Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԷՆ ՀԵՌՈՒ․․․

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Վիեննայի մէջ կատարուած հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ  կարելի է սեպել, այս տարուան երկրորդը, նկատի ունենալով որ, տարեսկիզբին՝ Յունուարի աւարտին, Տաւոսի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցած էր շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ տը եուրէ՝ չնախատեսուած եւ տը ֆաքթօ՝ նախատեսուած հանդիպում մը:

Հետաքրքրական էր, այդ հանդիպման շուրջ ստեղծուած խառնաշփոթ վիճակը:  Մանաւանդ, որ հանդիպման նախօրեակին, կամ աւելի ճիշդը նմանօրինակ հանդիպում մը դասաւորելու համար Սպիտակ Տան ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր վարչապետ Փաշինեանի հետ, որպէսզի չնախատեսուածը նախատեսուէր, այսինքն երկու թշնամի երկիրներուն ղեկավարները տեսակցութիւն մը ունենային:

Աւստրիոյ նախագահական բանբերը տեղեկացուց, թէ Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելէնն ալ հանդիպում մը պիտի ունենար երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Այդպէս ալ պատահեցաւ։

Նախքան Վիեննա մեկնիլը վարչապետ Փաշինեան ընդունած էր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը, ուր անգամ մը եւս նշած էր, թէ փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման քայլեր պէտք է որ  իրականացուին եւ Արցախի  տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը պէտք է շեշտուի:

Տեղին է նշել, ոէ միեւնոյն ժամանակ, սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան տարածաշրջանէն ներս, ատրպէյճանական բանակայիններ փորձեցին անակնկալ յառաջխաղացք մը արձանագրել, որ ապարդիւն դուրս եկաւ:

Վիեննայի հանդիպումին եւ ընդհանրապէս Արցախի հիմնահարցին հետ առնչուող տեսակցութիւններուն առաջնահերթութիւն մըն է հայկական կողմին համար, իր վերապահութիւնը յայտնելու Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ։ Այս մէկը կողմնակալ առաջարկ մը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ, որ հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը բովանդակեն` Արցախի կողմէ հողերու եւ անվտանգութեան նախնական, ռազմավարական եւ անվերադարձ զիջումներ`Ատրպէյճանի կողմէ կարգավիճակի վերաբերեալ պղտոր խոստումներու դիմաց:

Նոյեմբեր 2007-ի Մատրիտեան սկզբունքներուն սահմանումներով ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրուած է Արցախի վրայ, իսկ միակ շահաւորը Ատրպէյճանն է: Բնականաբար նմանօրինակ  բանաձեւ մը խաղաղութեամբ պիտի չաւարտի, այլ թատերաբեմ պիտի ըլլայ տագնապի շարունակութեան եւ շրջանային անկայունութեան:

Աւելին, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները իրենց` ժողովրդավարական կերպով ընտրուած կառավարութեան միջոցով օրինականօրէն կրնան որոշումներ կայացնել իրենց սեփական ճակատագիրին առնչութեամբ, ներառեալ` կարգավիճակի եւ անվտանգութեան վերաբերեալ միջազգային բանակցութիւններուն Արցախի լիարժէք վերադարձին միջոցով:

Վիեննայի հանդիպումները, ոչ մէկ կապ պէտք է, որ ունենան Մատրիտեան միակողմանի եւ ժամանակավրէպ սկզբունքներուն հետ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles