ՆԻՒ ԵՈՐՔ.– Մարտ 11-ին Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, Մ.Ա.Կ.-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն ներս ունեցաւ նիստ-քննարկում մը ուր արծարծուեցաւ թէ ինչպէս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւնը: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, Մ.Ա.Կ.-ի բաժանմունքներու, եւ այլազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Մհեր Մարգարեան իր բացման խօսքով ընդգծեց երկշաբթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներու, Մ.Ա.Կ.-ի հաստատութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը՝ սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին։
Առաջին զեկուցաբերը, World Bank-ի ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանեանն էր, որ կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ։ Երկրորդ խօսնակը, Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու շրջանի ատենապետ, արհեստով ճարտարագէտ, Մարիա Մեհրանեանը տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցին զարգացման։ Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման։ Վերջին զեկուցաբերը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կենդրոնական վարչութեան Փոխ-ատենապետուհի, Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Հ.Օ.Մ.-ի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզէն ներս։ Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց Հ.Օ.Մ.-ի Սօսէ մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը, ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներու միջեւ որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու անկապտելի իրաւունքներն ու կարիքները։
Աշխատանիստը վարեց Հ.Օ.Մ.-ի ՄԱԿ-էն ներս աշխատանքները Համադրող՝ Քրիստինա Մեհրապոտը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն յիշեցուց թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ World Bank-ը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ’աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելով:
Այս տարուան երկշաբթեայ Կանանց Յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ կիներու հզօրացումը՝ պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները եւ հիմնակառոյցի ընդմէջէն: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցի աւելի քան ինը հազար ներկայացուցիչներ որոնք Նիւ Եորք ժամանած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն, Հ.Օ.Մ.-ը, Առողջապահական Յանձնախումբին հետ միասին պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու:
Հ.Օ.Մ.-ի Ձեռնարկը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքէջի կապը՝ https://www.youtube.com/watch?v=l2BuhyepoeM