Արմենակ հեռաձայնեց:
– Համացանցով երգահանդէսի հրաւէրի յայտարարութիւն մը կայ: Մուտքը՝ ազատ. 6 դեկտեմբերին: Ըսուած է. «Ի նպաստ Հայաստանի երկրաշարժի մոռցուածներուն»: Մեծատառ գրուած է. SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ կազմակերպութեան օգնութիւնը Գիւմրիի մոռցուածներուն: Ի հարկէ՝ ֆրանսերէն:
– Լաւ է ուշ քան երբեք, Արմենա՛կ,- ըսի:
– Փարիզի մէջ կայանալիք երգահանդէսով մը, երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած աղէտեալներուն համար դեռ նո՞ր ահազանգ կը հնչեցնեն, SOS…: Կ’ըսեն, թէ «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ կազմակերպութեան առաջին կամաւորները Հայաստան գացած են 2019ի ամրան: Գտած են Գիւմրիի թիթեղաւանները», եւ կը խօսին 7 դեկտեմբեր 1988ի երկրաշարժի մասին: …Եւ օգնութեան կոչ կ’ընեն որպէսզի դեռ աղէտեալ մնացածները իրենց ապագան կարենան կառուցել:
– Արմենա՛կ, բնական է որ մարդիկ օգնեն: Թէ այդ կազմակերպութեան առաջին կամաւորները երեսուն տարի վերջ նոր անդրադարձած են, զարմացնէ:
– Այսքա՜ն ուշացումէ ետք, բարեսիրտ մարդիկ հաւանօրէն ներկայ պիտի ըլլան, իրենց լուման պիտի տան: Բայց մենք պիտի չամչնա՞նք երեսուն տարի ուշացումով հասնող կամաւորներէն: Այդքան օժանդակութիւններէ, հանգանակութիւններէ, նուիրատուութիւններէ ետք, եթէ դեռ թիթեղաւաններ կան, տեղ մը բան մը սխալ է,- ըսաւ Կեդրոնականցին:
– Արմենա՛կ, Հայաստան հիմա մոտայիկ է, ինչպէս կ’ըսուի, կոռուպցիայի դէմ պայքարը: Ինչո՞ւ Հայաստանի յատկացուած դրամական եւ այլ միջոցներու իրենց նպատակին հասած ըլլալու կամ չըլլալու համար իսկական հետախուզական պահանջ չեն ներկայացներ մեծագումար դրամահաւաքի հին եւ նոր պատասխանատուները, թելեթոններու եւ ֆոնեթոններու:
– Այդ կ’ըլլայ եթէ սփիւռքի կազմակերպութիւնները եւ անհատ բարերարները միասնաբար ճշդեն, թէ ի՞նչ հաւաքած են, ի՞նչ տուած են, եւ պահանջեն, որ ըսուի, թէ ո՞ւր գացած այդ գումարները: Պատահա՞ծ է, որ Հայասաանի կամ Արցախի օգնութեան համար հաւաքուած գումարներէն օգտուած ըլլան տեղական կարիքներու համար:
– Ճիշդ ես, Մակա՛ր, բայց այսօր հպարտութիւն կ’ունենա՞նք ըսելու, որ երեսուն տարի վերջ առաջին կամաւորները քիչ մը ուշացած են: Կարդա՛ հետեւեալը եւ տարածէ՛. «SOS Chrétiens d’Orient-ի Առաջին կամաւորները Հայաստան այցելեցին 2019-ի ամառուան ընթացքին։ Անոնք նկատեցին, թէ Դեկտեմբեր 19888-ի երկրաշարժէն վերապրած հազարաւոր տեղացիներ թիթեղանաւաններու մէջ կ՛ապրին, ահաւոր պայմաններու տակ»:
Երբ Կեդրոնականցին աւարտեց, մտածեցի, որ հակառակ յեղափոխութիւններու եւ ճառերու, դեռ աղէտէն երեսուն տարի ետք կ’իմանանք, որ կազմակերպութեան մը թիթեղաւաններով մտահոգ առաջին կամաւորները Գիւմրի նոր կ’երթան:
Ճիշդ է, որ ուշացողը ուշացած է, իսկ մենք, Նոր Հայաստան եւ բարեսէր սփիւռք(ներ)ը, չե՞նք խպնիր:
Եթէ Երեւանի մանհաթանեան դէպի երկինք սլացող շէնքերէն երկուքը Գիւմրի բարձրանային, թիթեղաւանները (bidonvilles) չքացած կ’ըլլային:
Ինչո՞ւ Կեդրոնականցին կ’անհանգտանայ եւ կ’անհանգստացնէ:
Բանն ասանկ եւ ոչ բամբասանք:
Մակար ի Գաղիա, 2 Դեկտեմբեր 2019