Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Համազգայինի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան»  Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2019

$
0
0

 

Համազգայինի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ բացուած է «Մինաս և Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան ամենամեայ վեցերորդ մրցոյթը։ Նախորդ մրցոյթներուն նման, նախատեսուած են երկու մրցանակներ, մին հայերէնով եւ երկրորդը` անգլերէնով գրուած գործերու համար։

Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողա­կցին` հայոց լեզուի և գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:

Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: Համազգայինի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով  քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներ: Գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրական որեւէ ձեւով՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ և գրական վերլուծութիւններ: Նիւթերը կրնան ըլլալ ցարդ անտիպ, կամ տպագրուած 2017-2018 թուականներուն: Մրցոյթը շահող երկու յաղթողներէն իւրաքանչիւրը կը պարգեւատրուի $1.500 տոլարով։

Դատական կազմի անդամներն են. Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Կարէն Ջալլաթեան (Գալիֆորնիա), եւ Անուշ  Ակներեան (Մոնրէալ): Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 2019-ին:

Դիմողներու (PDF) ստեղծագործութիւնները պէտք է մեզի հասած ըլլան մինչեւ Յունիս 30  2019,  հետեւեալ հասցէին. tololyan_award@hamazkayin-usa.org

Դիմողները պարտին ամբողջացնել մրցոյթի դիմումնագիրը, որուն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան կանոնները զետեղուած են համացանցի հետեւեալ էջին վրայ. http://bit.ly/167vSsM

Այս մրցա­նա­կի նիւթական յատկացումը  կ՚իրագործուի Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տի­կին Եդ­ուարդ եւ Վեր­ժին Մսըրլ­եան­նե­րու առա­տա­ձեռ­նու­թեան շնոր­հիւ:

«Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles