Աւելի քան քսանամեակ մը առաջ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ եւ միաժամանակ տնտեսութեան նախարար Օսքար Լաֆոնթեն հրաժարեցաւ իր զոյգ պաշտօններէն` բողոքելով իր կուսակից վարչապետ Կերհարտ Շրէօտըրի վարած ընկերատնտեսական քաղաքականութեան դէմ. ան առատաձեռն տուրք կու տար համաշխարհային բեմին վրայ յաղթանակած նոր-ազատականութեան: Այդ ձեւով Կերհարտ Շրէօտըր ձեռք կ՛երկարէր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլերին` հաստատելով եւրոպական Ձախի Երրորդ ուղիի քաղաքականութիւնը: Ժամանակի ընթացքին այդ քաղաքականութեան աստիճանաբար հետեւեցան ցամաքամասի գրեթէ բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց ժողովրդականութեան աստիճանական անկումին:
Այս անկումը, բնական է, զգալի դարձաւ նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Տարիներու ընթացքին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (SPD) ժողովրդականութիւնը 40,9%-էն (1998)` դէպի այսօրուան 14%-ը (ներկայի նախատեսութիւն) վայրէջք մը արձանագրեց: Դաշնակցային խորհրդարանի ընտրութիւններուն Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրեթէ միշտ հանդիսացած է երկրի երկրորդ ուժը` Քրիստոնեայ դեմոկրատական միութիւնէն (CDU) ետք: Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր (1949) Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ընտրութիւնները շահած է միայն երկու անգամ. 1972-ին` 45,8%-ով եւ 1998-ին` 40,9%ով: Առաջին յաղթանակէն առաջ արդէն Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ անցած էր համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելով Գերմանիոյ Ազատ դեմոկրատ կուսակցութեան (FDP) հետ. այս գործակցութիւնը իշխանութեան գլխուն բերաւ առասպելական Վիլի Պրանտը եւ, անոր հրաժարումէն ետք, այլապէս արժէքաւոր` Հելմութ Շմիթը. երկուքին կողմէ հետապնդուեցաւ ընկերային արդարութեան ամրապնդման եւ Արեւելեան Գերմանիոյ իշխանութիւններուն հետ հաշտեցման քաղաքականութիւն մը, որ յանգեցաւ երկու գերման պետութիւններու խաղաղ վերամիացման, երբ յարմար պայմանները ստեղծուեցան 1990-ին: Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երկրորդ յաղթանակի վարչապետը դարձաւ Կերհարտ Շրէօտըր, որ իր վարչապետութեան եօթը տարիներուն ընթացքին աստիճանաբար «քակեց» իր նախորդներուն մէջտեղ բերած ընկերային ոլորտի համեմատաբար արդար ու հաւասարակշռուած իրաւունքներու բաշխման վրայ հիմնուած կառոյցը, հետեւելով` միջազգային բեմի վրայ յաղթանակ յայտարարած նոր-ազատական դրամատիրութեան հովերուն: Այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ, աննշան ելեւէջներով, մինչեւ ներկայի հարցախոյզներուն վկայած ընկերվարական 14%-ը:

2005-էն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած չորս ընտրութիւններուն առաջին հանդիսացած է Պաւարիոյ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւնը իր մնայուն դաշնակիցներով: 14 տարիներէ ի վեր վարչապետութիւնը կը վարէ տիկին Անկելա Մերքելը. ան պիտի հանդիսանայ Քոնրատ Ատենաուըրէն մրցանիշը խլող վարչապետութեան աթոռին վրայ ամէնէն երկարատեւ պաշտօնատարը, եթէ կարենայ վարչապետութեան իր ներկայ շրջանը իր աւարտին հասցնել: Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, տիկին Անկելա Մերքելի կուսակցութիւնը, մէկ շրջանի բացառութեամբ, համաձայնական կառավարութիւն կազմած է միշտ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ: Ի հարկէ կառավարական ծրագիրը չէր կրնար ընկերվարական ծրագիր մը ըլլալ: Ընկերվարական կուսակցութիւնը իր ներքին հակասութիւններով ա՛լ աւելի բացասական գոյնով ներկայացաւ քուէարկողներուն: Տարիներէ ի վեր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրողներուն առջեւ պատկերը բարելաւելու ճիգը ապարդիւն մնացած է, քանի անոր տնտեսական-ընկերային ծրագիրը բնականօրէն կը կաշկանդուէր կառավարութեան գործընկերներու անխուսափելիօրէն նոր-ազատական ենթագլուխներէն:
1990-էն ասդին տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու ազդեցութեան տակ ընկերվարական կուսակցութիւններու յաճախ մարտավարական պատշաճեցումները պակսեցուցած են ո՛չ միայն զիրենք ընտրողներու թիւը, այլ նաեւ` նոյն եւ աւելի կարեւոր չափերով ազդած են իրենց անդամական զանգուածի ծաւալին վրայ: Այսպէս 1990-ի եւ 2018-ի միջեւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներու թիւը շուրջ 943.000-էն իջած է մինչեւ 438.000 անդամի. այսինքն` աղքատութիւն բուծանող վայրի դրամատիրութեան զարգացման տարիներուն հասարակութեան իրաւազուրկ խաւերը կուսակցութեան մօտենալու փոխարէն` հեռացա՛ծ են ատկէ: Գերմանիոյ պէս երկրի մը համար, ուր զանազան քաղաքական հոսանքներու առջեւ քարոզչական միջոցներու գործածութեան համար առանձնաշնորհեալներու առկայութիւնը զգալի չէ, այս ձախողութիւնները պէտք է վերագրել ձախակողմեան գլխաւոր դերակատարին արեւելումի չափազանցեալ փոփոխութեան մէջ. անոր աւանդական հետեւորդները վստահաբար խաբուած զգացած են իրենց երբեմնի ընկերային հովանաւորներէն:
Վերջին քառամեակին կուսակցութիւնը ճահիճէն դուրս բերելու երեւելի ճիգեր ի գործ դրաւ անոր երիտասարդական թեւը: Անոր այժմու ղեկավարը` երեսնամեայ Քեվին Քիւներթ, զանազան առիթներով եւ առանց իր անձը չափազանց բաց պահելու քարոզչական լուսարձակներուն դիմաց, յարատեւօրէն կը պայքարի իր կուսակցութիւնը ընկերային արդարութեան հիմնական սկզբունքներուն հարազատօրէն վերադարձին ի խնդիր: Երիտասարդական քուէներու շնորհիւ անցեալ շաբաթ օր կուսակցութեան շարքերը փոքր տարբերութեամբ (53% ի նպաստ) ընտրեցին կուսակցութեան ապագայ համանախագահները` տիկին Սասքիա Էսքենը եւ պարոն Նորպերթ Վալթեր-Պորեանսը: Նոր ղեկավարութիւնը կը խոստանայ պահանջել համաձայնական ներկայ կառավարութեան գործակցութեան պայմանագիրի վերանայումը: Յաջորդ շաբաթները ցոյց պիտի տան, թէ ինչքանո՛վ արդարացի է նոր համանախագահներուն վրայ երիտասարդութեան դրած գրաւը: Նախորդ անգամ պարտութիւնը շռնդալից էր. ձախ թեւի վարչապետական թեկնածու, եւրոպական խորհրդարանի շրջանաւարտ նախագահ Մարթին Շուլց կուսակցութիւնը առաջնորդեց Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան յետպատերազմեան ցարդ վատագոյն արդիւնքին (20,5%): Իսկ ներկայիս, կ՛ըսեն քուէախոյզ մարգարէները, նախատեսութիւնները այս կուսակցութեան համար շատ աւելի վատ են. մանաւանդ` որ ընտրուած համանախագահները անծանօթներ են. երկուքն ալ զանգուածներուն կողմէ, հասարակական եւ ներքին կուսակցական, ընկալուելու եւ անոնց հետ ընտելանալու հարցեր ունին:
Ընկերվար երիտասարդներու յոյսը թերեւս տեղին է, բայց առկայ է նաեւ լուրջ ընտրական արկածի մտավախութիւնը: Աւանդական մեծագոյն ժողովրդային կուսակցութիւնները (CDU եւ SPD) երկուքն ալ իրենց երբեմնի ընտրական ուժը կորսնցուցած են ի շահ ,Գերմանիոյ համար այլընտրանքե-ի (AfD), որ պարզ խօսքով կը ներկայացնէ Աջին… աջը, եւ, տեղ-տեղ, ի շահ Ձախին (Die Linke), որ Ձախին ձախն է:
Ատենին Օսքար Լաֆոնթեն Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնէն հրաժարելով անցաւ Ձախին` դառնալով անոր ղեկավարներէն մէկը: Այսօր Լաֆոնթեն, 76 տարեկանին, չի բացառեր երկու ձախակողմեան կուսակցութիւններով հեռաւոր ապագայի մէջ միաւորումը:
Յո՞յս մը գերմանական Ձախին համար: Թերեւս: Բայց Մարթին Շուլցի փորձը առաջին հերթին մեզ կ՛առաջնորդէ զգուշաւորութեան:
Հարցականները կան, բայց երեւցող ուղին շատերու կողմէ ճիշդը կը նկատուի: