Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ Մտքի Եւ Լեզուի Ինքնամաքրման՝ Ազատագրութեա՛ն Դաշնակցական Խմբագիրը

$
0
0

Ն.

26 Յունուարի օրը հայ մարդը, աշխարհի չորս ծագերուն, կ֊՚ոգեկոչէ յիշատակը հայ մամուլի անմահ յառաջամարտիկին՝ մեծն Շաւարշ Միսաքեանի եւ կը հաղորդուի անոր հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան կենսայորդ մասունքով։
Յունուար 26ի այս օրը, 62 տարի առաջ, Փարիզի մէջ, 73 տարեկանին վախճանեցաւ հայ մտքի եւ գրականութեան մեծարժէք վարպետներէն Շաւարշ Միսաքեան, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ մտքի եւ լեզուի ինքնամաքրման՝ ազատագրութեա՛ն դաշնակցական խմբագիրը։
Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը կը հանդիսանայ աւազանի անունով Եղիազար, իսկ Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ մեծ հռչակի տիրացած Միսաքեաններու տոհմին այս արժանաւոր ծնունդը։
Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի եւ խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ՝ Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթեցողը, դարձաւ անոր ուղին լուսաւորող անմար փարոսը։ Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի՝ ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական մեծ Ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ բռնօրէն աշխարհացրիւ տարագրութեան դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդը։
Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորած փարիզեան ,Յառաջե թերթով՝ Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց ազատ մտքի եւ ազատ խօսքի դաշնակցական ամէնօրեայ, ուրո՛յն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային-քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ։
Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի ու հայրենի հայութեան վերիվայրումներուն՝ ընկերկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին։
Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով չմաշեցուց ներկան, այլ՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ՝ անդուլ յորդորելով մեր սերունդներուն.-
,Երիտասարդութիւն Հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի Տուն։
Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար։ ,Եաթաղանեը արեան գետեր հոսեցուց, բայց Հայկազանց ոգին մնաց անեղծ՝ սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն։
Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին՝ ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքըե։
Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը։ 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի ,Մայր Վարժարանեը, Կալաթայի ,Կեդրոնականեը եւ Կէտիկ Փաշայի ,Կարկուրեանե դպրոցը։ 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ ,Սուրհանդակե թերթի խմբագրութեամբ։
Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ ,Ազդակե շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1911-1912ին ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր ,Յառաջե թերթին խմբագրութիւնը։ 1913ին Պոլիս վերադարձաւ՝ մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ ,Ազատամարտեի խմբագրութեան, ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը ,Ազատամարտե շաբաթաթերթին։
Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ։ Ան ցմրուր ճաշակեց փախստականի՝ թաքստոցային պայմաններու մէջ խմբագրական իր աշխատանքը շարունակողի դառնագոյն բաժակը 1915ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը։ Մինչեւ 1916ի Մարտը, Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ՝ երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ։ Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 Նոյեմբեր 1918, երբ Զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ։
Այնուհետեւ սկսաւ Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը, երբ ան զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին՝ ստանձնելով ,Ազատամարտեի շարունակութիւնը եղող ,Ճակատամարտեի խմբագրական պատասխանատուութիւնը։ Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել՝ ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան։ Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։
1922ին, Քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ՝ 1924ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց ,Յառաջե օրաթերթը։
Աւելի քան երեսուն տարի, Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ՝ ողջ հայ իրականութեան մէջ, ,Յառաջեի կողքին նաեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ ,Դրօշակեի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կամ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։
Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը։ Ռուբէն Զարդարեանի կողքին՝ Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական առոյգ լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ։ Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդ հասցուցին իրերայաջորդ սերունդներու՝ Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի։
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ։ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը՝ Եռագոյնով, Զինանշանով եւ ,Մեր Հայրենիքեով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին։ Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը։
Իրաւամբ ազատախոհ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը կը հանդիսանայ Շաւարշ Միսաքեան, որու դէմքին ու վաստակին ոգեկոչման նուիրուած Յուշատետրի այսօրուան էջը կ’արժէ կեդրոնացնել յատկապէս Մայրենիի ազատագրութեան ի խնդիր, տասնամեակներ շարունակ, Շ.ի մղած հետեւողական պայքարին վրայ։
Հայ Լեզուն օտարամուծութիւններէ մաքրազտելու, անաղարտ պահպանելու եւ, ժամանակին համընթաց, անխուսափելի պատուաստումներով հարստացնելու ազնուագոյն կիրք մը մղիչ ուժը դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի յիսնամեայ հրապարակագրական վաստակին։ Հաւասարապէս թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի բիւրեղացման պայքարին՝ հայոց Մայրենիի ազատագրութեան ու անկախութեան գաղափարական հանգանակին զինուորագրուեցաւ եւ մինչեւ վերջին շունչ արթուն հսկեց յառաջամարտիկի դիրքերուն վրայ։
Եւրոպական լեզուներէն ու ռուսերէնէն ներմուծուած օտարաբանութեանց դէմ իր մղած անխոնջ պայքարին կողքին, Շ. կատաղի կռիւ մղեց յատկապէս թուրքեւթաթար ոճաբանութեամբ լեզուական ստրկամտութեան եւ աղճատումներուն դէմ։ ,Յանուն լեզուի անկախութեանե խորագրով յօդուածաշարք մը կտակեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի հետագայ մեր սերունդները չկրկնեն անարդարանալի սխալը մեր հայրերուն։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles