Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Ամէն Ջանք Կը Թափենք Հայերէնի Մակարդակը Միշտ Բարձր Պահելու», Կը Յայտնէ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի Տնօրէն՝ Հուրի Պոյամեան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարանի տնօրէն՝ տիկին Հուրի Պոյամեանի հետ, կրթօճախին 35-ամեակին առթիւ․-

Հ.- Առաջին հերթին շնորհաւորութիւններ, այս կրթօճախին հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ։ 1984-էն 2019, կարճ պատմականով մը, ի՞նչ կը ներկայացնէ կրթօճախին ներկայ իրավիճակը։ Կարելի՞ է նշել, թէ ի՞նչ կարեւոր յաջողութիւններ ձեռք բերուած են մինչեւ օրս:
Պ․- Տարիներու ընթացքին Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը արձանագրած է բազմաթիւ յաջողութիւններ
-Իր հիմնադրութիւնէն ի վեր Դպրոցը գտնուած է Ուաթըրթաունի Հայ Մշակոյթային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ, բայց հետզհետէ աշակերտութեան աճող թիւին համար 1998-ին կառուցեցինք յաւելեալ նոր շէնք մը, որուն հողը տրամադրուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ կողմէ եւ որը կոչուեցաւ “Աֆէեան” շէնք:
-1998 ին Հիմնեցինք Ամառնային Ճամբար մը փոքրերու համար “Աֆէեան” շէնքին մէջ, որը կը շարունակուի մինչեւ օրս:
-2000-ին և 2012-ին կրկին ստիպուած եղանք “Աֆէեան” շէնքը վերակառուցել, յաւելեալ դասարաններ աւելցնելով:
-2003-ին Դպրոցը մեծ յաջողութեամբ որակաւորուեցաւ Նիւ Ինկլընտի Անկախ Վարժարաններու Ընկերակցութեան կողմէ:
-Յաջորդ տարին, 2004-ին վարժարանը նախաձեռնեց Աւարտական Դասարանի Հայաստան Այցելութեան, որ կը շարունակուի առանց ընդմիջումի 16 տարի է իվեր:
-2005-ին Նախաձեռնեցինք փոքրիկներու համար Mayrig and Me ծրագրին, քանի մը տարի ետք աւելի փոքրերու համար Tap and Clap ծրագրին, որոնք երկուքն ալ կը հրամցուին հայերէնով երաժշտութեան եւ շարժումներու միջոցով շաբաթը մէյ մը: Այս նախաձեռնութիւնը շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէ նորակազմ րնտանիքներու մօտ:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

-2011-ին շնորհիւ Gelfand Family Charitable Fund-ին յաջողցուցինք STEM Initiative ը զարկ տալով դպրոցէն ներս գիտութեան, արհեստագիտութեան, մեքենագիտութեան,եւ թուաբանութեան:
– Դպրոցի հիմնադրութենէ քանի մը տարի վերջ, ուսումնական ծրագրին կողքին հաստատեցինք արտադասարանային դասընթացքներ, դպրոցի ժամերէն ետք, ինչպէս Ճատրակի, Գիտութեան, Արուեստի, Դաշնակի, Մարզանքի եւայլն:
-2018-ին Ճատրակի ուսուցումը մաս կազմեց ուսումնական ծրագրին: Այս ձեւով Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանը դարձաւ Նիւ Ինկլընտի այն հազուագիւտ դպրոցներէն մին,, չըսելու համար միակ դպրոցը, ուր Ճատրակը մաս կը կազմէ ուսումնական ծրագրին եւ կը դասաւանդուի ամբողջ աշակերտութեան:
– Ամէն տարի դպրոցը կը մասնակցի պաշտօնական քննութիւններու եւ մեր աշակերտները միշտ ալ բարձր նիշեր կը բերեն այս քննութիւններուն:
-Դպրոցի ամենէն կարեւոր յաջողութիւնը այն է որ իր շրջանաւարտները որ դպրոցը կամ համալսարանը յաճախեն միշտ յաջողակ աշակերտ են: Առաել անոնք գործունեայ աշխատանք կը տանին համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս:

Հ.-Հիմնական հարցեր գոյութիւն ունի՞ն։ Կարելի՞ է թուել կարեւորութեան կարգով։
Պ․- Գլխաւոր հարցը տեղի սահմանափակ ըլլալն է: Հակառակ որ դպրոցը երեք անգամ ընդարձակեցինք վերջին քսան տարիներուն, բայց կրկին տեղը նեղ է: Պատճառն ալ այն է որ Մանկամսուրէն ետք պետական վարժարան երթալու համար դպրոցը ձգողներուն թիւը շատ պակսած է:
Երկրորդ հարցը այն է որ կրթաթոշակներէն եկած հասոյթը չի գոցեր դպրոցի ծախսերը: Պատճառն ալ այն է, որ կ՛աշխատինք կրթաթոշակներու սակերը միշտ մատչելի պահել, որ դպրոցը հասանելի ըլլայ բոլորին: Հետեւաբար ամէն տարի ստիպուած ենք հասոյթաբեր ձեռնարկներ կամ դրամահաւաք կազմակերպել հաւասարակշռելու համար դպրոցի պիւտճէն: Այժմ դպրոցի խնամակալութիւնը կ՛աշխատի աւելի հիմնական լուծում մը գտնել այս հարցին:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր վերարժեւորումը հայեցի եւ հայերէն լեզուի կրթութեան առնչութեամբ։ Մտահոգութիւններ կամ խոչընդոտներ կա՞ն։
Պ․- Դպրոցէն ներս ամէն ջանք կը թափենք Հայերէնի մակարդակը միշտ բարձր պահելու: Մանկամսուրի մէջ բոլոր ուսուցիչները հայ են եւ գլխաւոր լեզուն հայերէնն է: Մանկամսուրէն ետք, կացութիւնը աստիճանաբար կը փոխուի, երբ գլխաւոր նիւթերը կը սկսին դասաուանդուիլ անգլերէնով: Հայերէնի օրական դասաւանդութիւններուն առաւել արուեստի եւ երաժշտութեան դասերն ալ կը դասաւանդուին հայերէնով, աշակերտներուն առիթ տալու աւելի հայերէն լսելու եւ խօսելու: Անոնք մեծ մասով հայերէն սահուն կը խօսին, կը գրեն եւ կը կարդան:
Հայերէնի ուսուցման գլխաւոր խոչընդոտն այն է, որ տեղւոյն լեզուն տիրապետող ըլլալով, տունէն ներս հայերէնը քիչ կը գործածուի, կամ բնաւ՝, մանաւանդ եթէ աշակերտը կուգայ անգլիախօս ընտանիքէ, կամ խառն ամուսնութենէ: Հետեւաբար, իրատես պէտք է ըլլալ եւ նոյն ակնկալութիւնները կարելի չէ ունենալ, ինչպէս այն երկիրներու մէջ. ուր հայերէնը մնայուն ներկայութիւն էր, եւ կը գործածուէր տունէն, ակումբէն կամ այլ հաւաքատեղիներէն ներս, հաւասարապէս:
Ուրիշ հարց մըն ալ հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնն է, որը կը կարօտի մեր Կրթական ու Մշակոյթային Կազմակերպութիւններու եւ/կամ Ազգային Առաջնորդարաններու Ուսումնական Խորհուրդներու մասնաւոր ուշադրութեան:

Հ.- Բազմիցս խօսուած է աւելի բարձր կարգեր (մինչեւ ութերորդ կամ աւելի) ստեղծելու կարելիութեան մասին։ Այս գծով կարելի՞ է տեղեկութիւններ փոխանցել։
Պ․- Իմ անձնական փափաքը եղած է անպայման աւելի բարձր դասարաններ աւելցնել, դպրոցը վերածելու համար միջնակարգ ապա երկրորդական վարժարանի: Այս ծրագիրը կը կարօտի անշուշտ նիւթականի, յաւելեալ տեղի ու յարմարութիւններու, պատրաստուած անձնակազմի եւ մանաւանդ այս ծրագրին կարեւորութեան հաւատացողներու եւ օժանդակողներու:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հ․- Նաեւ կը խօսուի նոր հողաշերտի, նոր կրթօճախի շինութեան մասին։ Ի վերջոյ, հետզհետէ աշակերտներու թիւի աճումը, իր ազդեցութիւնը պիտի չունենա՞յ, որ շատ աւելի ընդարձակ դպրոց մը կառուցուի: Այս գծով փոխանցելիք ունի՞ք։

Պ․- Ընդարձակման ծրագիր մը կայ, բայց դեռ շատ նախնական վիճակի մէջ է, հետեւաբար դեռ կանուխ է որեւէ յայտարարութիւն ընելու:

Հ. – Ինչպէ՞ս կրնաք վերլուծել անցնող 35 տարիները: Ի՞նչ է ձեր տեսլականը:
Պ․- Անցնող 35 տարիներու ընթացքին Սբ. Ստեփանոս Ազգային վարժարանը շարունակական վերելք արձանագրեց, վերը յիշուած տուեալներով:
Իմ երազն է, որ ան ունենայ արդիական յարմարութիւններով իր անհատական շէնքը, ունենայ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգեր, ըլլայ նիւթապէս ամբողջովին ապահով, իր տուած բարձրորակ երկլեզու ուսումէն օգտուին մեծ թիւով աշակերտներ, ան շարունակէ վայելել համայնքի յարգանքը ու գուրգուրանքը եւ փոխադարձաբար շարունակէ պատրաստել համայնքին եւ հայրենիքին համար օգտակար անձիք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles