Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏԱՐՕՆԻ ԱՒԱՆԴՆԵՐԸ ՊԱՀԱԾ ԱՐՇԱԿ ՊԱՊՈՒԿԻ ԶԱՅՐՈՅԹԸ

$
0
0

 

            Նիւ Եորքի կից Քուինզի մեծ վաճառատուները ունին աժանագին ճաշի սպասարկութիւն, ուր կը խռնուին մարդիկ, իրենց գնումներէն առաջ կամ վերջ:

            Այդպէս, կէսօրը անցած էր, մենք ալ փրդուճ մը հացի համար հերթի կանգնեցանք, ապա քոքա-քոլայի խոշոր լեցուն բաժակով մը նստարանի մը վրայ տեղ գտանք: Սեղանակից դարձանք Միացեալ Ազգերու Ժողովի մասնակիցներու պատկերով ճաշողներու միջազգային խումբին:

            Կողքէս հայերէն լսեցի: Ո՞ւր հայ չկայ, քանի որ տանիքներէն կը պոռանք, որ  համաշխարհային ազգ ենք, չըսելու համար յաւերժի յաւերժ գաղթական:

            Պետական նպաստով (ուէլֆէր) ապրող կամ թոշակառու զոյգի մը քրթմնջոց լսեցի:

            Հակառակ Մակարուհիի արգելքին, բարեւեցի, ծանօթացանք: Սուրիոյ գաւառական քաղաքէ մը աւետեաց երկիրը եկած էին տարօնցի վարժապետ Արշակը եւ վարժուհի Լուսոն: Բացառիկ ոչինչ: Քանիներ այդպէս եկած են եւ դեռ պիտի գան:

            «Ուրկէ՞ եկած էք, ուրկէ՞ կու գաք» հարցումներէ ետք, մտերմացանք: Տարօնցի Արշակը լսող ականջ գտած ըլլալու հրճուանքով խօսեցաւ եւ աներեւակայելի բաներ պատմեց, յուզիչ եւ ցաւցնող, որոնց մասին մեր թերթերը, քիչ մը զեղչելով յուշագրութիւնները եւ քաղաքական տեսութիւնները, չեն խօսիր:

            – Այս ի՜նչ կրակի ձգեցին մեզ,- ըսաւ հառաչելով:

            Խորհեցայ, որ ցեղասպանութեան կամ արցախեան պատերազմի մասին պիտի խօսի: Երկար չսպասեցի: Շարունակեց:

            – Բարեկամս, հոս ինչե՜ր կը լսես եւ կ’ապրիս: Անցեալ շաբաթ աղջկանս տունը սուգ կար: Ինք եւ փեսաս իրենց սատկած շան սուգը պահեցին: Նոյնիսկ իրենց պէս շանտէրեր ցաւակցութեան եկան, մխիթարեցին: Այս Ամերիկա է, արդիականութիւն:

            Քաղաքավարութեամբ ըսի.

            – Պարոն Արշակ, շունը հաւատարիմ կենդանի է, երբ վարժուած կ’ըլլաս, կը յուզուիս:

            – Այդ չէ միայն: Հոս սրբութիւն չկայ: Աղջիկս եւ փեսաս, երբ պիտի ամուսնանային, որոշեր էին, որ իրենց ամուսնական մատանիները բարձիկի մը դնեն եւ ամրացնեն այդ շան գլխուն վրայ, եւ ան այդ մատանիները խորան բերէ: Ուզած էին արտակարգ փայլ մը տալ իրենց ամուսնութեան: Հակառակ տարիքիս, ինքնիրմէս ելայ, հայհոյեցի, պոռացի, կանչեցի: Լուսոն վախցաւ, որ տեղւոյն վրայ կը մեռնիմ: Տուն հասցուցին զիս, բժիշկ կանչեցին:

            Լուսոն միջամտեց:

            – Է՜, մարդ, նորէն մի՛ յուզուիր:

            Չէի միջամտեր, բայց կը սպասէի գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտէր խորան գացող եւ մատանի տանող շան պատմութիւնը:

            Տարօնցի Արշակ հանդարտելէ ետք, շարունակեց.

            – Աղջիկս եւ փեսացուս եկան հիւանդտեսի: Անկողինիս մէջ շտկուեցայ եւ ըսի, որ մեր եկեղեցիի խորանը շուներու համար չէ եւ ես կ’ուրանամ զիրենք: Ըսի ուրիշ բաներ ալ: Գացին: Բայց իմ եւ շան միջեւ ընտրութիւն կատարելու չափ խելք ունեցան: Շունը մատանիները խորան չբերաւ:

            Տարօնցի Արշակ լռեց: Յուզուած էր, տխուր եւ քիչ մը հպարտ՝ առաջքը առած ըլլալու համար հայ խորանին պղծումին:

            Թոյլ չէր տուած, որ շունը խորան հասնի:

            Բայց այդ շան համար սուգ եղած էր եւ մարդիկ եկած էին այդ սուգին մասնակից ըլլալու:

            Կ’ըսեն, որ յառաջդիմութիւնը կարելի չէ կասեցնել:

            Կրնա՞յ պատահիլ, որ արդիականութիւնը օր մը շուները խորան տանի:

            Այն ատեն տարօնցի Արշակ եւ Լուսօ այլեւս այս աշխարհէն չեն ըլլար:

            Եւ թերեւս շուներու իրաւունքը կը դառնայ օրէնք:

 

Մակար ի Քուինզ, Նիւ Եորք, 3 հոկտեմբեր 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles