ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբերի 7-ին, Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists) կեդրոնատեղիին մէջ, նախագահ Սերգէյ Սթանիշեւը (ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ընկերակցութեան Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին։
Հանդիպման ընթացքին քննարուեցան երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։
Հ.Յ.Դ.-ն, որպէս Եւրոմիութեան ոչ-անդամ եւ կամ անդամութեան թեկնածու երկրի կուսակցութիւն՝ դիտորդի կարգավիճակով անդամ է Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան։