Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Տաւոսեան չնախատեսուած շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը՝ Փաշինեանի հետ, որքան ալ Հայաստանի նախագահը պնդէ, որ չէ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, թէ ժամանակով, թէ արծարծուած նիւթերուն ծիրով, կ՛առնչուի Արցախեան հիմնահարցին։
Եթէ զուգահեռներ գծելով բաղդատականներ կատարենք Տաւոսեան հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերուն մասին՝ Փաշինեանի տուած լուսաբանութեան, աւելի առաջ՝ Յունուար 16-ին Փարիզի մէջ Մնացականեան- Մամետիարով հանդիպման ընթացքին քննարկուած օրակարգի հարցերուն մասին հրապարակումներուն եւ շատ աւելի առաջ՝ Հոկտեմբեր 25, 2018-ին Երեւանի մէջ Ճոն Պոլթընի կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ, ապա շատ աւելի յստակ կը դառնայ, թէ Արցախի տագնապին շուրջ կայացած խօսակցութիւններուն, խորհրդակցութիւններուն թէ միտքերու փոխանակումներուն ընդհանուր մթնոլորտին մէջ իրապէս գոյութիւն ունի այնպիսի իրավիճակ մը, ուր Ատրպէյճանի նախագահը առաւելներ կամ ազրպէյճանամէտ մթնոլորտ ստեղծելու կարելիութիւններ ունենալ։
Տաւոսի հանդիպման կայացումը՝ ըստ յայտարարութեան, եղած է պահուն ազդեցութեան տակ, երբ նկատուած է, որ երկու ղեկավարները նոյն վայրը կը գտնուին եւ ահա մտածուած է հանդիպում մը կազմակերպել։ Հանդիպման ընթացքին համախոհութիւն գոյացած է, թէ երբ որ առիթը ներկայանայ, հանդիպին, խօսին, զրուցեն եւ կարծիքներ փոխանակեն։ Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին մասին գրեթէ ուրիշ բան չէ հրապարակուած։
Հոս կարեւոր է շեշտել Ալիեւի մարտավարութիւնը։ Յստակ է, որ Փաշինեան՝ ժողովրդային շարժումէն մինչեւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութենէն եւ անկէ ետք, յաչս միջազգային ընտանիքին, ունի դրական պատկեր մը, որուն դիմաց Ալիեւ կը դիմագրաւէ ներքին խլրտումներ, ընդդիմութեան սուր պահանջներ՝ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, նաեւ բաւական խիստ քննադատութիւններ՝ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ձմեռնային նիստին մասնակիցներէն, պլոկըր Մեհման Հիւսէյնովի բանտարկութեան խնդրով։ Հետեւաբար Ալիեւ, իբրեւ հաշտարար եւ խաղաղասէր ներկայանալով, կը ջանայ հաւասարիլ Փաշինեանի դրական պատկերին՝ միջազգային ընտանիքին դիմաց։ Առաւելը՝ Ալիեւի է։
Աւելի առաջ՝ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին յառաջացած այն համախոհութիւնը, թէ ժողովուրդները՝ հայերը եւ ատրպէյճանցիները, պէտք է պատրաստել խաղաղութեան, ապահովութեան եւ շրջանային զարգացման,խորքին մէջ ատրպէյճանական կողմին կու տայ որոշ առաւելութիւն մը, որովհետեւ ընդհանուր գիծերու մէջ իսկ ոչինչ կ՛ըսուի իր հայրենիքին մէջ ազատ եւ անկախ ապրելու արցախցիին անվիճելի եւ անսակարկելի հիմնական իրաւունքին մասին՝ զանց առնելով եւ անտեսելով արդէն տը Ֆաքթօ կայացած Արցախի հանրապետութիւնը։ Հիմքը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ ժողովուրդներու պատրաստութիւնը՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան, Արցախի հանրապետութեան գերիշխան պետութիւն մը ըլլալու իրողութիւնն է եւ որ չկար համախոհութեան նկարագրականին մէջ։Այս ալ առաւել մըն է Ալիեւի համար։
Հիմա վերյիշենք, թէ Ճոն Պոլթըն ինչ յայտարարեց Երեւանի մէջ,ուր ժամանեց Ատրպէյճանէն։ «Ներկայ իրավիճակը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկուստէք գոհացուցիչ համաձայնութեան մը, լեռնային ղարաբաղի տագնապին շուրջ» ըսաւ ան եւ աւելի առաջ երթալով՝ յիշեցուց,որ երբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի, Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանը պիտի վերաբացուի, եւ գրեթէ վստահաբար նաեւ պիտի բացուի Թուրքիա – Հայաստան սահմանը։ Ան այս բովանդակութեան մէջ ալ դիտեց Վրաստանի սահմանին անկարեւորութիւնը նման պարագայի մը, թէ Ռուսաստան որքան ճնշում պիտի բանեցնէ։ Ամերիկացիներուն եւ յատկապէս Պոլթընի համար «երկուստէք գոհացուցիչ համաձայնութիւն մը» ինչ տարազ կրնայ ունենալ, անշուշտ կը մնայ ենթադրութիւններու սահմաններու մէջ, եւ այս պարագային ալ աղօտ բանաձեւում մը դարձեալ Ալիեւի համար առաւել մըն էր։
Ներկայիս տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու առարկայ են Արցախի տագնապին կապուած բոլոր մակարդակներու վրայ կատարուող տեսակցութիւնները, հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցները, անոնք ըլլան չնախատեսուած, նախապէս կազմակերպուած կամ պահուն թելադրանքներէն առաջնորդուած։ Բոլոր պարագաներուն ալ մեզ հետաքրքրողը Արցախի պետութեան ամրագրման, երաշխաւորման եւ միջազգային ճանաչման ապահովման առաջնորդող քայլերու եւ նախագիծերու զուգորդումն է՝ Ալիեւեան քաղաքականութեան անհրաժեշտ հակադարձութիւնը ապահովելու առաջադրանքով։ Այլապէս՝ ինչ անիմաստ եւ դիւանագիտական բառախաղերու կոյտ մը կը խուժէ եւ պիտի շարունակէ խուժել։Ժամանակը հասունցած է՝ դիւանագիտութեան մէջ ըլլալու առաւել շեշտակի եւ յստակ։ Արցախի պետութեան գոյութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը ապահովաբար շատ արագ կ՛իրականանայ։ Ուրիշ այլընտրանք գոյութիւն ունի՞։
↧
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱԽԱՂԸ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՄԱՆ Չ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՐ
↧