Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Սահակ Եպս. Մաշալեան` Պոլսոյ Պատրիարք

$
0
0

Դեկտեմբեր 11-ին, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը  եզրափակուեցաւ, երբ Ազգային պատգամաւորական ժողովը պատրիարք ընտրեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։

Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ 119 անդամներով (102 աշխարհական եւ 17 հոգեւորական)։

Ընտրեալ պատրիարքը, որ վերջին ամիսներուն կը վարէր տեղապահի պաշտօն, երախտագիտութիւն յայտնեց եւ ըսաւ.- «Միայն շնորհակալութեան չէ, այլեւ յարգանքի եւ պարտքի խօսքեր պիտի ուղղեմ դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի Մայր Աթոռ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը մեր ազգի միութեան, եղբայրութեան խորհրդանիշն է։ Այնպէս որ մենք կը կրկնենք մեր հաւատարմութիւնը մեր Լուսաւորչական մեծ ուխտին նկատմամբ։ Ընտրութիւններու այս բոլոր ընթացքով Վեհափառ Հայրապետը շատ մօտէն հետաքրքրուեցաւ, նաեւ առաջին շնորհաւորողը եղաւ։ Մեծապէս շնորհակալ ենք իրեն»։

Պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը տեղեկացուեցաւ պետական պատկան իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներուն։

Յետմիջօրէին նորընտիր պատրիարքը Հրաշափառի հանդիսաւոր արարողութեամբ մուտք գործեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։ Պատրիարքարան վերադառնալէ ետք, ան սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը՝ պատասխանելով  լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Կրօնական ժողովի նորընտիր անդամներուն հետ Պատրիարքարան անցնելէ վերջ, նորընտիր պատրիարքը ընդունեց իրեն զօրակցած շարք մը ազգայիններու շնորհաւորութիւնները։ Ներկայ էին նաեւ Նորին Ամենապատուութեան ծնողները։ Շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղելու համար Գումգաբու այցելեց նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles