Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Պատուիրակութեան Հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

$
0
0

Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 16-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ:

Հանդիպումը մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հանդիպումներուն: Ցարդ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատուիրակութիւնները հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպաններուն հետ:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններն ու  զարգացման կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային եւ ներքաղաքական հարցերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ պարբերական կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles