Ա.Ա.
Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները բնաւ չեն այն, ինչ որ էին նախկին Պաղ Պատերազմի ժամանակաշրջանին, երբ Թուրքիա՝ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան սահմանակից պետութիւն, ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Արեմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու համար։
Վերջին տասնամեակի զարգացումները եւ դէպքերու հոլովոյթը ի մտի ունենալով՝ անվարան կարելի է հաստատել, որ Թուրքիա այլեւս ռազմավարական նախկին կարեւորութիւնը չի ներկայացներ Միացեալ Նահանգներու համար եւ այս կարեւորութեան նսեմացման դրդապատճառներուն մէջ առանց անտեսելու տնտեսական գործօնը, նշանակալից են աշխարհագրաքաղաքական էական փոփոխութիւնները, որոնք արձանագրուեցան նոյն ժամանակահատուածին մէջ։
Միջին Արեւելեան քաղաքական- ապահովական յորձանուտը կլանեց նաեւ Թուրքիան, որովհետեւ Ռեճէփ Էրտողան նախկին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն եւ ծիրին մէջ տեսաւ իր հեղինակութեան եւ ազդեցութեան գօտիին ընդարձակման կարեւորութեան շեշտադրումը՝ Նոր Օսմանական գաղափարական վերածնունդի մը ընդմէջէն, որ առաւելաբար պաղեստինեան գործօնը շահագործելով՝ թուրքեւիսրայէլեան բախում յառաջացուց։
Ասոր զուգահեռ՝ յատկապէս 2016ի ամրան կազմակերպուած զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք, թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական լարուեցան, երբ Անգարա սկսաւ էրտողանի երբեմնի հոգեւոր հօր եւ ապա թունդ թշնամի Ֆեթհիւլլա Կիւլէնի շնորհուած ամերիկեան հովանաւորչութեան մը մասին խօսիլ եւ Փենսիլվենիա ապրող Կիւլէնի արտայանձնումը պահանջել, իբրեւ նախապայման թուրքեւամերիկեան լարուած յարաբերութիւններու բնակոնանացման, երբ արդէն ձերբակալուած ու երեք տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացած էր ամերիկացի կրօնական Էնտրիւ Պրանսըն, իսկ Թուրքիոյ տարածքին գործող ամերիկեան հիւպատոսարաններու թուրք աշխատակիցներէն երեք անձեր ալ ձերբակալուած էին՝ Կիւլէնականներու հետ կապերու յանցանքներով։
Պրանսընի ազատ արձակումէն ետք, թէեւ որոշ ժամանակ մը թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութիւնը մեղմացաւ, սակայն ռուսական Էս 400 տիպի հրթիռներու համակարգի գնման եւ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ քրտական ինքնապաշտպանական ուժերուն տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնները առաւել լարեցին յարաբերութիւնները, եւ էրտողան՝ անտեսելով եւ յաճախ ալ ծաղրելով ամերիկեան բոլոր յորդորները, գնաց մինչեւ ծայր եւ ահա Թուրքիա ստացաւ ռուսական գերարդիական հրթիռներու համակարգը, որուն դիմաց ամերիկացիք սառեցուցին ԷՖ- 35 ի վաճառքին գործարքը։
Այս կացութեան մէջ է, որ մեզի համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուած թիւ 296 բանաձեւը, որուն մասին խօսելով՝ դեմոկրատական հեղինակաւոր ծերակուտական Պոպ Մենենտեզ նոյնիսկ համոզում յայտնեց,որ Ծերակոյտը եւս կրնայ վաւերացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, եթէ անիկա Ծերակոյտի օրակարգին վրայ դրուի։Մինչ այդ յատկանշական է, որ Մենենտեզ՝ գործածելով Արտաքին Օժանդակութեան Աքթ-ը, նոյնիսկ յայտարարեց, որ պիտի առաջարկէ բանաձեւ մը, որ նախագահ Թրամփի վարչակարգէն կը պահանջէ Քոնկրէսին ներկայացնել տեղեկագիր մը, Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերու կողմէ գործադրուած մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումներու մասին։ Անշուշտ գլխաւոր պարագաները կը վերաբերին քիւրտերու։
Մինչեւ հոս բաւական ուշագրաւ են բանաձեւերու միջեւ փոխկապակցութիւնը՝ մանաւանդ եթէ հաշուի առնուի անոնց հասցէատէրը։
Բայց։
Եւ ոչ միայն ամերիկեան, այլեւ բոլոր պետութիւններու պարագային ալ մետասաներորդ պահուն իսկ հրապարակ կը նետուին պետական շահերը, ռազմավարական հեռակայ նպատակները եւ ծրագրերը։Այս պարագային ալ չուշացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարին հաստատումը, թէ ամերիկեան վարչակարգը կ՛ընդդիմանայ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման թիւ 4695 բանաձեւին, որ որդեգրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին թիւ 296 բանաձեւին որդեգրման նիստին ընթացքին։Երկու բանաձեւերն ալ Թուրքիոյ ուղղուած են եւ պաշտօնատարը երկուքին նոյն նիստին որդեգրման մէջ տեսաւ պատժական եւ ոչ սկզբունքային կեցուածք մը։
Հոս նշում մը կարեւոր է։Ամերիկեան գործադիր իշխանութիւնները նախկինին ալ մետասաներորդ պահու ընդդիմացած են Թուրքիան նեղ կացութեան մատնող բանաձեւերու որդեգրման՝ վկայակոչելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան շահերը եւ անոնց մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութիւնը։Այս իմաստով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւէն վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթ մը՝ 2 հոկտեմբեր 2000 թուագրուած, յստակօրէն կը բացայայտէ օրուան արտաքին գործոց նախարար Մատլէյն Օլպրայթի միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 596 բանաձեւին որդեգրումը։ Բանաձեւը հաստատուած էր Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ։
Այս պահուն Թուրքիա աննախընթաց սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ։Յստակ է, որ զօրակայանի փոփոխութեան միտումներ ունին Անգարայի իշխանութիւնները, որոնք նաեւ բնականաբար կտրուկ բեկումներ չեն կատարեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։Թէ այս կացութեան մէջ ամերիկեան գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն կեցուածքները, հայեցակէտերը եւ ռազմավարական ընկալումները որքանով պիտի համընկնին իրարու, որոշ ժամանակի կը կարօտի, առաւել յստակ տեսնելու համար դէպքերու եւ զարգացումներու հոլովոյթին ընթացքը։ Մինչ այդ Ամերիկայի հայ դատի մարմիններուն եւ գրասենեակներուն հեռատես գործելաոճին արդիւնքը կրնայ նաեւ լաւ անակնկալներ բերել։ Սպասել պէտք է։
Ամենայնդէպս՝ 13 Նոյեմբերին Սպիտակ Տան մէջ նախագահներ՝ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը ամերիկեան իշխանութիւններուն որդեգրելիք քայլերուն մասին որոշ կանխատեսումներ կատարելու առիթ մըն է, որովհետեւ յստակ է, որ քաղաքական սեփական շահը միշտ կը յաղթէ եւ պարտեալը միշտ Արդարութիւնն է։