Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

$
0
0

Տասնեակ տարիներէ ի վեր Անդրանիկ Գարատօլեան Տիթրոյթի «Հայրենիք»-ի թղթակիցն էր։ Ամէնայն մանրամասնութեամբ եւ բծածնդրութեամբ, ան կը կատարէր իր պարտականութիւնը։ Ե-նամակով ղրկելէ ետք, եւ նոյնիսկ ստացման պատասխանն ալ ստանալով, ան հեռաձայն մըն ալ կ՛ընէր, պարզապէս հաստատ ըլլալու համար, թէ իր գրած թղթակցութիւնը հասա՞ծ է, թէ ոչ։
Այսպէս էր Անդրանիկ Գարատօլեան տիպարը, որ միշտ ալ մտահոգութիւն կը յայտնէր, թէ երիտասարդ սերունդը հետաքրքրուած չէ գաղութի մասին լրագրութիւն կատարելու։
«Հայրենիք»-ը կորսնցուց նուիրուած թղթակից մը, իսկ իր ծուխը՝ Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին՝ հլու սարկաւագ մը։ Հաւատաւոր դաշնակցական, ընկեր Անդրանիկը նաեւ գործօն էր շրջանի «Ազատամարտ» կոմիտէութենէն ներս։
Դեռ աւելին, Անդրանիկ Գարատօլեան կառչած մնացած էր իր Մուսա լեռի եւ Այնճարի արմատներուն։ Նոյնինքն Գարատօլեանն էր հիմնադիրը՝ Մեծն Տիթրոյթի Մուսալեռցիներու միութեան։ Հաւատաւոր դաշնակցական՝ ընկեր Անդրանիկը նաեւ գործօն էր շրջանի «Ազատամարտ» կոմիտէութենէն ներս։
Ծնած Մարտ 23, 1945-ին` Հալէպ, Անդրանիկ ութսունականներուն փոխադրուած էր Տիթրոյթ, ընտանիք կազմած Վարդուկին հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով՝ Սեւան, Յակոբ եւ Վիգէն։
Գարատօլեան մահացաւ Ապրիլ 2-ին։ Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ Ապրիլ 6-ին, ժամը 10։00-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
«Հայրենիք»-ի ընտանիքը խոր ցաւակցութիւններ կը յայտնէ Գարատօլեան ընտանիքին, ազգականներուն եւ բարեկամներուն։
Ծանօթ․- Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւններ կատարել Մեծն Տիթրոյթի Մուսա Լեռցիներու միութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles