Image may be NSFW.
Clik here to view.ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նախագահ Թրամփ հանրածանօթ է իր արագ, կտրուկ ու անակնկալ որոշումներով: Հաւանաբար, վերոյիշեալ նկարագրականն ու օգտագործուած ածականները անյարիր են եւ հարազատօրէն չեն ներկայացներ Սպիտակ Տան բնակիչին յայտարարածը…այդ օր՝ Կիրակի, Հոկտեմբեր 6-ին, երբ առանց որեւէ տրամաբանական ու խոր բացատրական մը ներկայացնելու, ան յայտնեց, թէ որոշած է քաշել իր ղեկավարած երկրի զինուորական ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային տարածաշրջանէն:
Թրամփի համար, պարզ ու մեկին այս յատուկ ուժերը կատարած են իրենց պարտականութիւնը եւ ժամանակն է, որ վերադառնան հայրենիք։ Եւ 48 ժամ ետք, արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ թրքական բանակը մեկնարկեց «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան:
Ի՞նչ խաղաղութիւն․․․Ի՞նչ աղբիւր։ Ահաւասիկ գործողութիւն մը, որ բացի խաղաղութէնէն, ամէն տեսակի վայրագութիւն կ՛ընդգրկէ:
Ըստ երեւոյթին, Սուլթանամէտ Էրտողանը՝ անցեալը թղթատելով, հանդիպած է պատմութիւն կերտած լատիներէն մէկ իմաստուն խօսքին՝ «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստուէ՛ պատերազմի» (Ci vis pacem, parabellum), եւ, ըստ սովորութեան, անգամ մը եւս սխալ մեկնաբանած է։ Իսկ անդրադառնալով իր այդ երեւակայած խաղաղութեան «աղբիւր»-ին․․․Երանի Եփրատը լեզու ունենար եւ արտայայտուէր իր կուլ տուած տանջանքին, տառապանքին ու արեան մասին։
Վերադառնալով պատահածին, ահաւասիկ ամերիկացիք՝ լաւապէս օգտագործելէ ետք քիւրտերն ու անոնց մարտունակութիւնը, անգամ մը եւս երես դարձուցին եւ մէկ խօսքով «ծախեցին» իրենց կարեւորագոյն զօրակիցը:
Լաւապէս օգտագործել, շահագործել եւ ապա՝ ակնթարթի մը մէջ լքել:
Արդեօք քանի՞երորդ անգամն է, որ նոյնանման սենարիոներ կը կրկնուին եւ թիրախը միշտ աշխարհի մէջ ամենաշատ թիւ հաշուող՝ հայրենիքէ զրկուած քիւրտ ժողովուրդն է:
Ինչո՞ւ այս նենգամիտ որոշումն ու անոր յաջորդող ահաւոր իրավիճակը: Պարզապէս՝ իր նկարագրին համընկնող Թրամփեան ցնցիչ հրահանգ-որոշո՞ւմ մը, թէ վստահաբար այլ մութ հաշիւներ, որուն մէջ դեր ունի այդ խնդրոյ առարկայ տարածաշրջանի, այսինքն՝ հիւսիսային Սուրիոյ արգասաբեր հողաշերտը իր զանազան տեսակի հում նիւթերով եւ կամ Անգարայի կատարած ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը, յատկապէս երբ Սպիտակ Տունը յայտարարած էր, թէ Թուրքիան հեռացուած է «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներու արտադրութեան ծրագիրէն:
Իսկ Անգարայի Սպիտակ Դղեակին վարձակալին համար, միշտ ալ նիւթ եղած էր Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկչական միջանցքը, որ կը գտնուի Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ եւ յաւելեալ արեւելք ուղղուելով՝ հիւսիսային Իրաք: Էրտողանի նշած դժոխային հողաշերտը, յստակ է, թէ հիւսիսային Սուրիա գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն տիրապետութեան տակ գտնուող մասն է: Հողաշերտ մը, ուր մինչեւ վերջերս հազարաւոր ծայրայեղ իսլամական ահաբեկիչներ բանտարկուած էին՝ քրտական ուժերու հսկողութեամբ:
Այսօր, այդ անակնկալ ու անխնայ ներխուժումով, Թուրքիա կացութիւնը շրջանցած է, վերստին կեանքի կոչելով գրեթէ չէզոքացուած իսլամական ծայրայեղական շարժումը:
Ժամանակի դէմ մահացու մրցումին դիմաց, քիւրտերուն կը մնար վերստին դաշնակցիլ Սուրիոյ օրինական ուժերուն հետ՝ Մոսկուայի օրհնութեամբ:
Այդպէս ալ եղաւ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս նշեց, թէ Դամասկոս կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան փոխ-յարաբերութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն մըն է, նաեւ ոտնահարում՝ միջազգային օրէնքի եւ Մ.Ա.Կ.-ի ուխտի սկզբունքներուն:
Դեռ շատ բաներ կրնան փոխուիլ տարածաշրջանէն ներս, մանաւանդ որ Սպիտակ Տան բնակիչը միշտ ալ ինքնաբուխ, ինքնակամ եւ անշուշտ ․․․անհասկնալի եւ անտրամաբանական որոշումներ կ՛առնէ, գլխապտոյտ յառաջացնելով եւ անհանգստացնելով քաղաքակիրթ աշխարհի մը մնացորդացը: