ՓԱՐԻԶ․- Ապրիլ 5-ին, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հանդիպումը՝ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան եւ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան։ Օրակարգի վրայ արծարծուեցան Հայաստանի հանրապետութեան, Հայ Դատի վերաբերող նորագոյն զարգացումներն ու միացեալ նախաձեռնութիւններու ուղիները։