Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Դաշնակցութեան Պողպատեայ Կամքը (Հ․Յ․Դ․ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի Առիթով)

$
0
0

Ցողիկ Աշըգեան

Յունուար 22, Երեւան     

tsoghiga95@gmail.com

 

Յունուար 16-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր Ժողովին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, Ստեփանակերտ: Դաշնակցութեան 129 ամեայ   պատմութեան  ընթացքին, 33-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է, որ տեղի կ’ունենայ ազատագրուած Արցախի մէջ: Դաշնակցութեան թիւով 33 ընդհանուր ժողովներէն 8 միայն գումարուած են Հայկական հողի վրայ (1): Սակայն վտարանդի  կացութեան մէջ ալ Դաշնակցութիւնը, -Արշակ Թագաւորին նման,-  խարիսխ  ունեցած  է Հայաստանը եւ Հայութիւնը, եւ անոնց համար զոհուած հազարաւոր նահատակներու հայրենապաշտ  օրինակն ու կտակը:

Դաշնակցութիւնը թիրախաւորուած որոշումներ կայացնելու հմտութիւնը ձեռք բերած է իր 129 տարուան պատմութենէն, յեղափոխական փորձառութենէն եւ ժողովուրդի կամքը մարմնաւորելու իր ստանձնած դժուարին պատասխանատուութենէն:  Արցախ ու Դաշնակցութիւն    հոգեհարազատներ են: Դաշնակցական արցախցիներ էին Մենակ, Նիկոլ Դուման, Արամ Մանուկեան, Վանայ Իշխան եւ բազում նուիրեալներ: 1988-ին  Արցախի ազատագրական պայքարի   ճամբով Հայրենիք վերադարձաւ Դաշնակցութիւնը, որ լեռնային Արցախի խուլ մրրիկներուն հետ շաղախուած է, անոր հողին հետ միաձուլուած է եւ անոր բարձրունքներուն խոյացող  մէկ արծիւն է:

Արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու  խառնակ այս օրերուն   Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը Արցախի մէջ  գումարելը  կը ստանայ յատուկ նշանակութիւն, թէ’  արտաքին աշխարհին ազդանշաններ ուղարկելու, թէ’  ներազգային մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումներով:  Ազատագրուած Արցախը հայութեան ապահով  կողմնացոյցն է: Ներկայիս  մանաւանդ , երբ խարխուլ ու անստոյգ  քաղաքական իրավիճակ կը տիրէ ,  երբ  մեր ազգային շահերը վտանգող ապազգային երեւոյթներու ականատես ենք,  երբ զիջողական քողարկուած մօտեցումները  քայլ առ քայլ կը բացայայտուին: Դաշնակցութիւնը իր Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելով շատ պարզօրէն կ’ամրապնդէ վաղեմի իր այն դիքորոշումը, որ Արցախը Հայաստանի գոյատեւման ու Հայ Դատի լուծման երաշխիքն է եւ միացեալ Հայաստանի արեւելեան դարպասը:  Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանը ժողովի բացումին  իսկ իր արտասանած խօսքը եզրափակեց հաստատելով՝ «Արցախը մերն է եւ վերջ»:

Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը ամրակուռ է: Շարքային դաշնակցականը՝ անոր կեանք պարգեւող աւիւնը:  Իբրեւ կազմակերպութիւն դաշնակցութեան շարունակականութեան գրաւական հանդիսացող հիմերը՝ ապակեդրոնացումը, ժողովրդավարութիւնը,  յեղափոխական ըմբռնումներն ու ընկերվարական մտածողութիւնը անխորտակելի են:  Անոնք խթանող օղակի դեր կը կատարեն եւ  որեւէ պարագայի  կուսակցութեան երթին առջեւ ցցուած խոչընդոտները վերացնելու կը ծառայեն: Միւս կողմէ, Դաշնակցութենէն ներս ամէն շարքային կուսակցական  իր անհատականութիւնը կը գտնէ  ու կը բացայայտէ՝ հաւատարիմ մնալով այդ սկզբունքներուն:  Ան այս մէկը կը կատարէ բացառիկ ազատ եւ ընկերային միջավայրի մէջ, ուր  կը յարգուին ու լսելի կը դառնան բոլոր կարծիքները:  Ներքեւէն դէպի վեր բրգաձեւ գործելու համակարգը, հիմք ունենալով ամէնէն փոքր բջիջը՝ խումբը, կը ցոլացնէ  դաշնակցութեան մարդակեդրոն նկարագիր-կերտուածքը: Հաւաքական մեծամասնութեան ձեւակերպուած կարծիքն է որ գերակշիռ է եւ հետեւաբար հաւաքական միտք ու տեսլական մարմնաւորելու իրաւունքը արդարօրէն իրեն կը պատկանի:

Նոյն ժողովրդավարական  սկզբունքով՝ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը խորապէս արտացոլումն է ամէն մէկ կուսակցական ընկերոջ (կենդանի եւ ոչ կենդանի) կամքին եւ տեսլականին: Մօտ 30 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 ընկերներ, ամէն մէկը իր շրջանի խումբերուն եւ մարմիններուն  համադրուած տեսակէտներն է որ  կը ներկայացնէ  Ընդհ. ժողովին դռնփակ նիստերուն եւ բոլոր շրջաններուն համադրուած բանաձեւերու բիւրեղացումովն է,  որ պիտի կազմուին ժողովին  որոշումները:

Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովի քննարկումներուն, քննադատութիւններուն, հարցերուն եւ բանաձեւումներուն կիզակէտը  միշտ ալ եղած է  ու կը մնայ Հայ մարդը իր ազատատենչ ու ստեղծագործ ոգիով, Հայկական լեռնաշխարհը որպէս իր ըմբոստածին զաւակներու բնական պահապան  միջնաբերդը, Հայ  Դատը իր տարբեր երեսներով, Հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով:  Կատարելագործուած, աշխատունակ եւ ճկուն համակարգի կազմակերպական  կառոյցով մը, որուն արդիւնաւէտութեան արձանագրած չափերը անկասկած  անգնահատելի են: Այսպիսով,  Դաշնակցութիւնը  իր ընդհանուր ժողովով եղած է ու  ցարդ կը մնայ հայ Ժողովուրդի պողպատեայ կամքի արտայայտիչն ու զայն դարբինող ուժը:

Անխախտ հաւատքը ունինք որ Դաշնակցութիւնը որպէս Հայ ժողովուրդը դէպի ազատ, անկախ ու միացեալ եւ ընկերվարական Հայաստան առաջնորդող կազմակերպութիւն  եւ քաղաքական կուսակցութիւն, իր 33րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտին  յայտարարած որոշումներով եւ որդեգրած քաղաքական ուղեգիծով ճանապարհ պիտի հարթէ՝

-հայ նոր սերունդին առջեւ,  որպէսզի  ան ա’լ աւելի գործնական քայլերով յառաջխաղացք արձանագրէ մեր ժողովուրդի հաւաքական իտէալը իրականացնելու ուղղութեաամբ,

-Հայաստանի ու հայութեան համար. Պաշտպան կանգնելով Հայկական զոյգ պետութիւններուն, համայն Հայ ժողովուրդի անվտանգութեան, դէմ դնելով բոլոր տեսակի զիջողական քաղաքականութիւններուն, ապազգային օրակարգերուն, ընտանիքն ու ընկերութիւնը խաթարող երեւոյթներուն եւ կեղեքման նպատակ հետապնդող բոլոր  տեսակի շահագործող  արարքներուն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ վերջ տալով  ու չթոյլատրելով, որ  Հայ ժողովուրդի ազատ կամքը ինչ ինչ հնարքներով պատանդ  առնուի ու  ժողովուրդի անունով  քաղաքական, հասարակական, տնտեսական,   ապազգային   ծրագիրներ իրագործուին:

Դաշնակցութեան  գործելաոճը  փոփոխական է՝ ըստ առարկայական պայմաններուն, սակայն  Դաշնակցութեան սկզբունքները անփոփոխ են, ռազմավարութիւնը՝ անկախ  ու նպատակը՝  իրագործելի:

Դաշնակցութեան աշխատունակ եւ խիտ շարքերը,  մանաւանդ երիտասարդութիւնը  գիտակցաբար  կ’ընթանան   Դաշնակցութեան ուղիէն,  գիտակցաբար կառչած կը մնան Դաշնակցութեան կանոնագրին,  գիտակցաբար կ’առաջնորդուին ազգային տեսլականները արտացոլող  ծրագրին, հայութեան հանդէպ դաւանանքի հասնող համազօր հաւատքով գիտակցաբար առաջ կը տանին  Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատը, ունենալով յստակ Հայաստանակեդրոն ուղեգիծ,  ինչպէս կը նշէ գաղափարի մարտիկ ու նահատակ, «Դրօշակ»ի երբեմնի խմբագիր, եւ ղեկավար   Սարգիս Զէյթլեան իր խմբագրականներէն  մէկուն մէջ .- «Հայաստանը Մերձաւոր Արեւելքի Զուիցերիան է եւ կոչուած է ըլլալու նաեւ ապագային. Վկա՛յ մեր պատմութիւնը: Այս դիրքէն եւ այս ըմբռնումէն կը բխի նաեւ մեր քաղաքական արեւելումը, որ զուտ Հայկական եւ հիմնովին անկախ արեւելում մըն է էապէս:»

…………………………………………..

1.Եօթերորդ Ընդհանուր Ժողով, 1913 Օգոստոս 17-25 , Կարին, Արեւմտեան Հայաստան (Օսմանեան կայսրութիւն) –Ութերորդ Ընդհանուր Ժողով, 1914 Յուլիս-Օգոստոս, Կարին, Արեւմտեան Հայաստան (Օսմանեան կայսրութիւն)-Իններորդ Ընդհանուր Ժողով, 1919  27 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 30, Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութիւն-28րդ Ընդհանուր Ժողով, 2000 Յունուար 31-Փետրուար 12, Ծաղկաձոր, Հայաստանի Հանրապետութիւն-29րդ Ընդհանուր Ժողով, 2004 Փետրուար 6-17, Ծաղկաձոր, Հայաստան Հանրապետութիւն-30րդ Ընդհանուր Ժողով, 2008 Մայիս 21-26, Ծաղկաձոր, Հայաստան Հանրապետութիւն-31րդ Ընդհանուր Ժողով, 2011 Յունիս 24-Յուլիս 1, Ծաղկաձոր, Հայաստան Հանրապետութիւն-32րդ Ընդհանուր Ժողով, 2015 Յունուար 16-24, Դիլիջան, Հայաստան Հանրապետութիւն):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles