Պատուարժան խմբագրութիւն,
Կ՚ուզեմ շնորհակալ ըլլալ առաջին հերթին թերթիդ, թերթին հոգատար՝ Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ազգային առաջնորդարանին, որ առիթ ընծայեցիք ինծի եւ ուրիշներու՝ խմբագիրներ, գրողներ, դասախօսներ, որ մասնակցինք հայ մամուլի նուիրուած գիտաժողովին՝ Արամ Ա. Վեհափառի հռչակած մամլոյ տարուան, «Հայրենիք»-ի 120-ամեակին ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 85-ամեակին առթիւ։ Կ՚ուզեմ նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղել Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ ք. Լագիսեանին ու Նիւ Եորքի Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» կոմիտէին, որոնք ջանք չխնայեցին նպաստելու համար այս նախաձեռնութեան յաջողութեան։
Կ՚ուզեմ շեշտել այն դրական երեւոյթը, որ ըլլա՛յ զեկուցաբերները, ըլլա՛յ ներկաները, որոնք գաղափարական միեւնոյն ակունքներէն չէին գար, կարելի դարձուցին աւելի լայն հեռանկարով մը դիտել հարցերը, աւելի լայն առումով մօտենալ խնդիրներուն, աւելի անաչառօրէն ու միասնաբար որոնել լուծումները մեր թերիներուն ու թերացումներուն եւ աւելի համապարփակ ձեւով ուզել վերցնել մեր առջեւ նետուող ձեռնոցները՝ հայ մամուլի գալիք մարտահրաւէրները։
Ի հարկէ մէկ գիտաժողովով հարցեր չեն լուծուիր, այդ իսկ պատճառաւ հրամայական կը դառնայ նման հանդիպումներ կազմակերպել պարբերաբար՝ առիթ ընծայելու ինքնաքննութեան ու ինքնաբարելաւման։
Ինչպէս յիշեցուց Անուշաւան սրբազան հայրը, այս գիտաժողովը կը զուգադիպէր նաեւ հայ մամուլի նահապետ Յարութիւն ք. Շմաւոնեանի հրատարակած «Ազդարար»-ի 225-ամեակին։ Գիտենք թէ հայութեան զարթօնքին մէջ ի՛նչ մեծ դեր խաղացած է արտերկրի իսկ մէջ ծնունդ առած մեր մամուլը ահա արդէն աւելի քան երկու դարէ աւելի։ Կը մնայ գիտակցիլ, ուրեմն, թէ ինչ մեծ դեր ունի ան տակաւի՛ն խաղալիք հայամարտի յառաջիկայ ընթացքին մէջ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
Մոնրէալ, Հոկտեմբեր 28, 2019