ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, վերջերս կատարած նիստի մը ընթացքին, որոշեց թէ Ազգային ժողովէն ներս, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանին պիտի փոխարինէ Միքայէլ Մանուկեանը:
Ծնած Ապրիլ 10, 1967-ին, Երեւանի մէջ: Ամուսնացած եւ երեք զաւակներու տէր, ան 1986-ին աւարտած է Երեւանի Թերլէմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ձեւաւորումի բաժանմունքը իբրեւ նկարիչ եւ 2000-ին աւարտած է Պետական մանկավարժական հիմնարկը: 1986-1988 ժամանակաշրջանին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ: Արցախեան ազատամարտի սկիզբէն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններուն: Ան պարգեւատրուած է զանազան մետալներով:
1992-էն մինչեւ 2002 աշխատած է “Երկիր“ օրաթերթին մէջ` իբրեւ թղթակից, իսկ 2002 թուականին` Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինին մէջ իբրեւ կուսակցական կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու:
2002-2007 եւ 2010-էն ցայսօր Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի նախագահն է: Մայիս 12, 2007-ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով: