Յ. Պալեան, 8 հոկտեմբեր 2019, Քուինզ, Նիւ Եորք
Թութակաբար կը կրկնենք, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի համրանքի աւելի քան կէսն է, բայց ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ո՞ւր է այդ հատուածը: Գումարելով կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ ակումբներուն մէջ ներկայ եղողները, անոնք ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն տուեալ համայնքի մը համրանքին(ներ) բաղդատած:
Ազգի աւելի քան կէս համարուածի համրանքը կը գնահատուի հինգ, եօթը, երբեմն նոյնիսկ տասը միլիոն եւ աւելի: Բայց ոչ մէկ վիճակագրութիւն կայ, եթէ ընդունինք անգամ, որ մեր գնահատումին մէջ տասը, քսան կամ երեսուն տոկոսի սխալ կայ: Բայց այս անորոշութիւնը պատճառ չէ, որ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ (չ)խօսին յանուն սփիւռք(ներ)ի: Ի հարկէ այդ «յանուն»ի ետին ոչ մէկ թիւ կարելի է նշել:
Սփիւռք(ներ)ը, ի հարկէ, այլեւս չէ ինչ որ օր էր յիսուն տարի առաջ, ինչ որ էր Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն եւ անոր հետեւած տարերային արտագաղթէն ետք նոր դիմագիծ ունի սփիւռք(ներ)ը: Ոչ ոք փորձած է, իր ենթադրուած համրանքէն անդին, սփիւռք(ներ)ի համրանքի ազգային որակով տեւող տոկոսը լուսարձակի տակ առնել. պատկանելիութիւն, ինքնութիւն եւ ազգային-քաղաքական (ոչ ընդհանրապէս քաղաքական):
Ոչ մէկ մօտաւոր ճշգրտութեամբ կրնանք խօսիլ, օրինակ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան կամ արեւմտեան ափի, նաեւ Սուրիոյ, Լիբանանի կամ այլ մէկ երկրի հայկական համրանքի, եւ նոյն հունով նաեւ այդ համրանքի ազգային որակ պահած տոկոսներու մասին: Կը տեսնենք եկեղեցիներ եւ ակումբներ յաճախողները, բայց ոչ մէկ վիճակագրական բաղդատական պատկեր ունինք անոնց յիսուն, քառասուն, տասը տարի առաջուան եւ այօրուան մասին: Ոչ մէկ մօտաւոր ճշգրտութեամբ պատկեր ունինք բացականերուն մասին:
Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ի՞նչ է թիւը «հայկական» միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, կեդրոններուն, ակումբներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, անոնց անդամներուն եւ մասնակիցներուն: Անոնք կարենալ «իրենք զիրենք պահելու համար», որքանով իրենց ծննդոցի կոչման կը հետեւին, ըլլայ կրօնական, մշակութային, մարզական, կրթական, քաղաքական կամ այլ: Ամէնքն ալ միաժամանակ ամէն եւ նոյն բաները կ’ընեն, առանց հակասութիւն տեսնելու:
Երբեմն ալ կ’իմանանք զարտուղութիւններու եւ տարօրինակութիւններու մասին: Մշակութային միութիւնը «նարտի»ի եւ «պըլոթ»ի մրցաշարք կը կազմակերպէ, եկեղեցական միութիւնը՝ «սիկառ փարթի», կուսակցութիւնը՝ երգահանդէս, բոլորն ալ «փիք-նիք» եւ «ճաշկերոյթ», դեռ՝ վիճակահանութիւն եւ շրջապտոյտներ, ինչպէս պիտի ընէր զբօսաշրջային ընկերութիւն մը: Այս բոլոր «նախաձեռնութիւններ»ը տեղի կ’ունենան տուեալ համայնքի փոքրամասնութեան մասնակցութեամբ, նոյնիսկ երբ գումարենք բոլորը: Բացակայ զանգուածի մասին չի խօսուիր: Այդ մնայուն կերպով բացակայ,- մեղմացնելով կ’ըսենք նաեւ անտարբեր,- ցրուած համրանքը որպէս ի՞նչ պէտք է արձանագրել, ի՞նչ անուն տալ անոր:
Ո՞Վ ՏԷՐ Է ԵՒ ԿԸ ԶԲԱՂԻ ԱԶԳԻ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍՈՎ
Ազգի այսպէս կոչուած «աւելի քան կէս» սփիւռք համրանքը իրողութեան մէջ ի՞նչ կը ներկայացնէ: Պարկեշտօրէն այս գնահատումը պէտք է ընել եւ ըստ այնմ ծրագրել եւ գործել: Այս արդէն ճշմարիտ ղեկավարութեան դերն է: Բայց ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Չենք ուզեր խոստովանիլ, նահանջը թուանշանի չենք վերածեր, բայց կը գործենք այնպէս՝ որ կարծէք նահանջ չկայ, քանի որ վարչութիւններ կան, կառոյցներու եւ անհատներու անուններ կան, սովորութիւններ, փակ եւ փակուող շրջանակներու մէջ կրկնութիւններ, որոնք խաղի կը նմանին, խաբկանք կը ստեղծեն ներկաներուն համար, մեծամասնութիւն կազմող բացակաները չեն իմանար անգամ:
Սխալ պէտք չէ հասկնալ: Եղածը չէ քննադատելին, այլ եղածով բաւարարուելու ինքնագոհութիւնը: Չենք խօսիր նաեւ չեղածի եւ բացականերու մասին, չխոստովանելու համար մեր անզօրութիւնը: Ինչ որ չենք կրնար, չենք յաջողիր ընել, որպէս հետեւանք կ’ունենայ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ նուազումը, ներկաներու համրանքը հետզհետէ քիչ մը աւելի կը նօսրանայ: Այսպէս, երբ այս կամ այն համայնքի թիւի գնահատումը կ’ըլլլայ, ուժ կը զգանք, հարիւր հազար, երկու կամ հինգ հարիւր հազար, միլիոն: Բայց այդ ուժի ներկայութիւնը ո՞ւր գտնել: Ինչպէ՞ս գտնել, երբ այդ ներկայութիւնը սեփականացնելու համար կազմակերպութիւն չկայ: Խօսքը չի վերաբերիր բազմապատկուող «միութիւններ»ու: Եւ կը գործենք սխալը. խօսքով, ճառով, անցեալի հմայքով ներկան զարդարելով, կը ստեղծենք ներկայութեան կրկներեւոյթ, կը սնուցանենք քարոզչութիւնը: Բայց ոչ լսողները,- որոնց մէջ չկան բացակաները,- ոչ ալ աղմկողները կը հաւատան ըսուածին:
Անդիմագիծ դարձած ամբոխներուն,- մեր պարագային նախկին գաղթականներ, անոնց յաջորդները, նոր գաղթականները,- ազգային նկարագրով հաւաքականութիւն դարձնելու համար գիտակցուած իտէալ պէտք է տալ, հաւատք, որ չըլլան շաբաթավերջի շատախօսութիւն, այլ առաջ-ա-դրանք (pro-jet, pro-ject) իւրաքանչիւր անհատի եւ անոնցմով գոյացած հաւաքականութեան առջեւ դրուած աշխատանքային ծրագիր, որուն մէջ հաւաքականութիւնները տեսնեն իրենք զիրենք, իրենց վաղը, լինելութիւնը: Առաջադրանք, ինչ որ մեր առջեւ կը դրուի, ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով՝ մեզմէ անդին կ’արձակուի: Այս ըմբռնումը իր առօրեայով կամ շաբաթավերջով տագնապող կամ չտագնապող համայնքէն տարբեր հարթութեան վրայ կը գտնուի, ճակատագրի, իրաւունքի եւ ինքնութեան տիրութեան հպարտութեան կը վերաբերի: Առանց այս տիրութիւն-հպարտոթեան կը մնանք անհորիզոն արտադրող-սպառող եսասէրներ, զուրկ յիշուած գիտակցուած իտէալէն եւ հաւատքէն, դեռ երբեմն ալ խօսելով հետզհետէ հեռացող ծագման մը մասին: Թէեւ սեփականի հաւատքը եւ իտէալը կը փոխարինենք նորով, տեղականով, տեղայնականով:
Հեռացող ծագում: Հարազատ եւ ապրուող ծագումը կ’ենթադրէ պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն եւ պարտաւորութիւն:
Այսօր, վերեւ յիշուած հինգ, եօթը կամ աւելի միլիոնները ինչպէ՞ս կը դիրքորոշուին, դիրքորոշուած են ծագման եւ արմատներու տիրութեան ըմբռնումի հարցով: Կրկնենք. պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն եւ պարտաւորութիւն: Եթէ այսպէս մտածենք, ի՞նչ կը մնայ հինգ, եօթը, տասը միլիոնէն: Կամ այդ յիշուած միլիոններու առաջնորդները ինչո՞ւ չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր զանոնք խմբել, առաջքը առնել նօսրացումի:
Այսպէս է իրականութիւնը: Բայց հաստատումը ոչ մէկ օգուտ կը բերէ ազգին, եթէ չխօսուի պատճառներու եւ դարմաններու մասին:
ՈՐԱԿԱԿԱՆ ՆՕՍՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՆԽՈՒԻ՞
Համախմբելու դերին կոչուած, կամ իրենք զիրենք կոչած կառոյցները եւ զանոնք ղեկավարողները հաշուեկշիռը պէտք է որ ընեն (չ)կատարուած աշխատանքին, այդ աշխատանքը ներշնչող գաղափարին, տարտղնուած զանգուածներուն զանոնք հասցուցած կամ չհասցուցած ըլլալու մասին խօսին, այդ զանգուածներուն մօտ անոնց մատչելիութիւնը,, հասանելիութիւնը եւ իւրացումը օրակարգ դարձնեն: Այսինքն պէտք է ձեռնարկել կացութեան լայնածիր եւ առանց կանխակալ կարծիքի քննարկման, ոչ միայն վերնախաւի մէջ, ինքնաշնորհուած իրաւունքով անհատներու շրջանակին մէջ:
Նախ պէտք է գիտնալ, թէ ո՞վ ո՞ւր է: Այսինքն մարդահամար պէտք է իրականացնել: Կը խօսինք Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի մասին: Ի՞նչ գիտենք Հնդկաստանի կամ Սրի Լանքայի հայութեան մասին, կամ Եւրոպայի մէջ Իրլանտայի հայերուն մասին: Նոր Զելանտայի մէջ եկեղեցական թեմ ստեղծուած է, բայց ի՞նչ գիտենք անոր մասին:
Ինքնահաճութեամբ յիշուող համաշխարհային ազգը միգամած մըն է, բայց ոչ շօշափելի ներկայութիւն եւ իր ենթադրեալ համրանքին համապատասխան գործօն:
Կը մտածե՞նք այս համաշխարհային ազգ միգամածին համախմբումին եւ ազգային որակի վերածման մասին: Ի՞նչ մտածել եւ ինչպէ՞ս մտածել: Զանազան նպատակներու համար գիտենք Հիմնադրամներ ստեղծել: Արդեօ՞ք ժամանակը չէ՞ Հիմնադրամ մը ստեղծելու, որպէսզի մասնագիտական կերպով մարդահամար կատարուի, անոր հիման վրայ ձեռնարկուի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ հասնելու աշխատանքի, որպէսզի թիւը ըլլայ ներկայութիւն, ըլլայ ՄԵՆՔ:
Համաշխարհային Ազգ համարուած միգամածի ո՞ր տոկոսին կը հասնի հայ թերթը, հայ ձայնասփիւռը, հայ հեռատեսիլը: Անտեղեակները բնական կարգով բացակայ կ’ըլլան, դուրս կը մնան: Եթէ հոս կամ հոն քանի մը շէնք պակաս կառուցուի եւ միջոցներ ստեղծուին թափանցելու յիշուած միգամածին մէջ, ճանչնալու եւ տեղեկացնելու աշխատանք իրականացուի, համաշխարհային ազգը կ’ունենայ յստակութիւն, ազգային որակ, համրանքը կը դադրի միտքի վերացական մարզանք ըլլալէ, կ’ըլլայ ինքնութիւն:
Յաճախ կը խօսինք միացման եւ հզօրացման մասին: Անտեղեակներով, բացականերով, անտեսուածներով ո՞ր միացումը եւ ո՞ր հզօրացումը կարելի է իրականացնել:
Ինչո՞ւ չի խօսուիր եւ չի զեկուցուիր այս մասին:
Եթէ չենք ուշացած, եթէ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ըսուած գեղեցիկ խօսքերը սոսկ ներկաները խանդավառող պղպջակ չեն, այս աշխատանքին այսօր պէտք է ձեռնարկել եւ դադրիլ, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը, եզներու առջեւ դնելէ արօրը, որ այդպէս ալ ակօս չի բանար:
Խնդիրը ոչ բեմի լոյս է, ոչ շքանշան, ոչ տօնախմբութիւն, ոչ աթոռ-աթոռակ: Ան կը վերաբերի ծագումով հայ դարձող միլիոններուն, որոնք ՄԵՆՔին մէջ պէտք է ըլլան: Եւ եթէ ուշանանք՝ պիտի չըլլան: