
Ապա անոնք յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան ամերիկեան-արցախեան յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Նախագահը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն է՝ բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներուն դերը Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման առումով:
Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անոնց կատարած աշխատանքին համար:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի ղեկավարը նշեց, թէ Արցախը բաց է համագործակցութեան համար եւ կ՛ակնկալէ, որ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին ամերիկեան կառոյցները, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան իրավիճակի մասին ոչ միայն հեռակայ մշտադիտարկում իրականացնեն, այլ նաեւ ուղղակիօրէն աշխատին Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան հետ ու աջակցութիւն ցուցաբերեն ժողովրդավարական կառոյցներու կատարելագործման:
«Արցախում ապրող մարդիկ ունեն նոյն իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ինչպէս ցանկացած երկրում ապրող մարդիկ, եւ քաղաքական կարգավիճակով պայմանաւորուած սահմանափակումներն անթոյլատրելի են: Ուստի՝ յոյս ունեմ, որ մեր յարգարժան քոնկրէսականներն իրենց նախաձեռնութիւններում ուշադրութիւն կը դարձնեն նաեւ անվտանգութիւնից ոչ պակաս կարեւոր այս խնդրին», նշեց Ղուլեան: