Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

12 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ԼԻԶՊՈՆԻ “ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ“ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԿՈՂՄԷ “ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՐԻՎԻՈՒ“Ի ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

$
0
0

Calouste Gulbenkian Foundation logo  “Արմինիըն Րիվիու“ թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 1948-էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը որոշած է 12 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել: Այս նուէրը կու գայ աւելնալու նոյն նպատակին համար 5000 տոլար նուիրատուութեան վրայ, որ կատարուեցաւ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող անձի մը կողմէ:

Թուայնացման ծրագիրին նպատակն է թերթին մօտաւորապէս երկու հարիւր թիւերը մատչելի դարձնել աշխարհի տարածքին ուսումնասիրութիւն կատարողներու կամ այլ հետաքրքրուողներու` համացանցին միջոցաւ:P12-13 review

Խմբագրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ սոյն նուիրատուութիւնները կը փակեն ամբողջ ծրագիրին մէկ կարեւոր մասը, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ ծրագիրի ամբողջացման համար հարկաւոր գումարի գոյացման ջանքին, կրնան դիմել editor@armenianreview.org հասցէին:

“Արմինիըն Րիվիու“ թերթի գլխաւոր խմբագիր փրոֆ. Ասպէտ Գոչիկեան կը յայտնէ, թէ “Կիւլպէնկեան“ի կատարած առատաձեռն հատուցումը թերթը յատկանշականօրէն հասցուցած է համացանցային կարեւոր ներկայութիւն մը ըլլալու նպատակին` աւելցնելով, թէ ներկայիս աշխատանք կը տարուի թերթի համացանցային կայքը բարեկարգելու ուղղութեամբ, որպէսզի անիկա պատրաստ ըլլայ ընկալելու թուայնացման շնորհիւ նիւթերու զգալի աճը:

Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեանը, որ վերաքննութեան կ’ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի “Հայոց Պատմութիւնը“ գործէն որոշ հատուածներ` զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ աղբիւրներու հետ: Երկրորդ` Ռուբէն Շուկարեանի պատկանող յօդուածը կ’առնչուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող ջանքերուն եւ անոնց ձախողութեան, իսկ երրորդ յօդուածը զրոյց մըն է Թանէր Աքչամի, Ուղուր Ումիթ Ունկորի եւ Մեհմետ Փոլաթելի միջեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն հայերէն բռնագրաւուած կալուածներուն եւ հարստութեանց մասին:

“Արմինիըն Րիվիու“ի նոր թիւէն օրինակներ կարելի է ստանալ անջատաբար կամ բաժանորդագրուելով թերթին` այցելելով

www.armenianreview.org կայքը կամ դիմելով Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012, orders@armenianreview.org հասցէներուն եւ հեռաձայնելով (617) 926-4037 թիւին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles