Ծ․Խ․- Հայ էսթրատային երաժշտութեան անզուգական մեկնաբան՝ Ատիս Հարմանտեանի մահուան քառասունքն ալ նշուեցաւ։ Յատկապէս Լիբանանի մէջ կատարուեցան ձեռնարկներ։ Իւրայատուկ է Պոլսոյ «Ժամանակ»-ին մէջ լոյս տեսած, Անուշ Թրուանցի այս գրութիւնը, դիտուած տարբեր ակնոցով, մտայնութեամբ եւ ոճով։
1988-1990-ականներուն սկիզբը Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ ունէի դասընկերուհիներ, որոնք Պէյրութէն եւ Հալէպէն 1940-ականներուն հայրենադարձուած հայերու թոռներ էին. անոնց թաղը կ՚անուանէին «ախպարի թաղ»: Զէյթունի «Գնացքի գիծ» կոչուող տարածքին քով ոչ շատ լուսաւոր, կային հին տուներ, որոնք հայրենադարձները 1946 թուականէն ետք, իրենց տրուած հողին վրայ շինած էին, ոչ մէկ ճոխութիւն կար այդ տուներուն եւ բակերուն մէջ: Հոն բնակող բազմաթիւ հայրենադարձներ յետագային, իրենց ազգականներուն կանչով, գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ կամ այլ երկիրներ, եւ այդ թաղերը մինչեւ հիմա այդպէս տխուր են՝ նեղլիկ աստիճաններով, ծռած թիթեղներով: Անոնց երեխաները «Գնացքի գիծ»ին քով գտնուող թիւ 136 դպրոցը կը յաճախէին եւ դասարանին մէջ հնչող անոնց մականունները տարբեր էին հայաստանեան մականուններէն. անոնք կը կրէին Քեշիշեան, Տէյիրմենճեան, Կատայեան, Քեչեչճեան, Պէրպէրեան, Թամերեան եւ այլ հազուագիւտ մականուններ… Հայրենադարձներուն թոռները՝ մեր դասընկերուհիները, յաճախ մեզի իրենց տունը կը հրաւիրէին՝ տեսերիզով դիտելու համար հարսանիք, զոր կ՚անուանէին «ախպարի հարսանիք». տեսերիզները կը ղրկէին Լիբանան, Սուրիա եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող իրենց հեռաւոր հարազատները: Տեսագրուած այդ հարսանիքներուն ժամանակ կը հնչէին Ատիսին երգերը, զորս հայրենադարձներուն թոռները՝ իմ դասընկերուհիներս հիացմունքով կը լսէին, իսկ տան մեծերը, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ սկիզբ առած իրենց երիտասարդութեան յուշերով կ՚ապրէին խորհրդային այդ տարիներուն, հաճոյքով կ՚արտաբերէին «Ատիս» անունը՝ «մէկ հատիկ է» ըսելով:
Ռուսական էսթրատայի շունչով մեծցած հայաստանցիներուս համար «Ատիս» անունը ոչինչ կ՚ըսէր, ինչպէս նաեւ՝ խորթ էր այն ոճը, զոր կ՚երգէր: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ տեսերիզներուն վրայ ձայնագրուած այդ հարսանիքներէն պատկերներ. կիներ՝ ոսկեայ ապարանջան-շղթաներով, բարձր շինուած մազերով, տղամարդիկ՝ հիմնականօրէն պեխերով, վերնաշապիկներուն վերի կոճակները լայն արձակած, կը պարէին գաւաթները ձեռքերնին, դանդաղ մեղեդիին ծորուն հնչիւնը յարմարեցնելով ոտքերու եւ ձեռքերու շարժումներուն հետ: Հարսը միշտ շատ ոսկեղէն կը կրէր, ցայտուն դիմայարդարում ունէր եւ առատ ծաղկեփունջեր կային անոր քովը, ի տարբերութիւն այդ տարիներու հայաստանեան մեր հարսերէն եւ հարսանիքներէն: Միաժամանակ, դասընկերուհիներուս տուներուն մէջ Ատիսին նկարով ձայներիզներ կային:
Հայաստան-սփիւռք «երկաթեայ վարագոյր»ի տարիներուն հայկական երգի ձայներիզները սփիւռքէն ղրկուող թանկագին նուէրներ էին Երեւան բնակող հայրենադարձներուն համար, որոնք իրենց կարօտը կ՚առնէին Ատիսին եւ այլ երգիչներու երգերէն, սրբութեամբ կը վերաբերէին, կը բազմացնէին զանոնք եւ իրարու մէջ կը տարածէին: Հետաքրքական յիշողութիւններ էին՝ ինծի անծանօթ, որ յետագային կորսուեցան, եւ մէյ մըն ալ ես այդ տուները յիշեցի Պէյրութի մէջ բնակած տարիներուս, երբ պէյրութցի հայեր կը պատմէին Հայաստանի մէջ բնակող իրենց հարազատներուն մասին։ Հայաստան ղրկուող ձայներիզները, նուէրները եւ հարազատներուն այցերը ուրիշ պատմութիւններ էին, որոնցմէ մաս մը գրի առած եմ՝ կորուստէ փրկելու համար յիշողութիւնները, որոնց հիմքին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան կարեւոր մասը կայ: Պէյրութի բազմաթիւ հայերու տուներուն, ինքնաշարժներուն մէջ կը տեսնէի Ատիսին, Փոլին, Մանուէլ Մենենկիչեանին ձայներիզները, եւ կրկին խորթ ու անհաղորդ կը մնային ինծի այդ երգերը:
Սփիւռքի մէջ սկիզբ առած հայաշունչ երգը ինծի համար լիովին բացայայտուեցաւ եւ շատ սիրելի դարձաւ աւելի ուշ, երբ ես ծանօթացայ Պուրճ Համուտի մշակոյթին կարեւոր մասը կազմող տիսքոթէքներուն: Նմանապէս, հայաստանցիներուս եւ խորհրդային մշակոյթով մեծցածներուն համար տիսքոթէքը՝ տիսքոն, կը նշանակէր բոլորովին տարբեր վայր մը, ուր կ՚այցելէին երեկոյեան ժամերուն եւ առկայծող լոյսերուն տակ կը պարէին մինչեւ ուշ ժամեր: Պարատեղիներ են տիսքոթէքները սովորաբար, բայց Պուրճ Համուտի մէջ ես բացայայտեցի այդ անունը կրող այլ միջավայր մը, որ ձայներիզներու, տեսերիզներու, գիրքերու, լուսանկարներու, պաստառներու, յուշանուէրներու, ելեկտրոնիկ գործիքներու եւ ձայնագրման սարքաւորումներու աշխարհ մըն էր: Ահաւասիկ, այդ աշխարհին մէջ ծնունդ առած է սփիւռքի հայ երգը:
Տիսքոթէքներուն մէջ ծնած եւ հոնկէ դուրս եկած հայ երգի կայացման մէջ նշանակալի դեր ունի Ատիսը՝ Ատիս Հարմանտեան, որ սփիւռքահայ փոփ երաժշտութեան աստղ կը նկատուի… Ան երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ վերջերս՝ աշխարհով մէկ տարածուած իր միլիոնաւոր երկրպագուներուն ափսոսանք եւ կսկիծ պատճառելով… Մամուլը գրեց իր մասին, ընկերային ցանցերու վրայ հնչեց անոր ձայնը՝ «Ատիսը հեռացաւ» գրութիւններով, բայց անմահ է, իր երգերն ու գործը անմահութեան ճամբան բացած են իրեն համար:
1960-ականներէն իր երգը տարածուած է աշխարհով մէկ, եւ այսօր ալ կը հնչեն Ատիսին երգերը՝ պտտելով սիրոյ, թախիծի, կարօտի, սպասումի, բաժանման եւ երջանկութեան յաւերժ ընթացքը…
Տասնհինգ տարի շարունակ քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք Ատիս մահացաւ Սանթա Մոնիքա քաղաքի UCLA հիւանդանոցին մէջ՝ շրջապատուած երեք երեխաներով, հարազատներով՝ ետին ձգելով վաթսուն տարուան հայ երգի պատմութիւն մը, որ այլեւս անկրկնելի է… Կը ծնին նոր երգիչներ, կը գրուին նոր երգեր, կ՚երգուին նոյնիսկ իր երգած երգերը, բայց Ատիսին ձայնը եւ իր ոճը անկրկնելի են:
Ատիսին մեկնաբանածը միայն երգ չէր, ան իր գործով կը հաստատէր եւ կը մեկնաբանէր հայ ժողովուրդին կարեւոր հատուածին յարատեւութեան խորհրդանիշը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որ յետոյ սահմանները ընդլայնեց աշխարհով մէկ: Գաղութներուն մէջ թրքախօս, արաբաշունչ եւ այլ օտար երգերէ հայութեան վերապրող սերունդները ազատելու խիստ կարիք կար. երգէն բացի ի՞նչ բան կրնար ներթափանցել մարդուս հոգիին, բացայայտել անոր ինքնութիւնը եւ դուրս մղել օտարն ու խորթը: Ատիսին երգը եղաւ մաքրումի տանող այդ ճամբուն ձայնը: Հայերէն երգը օտարութեան մէջ ապրող հայ մարդուն գիտակցութեան վրայ անփոխարինելի ազդեցութիւն ձգեց, սրբեց օտար շունչը եւ սփիւռքի հայը նորօրինակ կեանք ստացաւ երգին շնորհիւ:
Երգի ճամբով կերտած պատմութեան մասին Ատիս Հարմանտեան գրած է «Երգի ճամբով» գիրքին մէջ (Լիբանանի մէջ լոյս տեսած), որուն շնորհանդէսն ալ իր ծննդավայր Պէյրութին մէջ կատարուած է: Այդ գիրքը իր կեանքին պատմութիւնն է՝ ընդհանրական դարձած ուրիշ մարդոց կեանքերուն համար ալ…
Գաղթական ընտանիքի զաւակը, ի սկզբանէ հայերէն չէր երգեր, եւ հայ երգին ոգին է, որ զայն մօտեցուցած է իր ինքնութեան… Արաբերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով երգող Ատիս Հարմանտեանը բացայայտած են ձայնապնակներու վաճառքով զբաղող հայ վաճառականները եւ երբ ձայնագրած են Ատիսին առաջին հայերէն երգը, աննախընթաց այնպիսի յաջողութիւն ունեցած են, որ պահ մը ետին ձգած են օտարալեզու ձայնապը-նակներու վաճառքը եւ զբաղած՝ հայկական երգերու տարածմամբ:
Ատիս ինքն ալ Պուրճ Համուտի մէջ ունեցած է իր տիսքոթէքը՝ «Ատիս» անունով, որ հաւաքատեղի եղած է հայ երգի սիրահարներուն համար: Իր երգած երգերը, նաեւ՝ հայրենի երգիչներուն երգերը, արագօրէն կը ձայնագրուէին եւ կը տարածուէին հայութեան մէջ:
Տիսքոթէքները նաեւ հաւաքատեղիներ էին արուեստագէտներուն եւ Պէյրութ շրջապտոյտի գացող հայ նշանաւոր մարդոց համար: Տիսքոթէքները կը կազմակերպէին աստղերու համերգներ, կը վաճառէին համերգի տոմսերը եւ անփոխարինելի կապ էին երաժշտասէրին եւ երգիչին միջեւ:
Յետագային Ատիս Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է եւ երգիչի գործունէութիւնը Ամերիկայէն շարունակած է, բայց Պէյրութ բնակած տարիներէն արդէն երգահանդէսները, ելոյթները, շրջապտոյտները եւ բուռն համերգները յաջորդած են ամբողջ աշխարհի տարածքին, ան հռչակուած էր իբրեւ հայ ժողովուրդի Թոմ Ճոնզ: Սըր Թոմ Ճոնզի՝ անգլիացի աշխարհահռչակ երգիչի փառքի տարիներուն էր, որ Ատիս նոյնպէս փառքի գագաթնակէտին հասած էր:
Ատիս ձայնագրած է շուրջ երեսուն ալպոմ, որոնց մէջ նաեւ հեղինակային երգեր կան, բայց սովորաբար կ՚երգէր հայրենի երգահաններ Յասմիկ Մանասէրեանի եւ Սեդրակ Յովհաննիսեանի համատեղ գրած երգերը, որոնցմէ՝ «Ծաղիկներ» երգը համահայկական փառք բերած է անոր: Հակառակ որ տարիքի եւ հիւանդութեան բերումով վերջին տարիներուն հեռացած էր երգի աղմկոտ միջավայրէն, բայց եւ այնպէս, հերոսական կարելի է նկատել անոր այցը պատերազմող Սուրիա՝ 2017 թուականին, ուր երգահանդէս ունեցաւ եւ պատերազմի սարսափը ապրող ժողովուրդը մխիթարեց, կեանքի յոյս տուաւ իր երգով…
1970-ականներուն Ատիս երգած է նաեւ Պոլսոյ մէջ: Շատ պոլսահայեր հաւանաբար տակաւին կը պահեն այդ երգահանդէսին՝ Միջին Արեւելքէն գացած եւ մաքուր հայերէն երգեր երգած երիտասարդ ու հմայիչ Ատիսին անմոռանալի համերգին տպաւորութիւնը:
Երգիչը նաեւ օտար երգեր կը հայացնէր: Այդ թարգմանութիւններէն եւ իր երգածներէն «Սայլորդ»ն է ամենանշանաւորը՝ ռուսական երգ մը, որ ռուսերէնով տարածուած էր Խորհրդային Միութեան տարածքին եւ Ատիս երգեց անիկա հայերէնով, ինքն ալ հայ երգի յաւերժ սայլորդ մը մնալով…։