Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակ. Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935) «Հայ Երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցը»

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հայ երաժշտական ազգային լեզուն յայտնաբերողն ու հայ երաժշտութեան ազգային դպրոցի հիմնադիրն է ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ. երգահան, կատարող (երգիչ եւ նուագածու), խմբավար, բանահաւաք, ազգագրագէտ, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ Երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը` միաժամանակ:

Կոմիտաս «առաքեալն ու կենդանի մարմնացումն է հայ երաժշտութեան». հայ երգը Կոմիտասին կը պարտի իր ազգային իւրայատուկ դէմքն ու դիմագիծը. Կոմիտաս, իր կարգին, հայ երաժշտութեան պատմութեան ամէնէն պայծառ եւ լուսաւոր դէմքն ու բիւրեղեայ դիմագիծն է, առանց որուն` ազգային հարազատ հայ երգը մնացած էր ու դեռ երկար ժամանակ փոշիներու տակ թաղուած կը մնար` բոլորին անծանօթ, թէ՛ օտարին եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի զաւակներուն հաւասարապէս: Այս իրողութիւնն է, որ օտարները մղած էր հաւատալու եւ հաստատելու, որ` «հայը չունի ազգային իւրայատուկերաժշտութիւն», եւ թէ` քրտական, թրքական, պարսկական եւ ընդհանրապէս արեւելեան զանազան երգերու խառնածին արդիւնքն ու ծնունդն է անիկա: Կոմիտաս յաջողեցաւ ջրել այդ անհեթեթ կարծիքը եւ հակառակը փաստել աշխարհին. որ` ո՛չ, «Հայն ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն» օրին մամուլի մէջ լոյս տեսած իր համանուն յօդուածով. այդ թուականը (1913) կարելի է անկիւնադարձ մը սեպել հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ` իսկ այդ յօդուածը կարելի է հայ երաժշտութեան վերայայտնաբերման վկայագիրը համարել:

Կոմիտաս կը մեկնէր իր այն տեսութենէն, որ որեւէ ազգային երաժշտութիւն կը հիմնուի, առաջին հերթին, իր մայրենի խօսակցական լեզուի օրէնքներուն վրայ եւ կ՛ենթարկուի անոր սկզբունքներուն, առոգանութեան, կշռոյթին, շեշտադրութեան, շնչառութեան, ելեւէջներուն, կէտադրական օրէնքներուն եւ այլ ընդհանրական իւրայատկութիւններուն եւ յատկանիշներուն. հետեւաբար երբ ժողովուրդ մը ունի սեփական լեզու եւ լեզուամտածողութիւն, չի կրնար ըլլալ, որ ան չունենայ նաեւ իր ազգային սեփական երգն ու երաժշտութիւնը: Այս տեսութիւնը իբրեւ մեկնակէտ առնելով` Կոմիտաս կ՛ուղղուի դէպի հայ երգի անխաթար ակունքները, դէպի Հայկական Լեռնաշխարհի անեղծ եւ անխաթար մնացաժ գիւղերը, ուր բնակող գեղջկուհիները ան կը համարէր հայկական աւանդութիւններու եւ ազգային իւրայատկութիւններու ամէնէն վստահելի եւ վաւերական պահակներն ու պահապանները. եւ իսկապէս, հայ գեղջկուհիներն են, որ Կոմիտասը կ՛առաջնորդեն դէպի իր փնտռտուքներուն բիւրեղեայ ակունքները` պսակելով անոր գործը գերազանց արդիւնքով. եւ ի զուր չէ, որ Կոմիտաս կը նախընտրէ գործածել «հայ գեղջուկ երգ»բնութագրումը` փոխան «հայկական ժողովրդական երգ» բանաձեւին, որ մեր օրերուն մասնաւորաբար մեծ շփոթի եւ անորոշութեան եւ թիւրիմացութիւններու առիթ կու տայ զանգուածային մակարդակներու վրայ:

«Լեզուաբանական տեսութեան» նոյն սկզբունքներով է, որ Կոմիտաս կ՛աշխատի հայ հոգեւոր երգերու եւ պատարագի «մաքրագործումի» եւ մշակման վրայ: Կոմիտասի այս շնորհակալ աշխատանքին շնորհիւ է, որ մեր հոգեւոր անզուգական երգերն ու հոգեզմայլ ու «հոգեխռով» պատարագը կը վերահրամցուին մեզի հանդիսաւոր եւ տօնական առիթներուն: Ի դէպ, հայկական պատարագի երաժշտութիւնը,որ գերազանցօրէն ժողովրդական ստեղծագործութիւն է, իր գեղարուեստական կատարելութեամբ ու գեղեցկութեամբ հայ մշակոյթի անկրկնելի հարստութիւններու գանձարանին մաս կը կազմէ:Ան մաշտոցեան դպրոցի «թագուհի թարգմանութեանց» (ըստ Լակրոզի, որուն կը հետեւին ուրիշներ) Աստուածաշունչի հեռաւոր եւ ժամանակակից արձագանգն է. Հօրմէ (Գրիգոր Լուսաւորիչ) եւ Որդիէն (Մեսրոպ Մաշտոց) բխած: Այդ իմաստով Կոմիտասի մշակած պատարագի մասին Վերտիի եւ Լիւք Անտրէ Մարսելի կարծիքները «մեծ վարդապետ»-ի գործին ամէնէն հեղինակաւոր ու վաւերական բնորոշումներէն ու արժեւորումներէն կարելի է նկատել: Նախ մէջ բերենք առաջինի` Իտալիոյ երաժշտական ազգային փառքերէն եւ համաշխարհային երաժշտութեան  հսկաներէն Ճուզեփփէ Վերտիին խօսքը ուղղուած Կոմիտասին. «Երբ կ՛ունկնդրեմ քու պատարագդ, հոգիս կը հանգչի»: Ապա խօսքը տանք Մարսելին. «Ես,որ եկեղեցի չեմ յաճախեր, հեռու եմ կրօնական ջերմեռանդութենէ, ամէն անգամ որ կ՛ունկնդրեմ Կոմիտասի պատարագը, կը հոգեփոխուիմ, կը վերանամ… Իր պատարագը գլուխ-գործոց մըն է»:

Արդարեւ, հայկական պատարագի կոմիտասեան մշակումը հայ հոգեւոր երաժշտութեան գագաթներէն ու թանկագին գոհարներէն մէկն է:

Հայ երաժշտութեան պատմութեան անլուծելի եւ առեղծուածային հանգոյցներէն մէկն էր հին հայկական խազերը կարդալու ուղղութեամբ Կոմիտասի տարած աշխատանքը, որ տասնամեակներէ ի վեր կորսուած եւ անգտանելի կը կարծուէր. այսօր այդ հարցը եւս մասամբ լուծուած է` շնորհիւ հայրենի երաժշտագէտ Արթուր Շահնազարեանի հետեւողական պրպտումներուն, որ յայտնաբերած եւ խմբագրած եւ հրատարակած է Կոմիտասի հետազօտութիւնը, որուն շնորհիւ` այսօր կարելի է կարդալ եւ լսել դարերու խորքէն մեզի հասած եւ հայկական հին խազերով արձանագրուած հոգեւոր երգերը: Այս մէկը մեծ ներդրում է նաեւ համաշխարհային երաժշտագիտական միջավայրերուն համար, որովհետեւ, ըստ Էկոն Վելեշի, «հայկական հին խազերու վերականգնումը մեծապէս կրնայ նպաստել արեւմտեան միջնադարեան խազագրութեան եւ երաժշտութեան ուսումնասիրութեան»… Այս գործին մէջ ի յայտ կու գան նաեւ Կոմիտաս վարդապետի հմուտ եւ խորաթափանց ուսումնասիրողի յատկանիշներն ու կարողութիւնները:

1910-ին Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս կը հիմնէ 300 հոգինոց երկսեռ երգչախումբ մը` «ԳՈՒՍԱՆ» անունով, որ աննախընթաց երեւոյթ էր Միջին Արեւելքի մէջ, թէ՛ իր քանակով (իր անդամներու թիւով), թէ՛ իր բնոյթով, թէ՛ իր երգացանկի այլազանութեամբ եւ մակարդակով, եւ թէ՛, մանաւանդ, իր գեղարուեստական-կատարողական որակով, ոչ միայն հայ իրականութեան, այլեւ ամբողջ Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ: «Գուսան»-ի համերգները մեծ տպաւորութիւն ձգած եւ հիացումով ընկալուած են այդ օրերուն Պոլիս գտնուող տեղացի եւ եւրոպացի ամէնէն խստապահանջ մասնագէտներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողմէ: Հետագային Կոմիտասի աշակերտ Բարսեղ Կանաչեան իր հիմնած երգչախումբը «Գուսան» կ՛անուանէ ի յիշատակ, ի յարգանս եւ յերախտագիտութիւն իր մեծ ուսուցիչին` Կոմիտաս վարդապետին: Իսկ յարգելու եւ յաւերժացնելու համար յիշատակը հայ երաժշտութեան այդ զոյգ երախտաւորներուն խնկելի յիշատակը` Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը «Գուսան» անունով կը վերամկրտէ իր հիմնած (1992) առաջին երգչախումբը` վստահելով զայն նախ հայրենի ծանօթ խմբավար Յարութիւն Թոփիկեանին, ապա` երգահան Երուանդ Երկանեանին, որմէ ետք կարճ ժամանակ մը Պարգեւ Թասլաքեան կը ստանձնէ անոր ղեկավարութիւնը. իսկ կարճ ժամանակ մըն ալ Կարօ Աւեսեան կը լծուի վերականգնումի դժուար աշխատանքներուն. ներկայիս Գօգօ Ալլոզեանին վստահուած է այդ ծանր պատասխանատուութիւնը: Յաջողութիւն` մեր երիտասարդ խմբավարին եւ շնորհակալութիւն` Շրջանային վարչութեան, ասկէ ճիշդ 119 տարի առաջ (1910) ճամբայ ելած «Գուսան»-ին երթը շարունակելու եւ 119-ամեայ ազգային աւանդութիիւն մը վառ պահելու ուղղութեամբ մերօրեայ  դժուարագոյն պայմաններուն մէջ իր ի գործ դրած հետեւողական եւ յամառ ճիգերուն համար:

Հայկական պետութեան չգոյութեան պայմաններուն մէջ, Կոմիտաս ծրագրած էր նաեւ Պոլսոյ մէջ ազգային երաժշտանոց մը հիմնել եւ այդ ուղղութեամբ նոյնիսկ գործնական քայլերու դիմած էր. սակայն դաժան ճակատագիրը անկատար թողուց մեծ վարդապետին այդ ազգօգուտ երազը եւս, որ իրականութիւն դարձաւ 1983-ին դարձեալ շնորհիւ Լիբանանի Համազգայինի նախաձեռնութեան, Լիբանանի մէջ, «Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ անունով` ի յիշատակ սփիւռքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայութեան սրտին այնքան մօտիկ Բարսեղ Կանաչեանին:

Անչափելի են «Հայ երաժշտութեան քուրմին» բերած նպաստը հայ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս` մասնաւորաբար:

Միջազգային երկնակամարին վրայ եւս անբաղդատելի երեւոյթ է Կոմիտաս վարդապետ ճիշդ այնպէս, ինչպէս են մեր մշակութային երրորդութեան միւս երկու անբաղդատելիները, որոնց հետ ան կը կազմէ հայ մշակոյթի Տարերային Երրորդութիւնը . (Հայր Աստուած` ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ), (Որդին Աստուած` ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ) եւ (Հոգին Սուրբ Աստուած` ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ)…

Ճիշդ է` Կոմիտաս Պախի, Մոցարթի կամ Պեթհովենի հասկացողութեամբ եւ տարողութեամբ «երգահան» (composer-յօրինող) չէ, սակայն անոր կատարած գործը անբաղդատելի եւ անգնահատելի է եւ իր նմանը չունի երաժշտութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ մեր «sine qua non» հինգ մեծագոյն դէմքերէն մէկն է Կոմիտաս վարդապետ. անոր չգոյութիւնը հայ ազգային երաժշտական լեզուի չգոյութիւնն է…

Այո, Պախ, Մոցարթ եւ Պեթհովեն անկիւնադարձային հանգրուաններէն եւ անքակտելի օղակներէն են արեւմտեան երաժշտութեան հոլովոյթին մէջ իրենց գեղարուեստական հանճարեղ իրագործումներով. մինչ Կոմիտաս հայ երաժշտութեան էութիւնը, գոյութիւնը, հոգին ու ոգին է` միաժամանակ:

Անբաղդատելի պարագայ մը իր իւրայատուկ յատկանիշներով:

Մեծերու մէջ մեծագոյններէն է ան:

Արդ, չնսեմացնենք մեր վաւերական արժէքները` ստորակայութեան բարդոյթէ մղուելով…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles