ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մարտ 30-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, որ Մ.Ա.Կ.-ի խորհրդաժողովին մասնակցած էր, հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, Արցախի տագնապին մասին խօսելով, յայտնեց, թէ ինք կը փոխէ «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը:
«Ես` իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, կ՛ըսեմ` «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը վերաձեւակերպած եմ, մենք հակառակը պիտի ընենք` «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներու դիմաց» ձեւաչափով գործելով», ըսաւ ան:
«Մենք այդ խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանական կացութեան մէջ ըլլալէ պիտի ձերբազատինք: Պիտի աւելցնենք թիւը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք ռազմական գործողութիւնները կրնան տեղափոխել հակառակորդի տարածք», նշեց նախարարը:
Նախարարը հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ամերիկահայերուն ներկայացուց նաեւ բանակին մէջ տիրող իրավիճակը:
Այս հանդիպման ներկայ էր Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Նիւ Եորքի հովիւ Մեսրոպ Լագիսեան։
Նախարար Տօնոյեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի վիրաւորներու հիմնարկի հիմնադիր Ռազմիկ Արզումանեանին, որ հետեւողական կերպով կը գործէ նեցուկ կանգնելով, ռազմաճակատի վրայ պայքարող հայ զինուորին։ Այս գծով, նախարարը նաեւ շնորհակալութիւնն յայտնեց բարերար Ազատուհի Զարիկեանին, դոկտ․ Հրանդ Մարգարեանին եւ հայ բժիշկներու հիմնարկին։
Մարտ 31-ին, հայրենի պատուիրակութիւնը այցելեց Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Պատուիրակութեան միացած էին Ուաշինկթընէն ժամանած դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Մ․Ա․Կ․-ի մօտ դեսպան Մհեր Մարգարեան։
Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան յաւելեալ բացատրութիւններ տուաւ եկեղցւոյ մասին, վեր առնելով անոր պատմականը, ուր կամաւորներ օրհնութիւն ստանալէ ետք, մեկնած էին հայրենիք, նաեւ բազմաթիւ գաղթականներու համար պատսպարան գործածուած էր։