իր առօրեային եւ երազին տէր կը դառնան տեւաբար արտադրուող ապրանքները, ապրանքատեսակները, որոնք ծանուցումներու տիրապետութեամբ կը դառնան պահանջ, ինչպէս սնունդը, ջուրը, կը թունաւորեն մարդը, ծնունդ կու տան տեսակաւոր նախանձներու, ատելութեան, բոլոր միջավայրերու մէջ, ոչ-անհրաժեշտ սննդատեսակներէն մինչեւ հագուստները, շարունակելով… ինքնաշարժները, զբօսները, ճամբորդութիւնները, շարքը կարելի է երկարել: Կառավարութիւնները, տեւելու համար, սպառող մարդուն, homo consumerisի պահանջները պէտք է որ բաւարարեն, բաւարարելու կը ձգտին, այսինքն՝ սպառողական ախտին դարման գտնել, յաճախ փակագիծի մէջ դնելով ազգային-մարդկային-մշակութայինը, այդ ձեւով յագուրդ կու տան իշխանատենչութեան եւ չարաշահումներու յարաճուն ցանկութեան:
Այսօր, քիչ մը ամէն տեղ, յաւելեալ իրաւունքի պայքարի նպատակը աւելի լաւ ապրելու իրաւունքի ձեռքերումն է, անտեսելով Միւսը, ինչ որ ցարդ կոչած ենք մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ: Սպառողական ընկերութիւնը եւ անոր անկասելի դարձած արշաւը յաւելեալ սպառման համար, գերեվարած են անհատները, զանոնք բանտարկած են անհատականի եւ եսի քարայրներուն մէջ: Ինձմէ ետք ջրհեղեղի (չ)բարոյականութիւն, որ ընկերութիւններու նոր համակարգն է, մեծերու եւ նուազ մեծերու: Կարծէք արդարութեան համար պայքարը դարձած է կեղծիք, որ իր դիմակը վար կ’առնէ երբ իշխանափոխութիւն կ’ըլլայ, կարծէք կարգախօս է՝ դուն գնա՛եւ տեղդ ես գամ: Այսպէս է դառն իրականութիւնը մեծերու եւ փոքրերու համար, հաւաքականութիւնը, որպէս քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ, ստորադասուած է եսի, անհատականի եւ մասնակիի, : Ինքնութիւնները կը համարուին ժամանակավրէպ, իսկ եթէ որդեգրենք այլ բառապաշար մը, ինքնութիւններու պաշտպանութիւնը կը համարուի յետադիմութիւն, ցեղապաշտութիւն:
Բայց կարելի՞ է ըլլալ ընտանիք, գիւղ, քաղաք, երկիր, կամ այլ ձեւի համախումբ կեանք ունենալ, առանց ինքնութեան մը, որուն մէջ մարդիկ իրենք զիրենք եւ զիրար ճանչնան, ընդունին, այսինքն, առանց հասարակաց եւ ժառանգուած-ընդունուած արժէքներու, ընկերութիւն գոյութիւն չ’ունենար: Ընկերութիւնները, ընտանիք, ցեղախումբ, քաղաք, երկիր, պետութիւն, հանրապետութիւն, ազգ, սոսկ կազմակերպութիւն չեն, արտօնեալով եւ արգիլեալով, արտադրելով եւ սպառելով: Մարդիկ միասին կարենալ ապրելու համար, անհրաժեշտ է որ խմբուին արժէքներու շուրջ, հաւատան անոնց, այլապէս կը հաստատուի անտառի օրէնք: Բանաստեղծ մը, գրականութեան համար ըսած է, որ «վանեցէ՛ք ինչ որ բնական է, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»: Այդպէս է նաեւ ընկերութեան եւ արժէքներու անանջատելի յարաբերակցութիւնը, որ յիշողութիւններով կը կազմուի, ինչ որ սովորաբար կը կոչենք պատմութիւն: Երբ կ’անհետանայ այդ հասարակաց կոճղը, կը դադրի երէկուան կամ այսօրուան Մենքը, կ’ըլլայ սկիզբ շարունակութիւն չեղող անորոշ, անդիմագիծ եւ անինքնութիւն նորի:
Ֆրանսացի պատմաբան Էրնեստ Ռընան ըսած է, որ ազգը հասարակաց ժառանգութիւն է, նոյն ատեն միասին ապրելու եւ գործելու ցանկութիւն, այսինքն հետապնդել հասարակաց նպատակ մը եւ հաւաքաբար յանձնառու ըլլալ անոր իրականացման: Մեր պարագային, այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել եւ դատել արտագաղթն ու հայրենադարձութիւնը: Ինքզինք դրժել սոսկ սպառողական արժէքներու համար, որուն գինովութեան մայրուղին այսօր համաշխարհայնացումն է, որ ինքզինք կ’իրականացնէ անզսպելի դարձած ամենակուլ դրամատիրութեան մէջ, որ արժէքներու տեղ չունի, կը ջնջէ ազատութիւնը, մարդու բացառիկութիւնը կը քանդէ: Պարզ բառեով ըսենք, որ այսօր ժողովրդավարութիւնը կը փոխարինուի արհեստագէտներով, technocrates, որոնք կը մտածեն եւ կ’որոշեն մեր փոխարէն:
Անմիջականի բաւարարման համար իշխանութիւն եւ կառավարում յանձնել արհեստագէտներ-ընտրանիի մը, որպէս հետեւանք կ’ունենայ հաւասարութեան եւ ազատութիւններու անհետացումը: Ցանկալի եւ բեմերէ քարոզուած ժողովրդավարութիւն եւ հանրապետութիւն կը չքանան, կը մնան որպէս ամբոխները ոտքի քնացնող զարդարանք:
Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը, որուն արտայայտութիւնն է համաշխարհայնացումը, միասնաբար կը սպառնան մարդոց եւ կը ձգտին ընկերութիւններու միօրինականցման, ազգերու եւ մշակոյթներու ինքնատիպ տարբերութիւններուն: Հետեւանքը ինքնութեան կորուստն է, որ անմիջականօրէն կը սպառնայ փոքրերուն, վաղը պիտի սպառնայ նաեւ նուազ փոքրերուն:
Սպառող մարդը, homo consumeris-ը, ժխտումն է իր պատմութեան եւ անոր ընթացքին ձեռք բերած իր նուաճումներուն եւ արժէքներուն: Ան բանտարկուելով իր եսին մէջ, կը քանդէ ազգը, բայց չի կառուցեր համամարդկային արժէքներ:
Այդպէս է նաեւ մեր ազգի պարագան, եթէ չանդրադառնանք եւ չգործենք մեր ազգային, քաղաքական եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան տէր ըլլալու հաւաքական կամքով: Այսքան ճշմարտութիւն մենք մեզի պէտք է ըսենք: Թէեւ, խարդաւանանքներու կեղծիքի եւ ճապկումներու ներկայ ժամանակաշրջանին ճշմարտութիւնը խանգարող է:
Եթէ յիշենք Ճորճ Օրուէլի խօսքը, աւելի հարազատութեամբ կը խօսինք եւ կը գործենք: Ան ըսած է. «Ընդհանրացած խաբէութիւններու ժամանակաշրջանին, սոսկ ճշմարտութիւնը ըսելու իրողութիւնը յեղափոխական արարք է»:
Հայաստան եւ սփիւռքներ հայը, անհատաբար եւ հաւաքաբար, կարիք ունի ճշմարտութեամբ ապրելու եւ առաջնորդուելու կամքի, որուն գինը վճարելու յանձնառու պէտք է ըլլայ:
Այլապէս, լաւ ապրելու իրաւունքին անձնատուր սպառող մարդ դառնալով, արտագաղթելով եւ տունդարձի կոչին չանսալով, կ’անհետանանք պատմութեան բեմէն: Պարտուած իմաստուններ կրնան ըսել, ինչպէս շատեր անհետացած են:
Եթէ երբեմն բանաստեղծ Համօ Սահեան կարդայինք եւ անոր հետ թրթռայինք, ՄԵՆՔ կ’ըլլայինք ՄԵՆՔ, ոչ այլ բան, ոչ ալ բացակայ:
Ոչ խոստումներ, ոչ երդում
Չսպասէք ու չքննէք,
Անվերջ, անշարժ ձեր երթում
Ինձ բացակայ չդնէք…
Ի՞նչ ենք, երբ բացակայ ենք…