ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Նոյեմբեր 7-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ աշխատակիցներուն հետ: Նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքը` Արցախի սատարման վերաբերող, եւ յոյս յայտնեց, որ կառոյցը նոյն եռանդով կը շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը:
Քննարկուեցան Արցախ-սփիւռք կապերուն, եւրոպական տարբեր հարթակներու վրայ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկատուութեան ներկայացման եւ այլ ոլորտներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
↧
Պրիւքսէլ․- Բակօ Սահակեան Այցելեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ
↧