Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ծերակոյտը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

$
0
0

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․-  Դեկտեմբեր 12-ին  Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը։ Նախապէս, անցեալ Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու Տունը ընդունած էր այս բանաձեւը, որ Ծերակոյտին ներկայացուցած էին Պոպ Մենէնտես (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հանրապետական, Թեքսաս)։
Բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչնալու եւ այդ ոճիրին զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումը եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:
«Այսօր, Ծերակոյտը իր ձայնը միացուց մերժելու արշաւին Անգարայի ուրացումին եւ այդ ուղղութեամբ տարած գործունէութեան, որ հանդիսացած էր ամերիկեան պատմութեան մէջ Քոնկրեսին վրայ օտար երկրի մը կողմէ կամք պարտադրելու ամէնէն երկարատեւ «վեթօ»ի գործածութիւնը։ Միաձայն քուէն այժմ լուսարձակի տակ կը դնէ նախագահը, որ ցարդ կը յամառի Էրտողանի փափաքած վեթօն պարտադրելու իր անտրամաբանական կեցուածքին վրայ։ Ժամանակն է, որ գործադիր իշխանութիւնը իր ձայնը միացնէ օրէնսդիր մարմինին, վերջ տալով ամերիկեան մեղսակցութեան՝ Անգարայի սուտերուն տարածման արշաւին», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles