Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՍԵԼՖԻԱԿԱՆ  ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ, ՍԵԼՖԻԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԵՒ ՍԵԼՖԻԱԿԱՆ ԲԵՄԱՍԷՐՆԵՐ

$
0
0

 

            Կեդրոնականցի Արմենակ հետ, իր թաղի եկեղեցիի պատարագէն ետք, ուրիշ հաւատացեալներու հետ, սրճարան գացինք, բաժակ մը օղիով տօնելու մեր մեղքերէն սրբուած ըլլալու մեր ուրախութիւնը: Երեւելի պարոն Պահատուր Տաղտեվիրէնեան շողոմ խօսքերով բարեւեց մեզ, շնորհակալութիւն յայտնեց Արմենակին, որ զիրենք պատուած էր իր ներկայութեամբ:

            Երբ առանձին մնացինք, հարցուցի.

            –  Դեռ չկծուած նոր բարեկամնե՞ր ունիս:

            Եւ Արմենակ պատմեց.

            – Այս Տաղտեվիրինեանը իր նախագահած հայրենակցական միութեան ժողովին հրաւիրեց զիս, եւ խնդրեց, պնդեց, որ ներկայ ըլլամ: Հրաւիրեց նաեւ ժողովէն ետք կայանալիք ճաշկերոյթին ալ, ուր ներկայ պիտի ըլլային նախարար մը, խորհրդարանի անդամ մը եւ արուարձան քաղաքի խորհուրդը՝ քաղաքապետի գլխաւորութեամբ:

            – Լաւ է, մեծերու հանդիպեր ես:

            – Ճիշդ այդպէս: Փառաւոր ճաշկերոյթ մը: Հինգ անգամ պնակները փոխուեցան: Սեղաններու վրայ ափսէներով սուճուգն եւ փաստուրման անդադար նորոգուեցան, գովերգուեցան որպէս հայկական ազնուական ճաշատեսակ: Հիւրերը խօսեցան հայկական հիւրասիրութեան եւ աշխատասիրութեան մասին, միշտ յիշեցնելով, որ լաւ քաղաքացիներ էին: Ներկաները կը ծափահարէին առանց մտիկ ըրած ըլլալու:

            – Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այդ,- հարցուցի:

            – Ի՞նչ մտիկ պիտի ընեն, անցեալ տարի ալ նոյն բաները ըսած ըլլալու են, յաջորդ ճաշկերոյթին ալ նոյնը պիտի ըսեն, ճիգի պէտք չկայ, պիտի ծափահարուին: Այս չէ պատմելիքս, այսպէս եղած ենք եւ են: Ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան սեղաններուն շուրջ, նստած եւ ոտքի, կը թուէր թէ մարդիկ անմահութեան բանալին գտած էին, սելֆիները կը բարձրանային, կը հակէին, տեղ կը փոխէին եւ մարդիկ զիրար գրկած, իրենց գլուխները իրարու ուսին դրած, կը նկարուէին:

            – Արմենա՛կ, ճիշդ կ’ընեն, յիշողութեան կորուստին դէմ պէտք է պայքարիլ:

            – Սելֆին նաեւ բեմի վրայ էր, հանդիսավարը կը նկարուէր իւրաքանչիւր խօսողի հետ, նոյնիսկ Պահատուր Տաղտեվիրանեանը, երբ շնորհակալութիւն յայտնեց, իր հիւրերուն հետ ինքզինք նկարեց կողքի Սելֆին գլխուն վրայ բռնելով:

            – Արմենա՛կ, նկարահանող մը չէի՞ն հրաւիրած, համացանցով սփռելու այդ աննախընթաց հանդիսութիւնը: Փառքը կը հիւսուի մեծերու կողքին կանգնելով:

            – Այդ չեմ գիտեր: Բայց յիշեցի ֆրանսացի իմաստասէր Հանրի Պերկսոնը, որ կ’ըսէր թէ գործիքը ձեռքին շարունակութիւնն է: Խորհեցայ, որ Սելֆիները տաղտեվիրանեաններու փոքրիկ եւ փոքրացած ուղեղներու շարունակութիւնն էին: Այս սելֆիստները եթէ սալաֆիստ ըլլային մեր քաղաքը կրնային գրաւել:

            – Արմենակ, ի՞նչ է տարբերութիւնը սելֆիստին եւ սալաֆիստին:

            – Մակա՛րս, սալաֆիստը բանի մը կը հաւատայ, սելֆիստը մարզիկի  պէս թեւը վեր պահած ինք կը խնկարկէ իր անձին, այդ նկարները կրնայ նաեւ դնել իր յուշերու գեղակազմ հատորին կողքին եւ էջերուն վրայ, աւելցնելով յուշագիրներու փաղանգը:

            – Ուրեմն կեցցէ՛ սելֆիական հայասիրութիւնը եւ սելֆիական լոպպիյինկը…,- եզրակացուցի, ուրիշ բան չըսելու համար:

 

Մակար ի Գաղիա, 3 Յունուար 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles