ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունուար 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը: Հանդիպումին ներկայ եղած էր Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Նախագահ Սահակեանը շնորհաւորեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուելու համար, նաեւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը իր ուշադրութեան յատուկ առարկան շարունակէ պահել Արցախը՝ գործօն մասնակցութիւն ունենալով հանրապետութեան զարգացման եւ զօրացման:
Այս հանդիպումէն ետք, Artsakhpress.am-ը կարճ հարցազրոյց մը կատարեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ։ Խօսելով Հ․Յ․Դ․ ընդհանուր ժողովի Արցախի մէջ իրականացման մասին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան յայտնեց, որ անիկա ինքնին ունի պատմական առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում: Տէր-Խաչատուրեանի խօսքով՝ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ:
«Արցախի նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք ՀՅԴ անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կը վստահեցնեմ, որ մեր համագործակցութիւնը, առաջադրած ծրագիրները միշտ ալ պիտի ըլլան Արցախի իշխանութիւններուն համահունչ: Արցախը, ըստ պատշաճի, կարեւոր շրջափուլ կը մտնէ 2020-ի ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար: Մենք կը փափաքինք, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի կառոյցով եւ համահայկական ուժերով զօրավիգ կանգնի Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ուղղութիւններուն: Այս ժողովով մեր համահայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներով՝ մէկ անգամ եւս հաստատեցինք, որ մենք պիտի պայքարինք Արցախի ինքնորոշման եւ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ Արցախը համայն հայութեանն է»,- շեշտեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Նշենք, թէ միեւնոյն օրը տեղի ունեցաւ հանդիպում Հ․Յ․Դ․ նորընտիր Բիւրոյին եւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ ներքաղաքական իրավիճակին, քաղաքական դաշտին մէջ Հ․Յ․Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին: Մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին արտաքին ճակատի վրայ Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Արմէն Ռուստամեանի կողքին՝ Հ․Յ․Դ․ նորընտիր Բիւրոյի մնացեալ անդամներն են.-
Արսէն Համբարձումեան
Սպարտակ Սէյրանեան
Կիրօ Մանոյեան
Վիգէն Եագուպեան
Արամ Գալուստեան
Յակոբ Խաչերեան
Բենիամին Պչաքճեան
Ռաֆֆի Տօնապետեան
Յովսէփ Տէր-Գէորգեան
Մուրատ Փափազեան
Վիգէն Բաղումեան