Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Վիգէնին «Վերադարձ»-ը

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Վիգէն Դարբինեան Փարիզէն վերադարձած է Լոս Անճելըս` երգահանդէսով մը ներկայացնելու իր «Վերադարձ» խտասկաւառակը:

Կիրակի,  28 հոկտեմբեր 2018:

Կը հասնինք Հոլիվուտի «Լիթըլ Արմինիա» (Փոքրիկ Հայաստան) թաղամասի, գեղատեսիլ անտառի մը մէջ գտնուող «Պարնստոլ կալըրի թիեթըր» վայելելու Վիգէնին նախապէս եւ նոր ձայնագրուած երգերը:

Ներկաներուն մէջ նկատելի է երիտասարդներու եւ պատանիներու բացակայութիւնը: Բոլորս միջին տարիքը անց, սակայն հայ արուեստի հանդէպ սիրոյ զգացումներով լեցուն,հոգիով «երիտասարդներ» ենք:

Մտած ենք սրահ: Բեմը ամբողջութեամբ մթութեան մէջ է, այսինքն վարագոյրը տակաւին «գոց է»:

Սկսելիք ժամուն բեմը կը լուսաւորուի: Կը նշանակէ` վարագոյրը բացուած է:

Արդիական մօտեցում:

Բեմին մէկ անկիւնը կը նշմարենք աթոռ մը եւ սեղան մը, որուն վրայ շարուած են  քանի մը շիշ ջուր, շիշ մը գինի եւ կարմիր գինիով լեցուն բաժակ մը:

Կարճ ժամանակի մը համար կ՛ունենանք այն տպաւորութիւնը, թէ ներկայ պիտի գտնուինք թատերական  ներկայացումի մը: Նոյն վայրկեանին բեմ կը մտնէ երգիչ Վիգէն Դարբինեանը, որ բոլորիս ծանօթ է նաեւ իբրեւ դերասան:

Բեմին վրայ առանձին է: Նուագախումբ գոյութիւն չունի: Կը սկսի երգել ընկերակցութեամբ իր ձայնագրուած երաժշտութեան եւ առանց միջնադադարի, իրարու կը յաջորդեն մեծամասնութեամբ ծանօթ երգեր, ինչպէս նաեւ քանի մը նոր երգեր` վերջերս ձայնագրուած «Վերադարձ» ալպոմէն, որոնք նախապէս ունկնդրելու առիթը չէինք ունեցած:

Յաջող երգահանդէս մըն էր: Կը բաւարարուիմ այս մէ՛կ հատիկ նախադասութեամբ: Կարիքը չեմ զգար քլիշէ դարձած խօսքերով յիշելու երգացանկին անունները: Կը բաւարարուիմ` յիշելով քանի մը հատը, որոնք շատ աւելի տպաւորեցին զիս: Իր աղջկան նուիրուած երգը, երբ վերջինս կը հեռանայ հօրենական տունէն` կազմելու համար նոր բոյն մը, ինչպէս նաեւ զգացական երգ մը` նուիրուած իր դասընկերներէն «Սասունցի Խաչիկին»:

«Պատմած եմ յաճախ, Խաչիկի մասին,
Տակաւին կ՛ապրիմ յուշերը պահած …»

Շատեր բանաստեղծ-երգահան անուանած են զինք, սակայն ինք համեստօրէն չ՛ընդունիր այդ տիտղոսը:

«Ես ո՛չ բանաստեղծ եմ, ոչ ալ երգահան, պարզապէս երգ գրող եւ մեկնաբանող եմ:»

Իւրայատուկ երգահանդէս մըն էր, որուն ընթացքին երգ եւ դերասանութիւն մէկտեղուած են: Վիգէնին իւրաքանչիւր շարժուձեւը նշանակութիւն մը ունի եւ կը յարմարի իր մեկնաբանած երգերուն: Չմոռնանք, որ նախապէս եղած էր յաջող դերասան:

Սեղանին վրայի գինիի շիշն ու բաժակը որպէս բեմական տեքոր չեն դրուած: Յաճախ կը բարձրացնէ բաժակը` խմելու ներկաներուն կենացը:

Երգահանդէսը հասած է իր աւարտին: Գրեթէ բոլոր ներկաները Վիգէնին մօտէն ծանօթ են եւ կը փափաքին տեսնուիլ իրեն հետ: Դասընկերներ, հայ թատրոնի ծառայողներ, ազգականներ, ընկերներ ու բարեկամներ: Անծանօթ մարդ գրեթէ չկայ սրահին մէջ: Վիգէնը շրջապատուած է: Հոս դասընկեր մը, անդին` ազգական մը, ծանօթ մը, թատերասէր մը: Յիշատակի նկարներ, սելֆիներ, մինչեւ որ սրահին տնօրէնութիւնը կը ստիպուի մարել լոյսերը, եւ իրարու հետ հեռաձայնի թիւեր փոխանակելէ ետք, կը մեկնինք հանդիսասրահէն` յաջորդող օրերուն տեսնուելու խոստումներով:

Կինս առաջին անգամն է, որ Վիգէնը բեմի վրայ կը տեսնէ որպէս երգիչ: Պէյրութի մէջ բազմիցս տեսած է զինք թատերական բեմերու վրայ, իսկ իմ եւ Վիգէնին բարեկամութիւնը կ՛երթայ շատ հեռու:

Տուն վերադարձի ճամբուն բնականաբար կը խօսինք երգահանդէսին մասին եւ, վերյիշելով հին օրերը, կնոջս կը պատմեմ Վիգէնի պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ ներկան:

* * *

Տակաւին Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ` Լիբանանի հեռատեսիլի արաբական բաժնէն ելոյթ ունեցած է երկու արաբերէն երգերով, սակայն այդ տարիներուն արեւմտեան երաժշտութիւնը կը գերադասէր արաբերէն եւ հայերէն երգերէն: Պատանի ու երիտասարդ` բոլորս հմայուած էինք արեւմտեան երաժշտութեամբ, փաստ` Պէյրութի բազմաթիւ նուագախումբերն ու երգիչները:

Վիգէն, երաժշտութեան կողքին, կը սիրէ նաեւ հայ թատրոնը:

1972-1975 մաս կը կազմէ Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»-ին, եւ իրեն կը վստահուին գլխաւոր դերեր:

«Թատրոն 67»-ը եղաւ իմ առաջին թատերական դպրոցս: Շատ բան սորվեցայ Վարուժանէն», կը պատմէ Վիգէն:

Խտըշեանը թատրոն ուսանած է Լոնտոնի մէջ եւ հոն կատարած իր յաջող բեմադրութիւններուն պատճառով առաջարկած են մնալ հոն` մաս կազմելու անգլիական թատերախումբերու: Մերժած ու վերադարձած է Լիբանան: Երբ իրեն հարց տուած են Լիբանան վերադառնալու պատճառին մասին, պատասխանած է. «Հոն մնալովս, ի՞նչ պիտի աւելցնէի Անգլիոյ մշակոյթին վրայ: Լիբանան վերադարձովս, կարելիութեանս սահմաններուն մէջ, երիտասարդ ուժերով նորութիւններ աւելցուցինք լիբանանահայ թատրոնին մէջ»:

Այո՛, լիբանանահայ թատրոնը շահեցաւ երիտասարդ ուժերով շրջապատուած, նորութիւններով լեցուն դերասան-բեմադրիչ մը:

Միեւնոյնն է պարագան Վիգէնին: Այդ տարիներուն, ինչպէս ամէն պատանի, ինք եւս հմայուած էր արեւմտեան երաժշտութեամբ եւ սիրողական նուագախումբ մը կազմած` քանի մը դասընկերներով, որ դժբախտաբար շատ երկար կեանք չունեցաւ եւ տարիներ ետք, արեւմտեան երգացանկով նուաճումներ կատարելէ ետքն անգամ, չուզեց շարունակել եւ նուիրուեցաւ հայ երգարուեստին:

1975-ին Վիգէն կը մասնակցի Լիբանանի մէջ ֆրանսական ORTF հեռատեսիլի «Toute La Ville Chante» յայտագիրի երգիչներու մրցումին ու կը կը խլէ առաջնութիւնը: Իբրեւ նուէր կը ստանայ Պէյրութ-Փարիզ օդանաւի երթուդարձի տոմս մը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսած էր:

Կը մեկնի Փարիզ, սակայն պատռելով վերադարձի տոմսը` կը մնայ հոն: Այդ վերադարձի տոմսին փոխարէն` 40 տարիներ ետք կը ձայնագրէ «Վերադարձ» խտասկաւառակը:

Փարիզի մէջ կը հանդիպի լիբանանահայ իր հին բարեկամին` կիթառահար-երգիչ Յարութ Պեզճեանին, եւ միասնաբար կ՛երգեն ֆրանսական ճաշարաններու մէջ` մեկնաբանելով` օտար լեզուներով երգեր:

«Յիշեցի մեծ վարպետիս` Վարուժան Խտըշեանի խօսքը,- կ՛ըսէ Վիգէն,- օտար երգեր մեկնաբանելով` ի՞նչ պիտի աւելցնէինք ֆրանսական մշակոյթին»:

Յարութ եւ Վիգէն կը ձեռնարկեն հրատարակել հայերէն երգացանկով ձայնասկաւառակ  մը` ծանօթ ժողովրդական երգերը վերարտադրելով բոլորովին նոր ոճով մը:

1978-ին, երկար ամիսներու աշխատանքէ ետք, հրապարակ կ՛իջնէ Յարդարի հիանալի ձայնապնակը: Զուգերգներ են, մեկնաբանուած` Վիգէնին եւ Յարութին կողմէ:

«Յարդար»` սկզբնատառերն են «Յար»ութին եւ «Դար»բինեանին:

Վիգէն եւ Յարութ կարօտը ունին իրենց ծննդավայր` Լիբանանին եւ հայ երգին, ու կ՛երգեն` «Կարօտ», «Սարի սիրուն եար», «Հինգալլա», «Արմէնեան հողը», «Զարթիր, որդեա՛կ» եւ տարբեր ծանօթ ժողովրդական երգեր:

Փարիզի «Երեւան» ճաշարանին մէջ երգած ժամանակ, երեկոյ մը մուտք կը գործեն հայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր եւ երգահան Ժորժ Կարվառենց, որոնք հմայուած Յարդարի սքանչելի հայերէն զուգերգներէն, անոնց կ՛առաջարկեն Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած յայտագիրին մաս կազմել, եւ 1980-ին Փարիզի ֆրանսական հեռատեսիլէն ելոյթ կ՛ունենայ Յարդարը, որուն ընթացքին Շարլ Ազնաւուր կ՛անդրադառնայ հայ երգերու եւ հայ արուեստագէտներու:

Յարդարի մէկ հատիկ ձայնապնակը այդ տարիներուն մեծ աղմուկ բարձրացուց: Հայկական երաժշտութեան մէջ նորութիւն մըն էր: Այդ սքանչելի զուգերգները կատարելութիւն են, ուր կ՛իշխէ Յարութի կիթառի անուշ «արփեժ»-ները, սակայն կարգ մը մարդիկ վարժուած չեն նորութիւններու եւ կը փորձեն քննադատել` պատճառաբանելով, որ «ազդուած» են արեւմտեան երաժշտութենէն, մինչ Վիգէն տարբեր ձեւով կը մօտենայ հարցին`«Արդիականացնելը, հինցածը նորոգել է»:

Դժբախտաբար երկար կեանք չ՛ունենար Յարդարը: Յարդարէն ետք Վիգէն այս ուղին կը շարունակէ առանձինը, կը հրապարակէ «Երազ», «Բարեւ», «Կարօտ» սկաւառակները (վինիլի վրայ), անկէ ետք խտասալիկի վրայ` «Կարօտ»-ը, «Ժպիտ եւ արցունքներ»-ը, «Ձայն եւ դաշնակ»-ը, «Նոր դար»-ը եւ վերջինը` «Վերադարձ»-ը:

Վիգէն նոյն շրջանին կը ծանօթանայ ֆրանսացի համբաւաւոր երաժիշտ, դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիերասին հետ եւ 1983-ին ելոյթ կ՛ունենայ Փարիզի ամենանշանաւոր «Օլիմփիա» հանդիսասրահին մէջ: Միասին շրջապտոյտներ կ՛ունենան զանազան երկիրներ` Պելճիքա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան, Եգիպտոս, Լիբանան, իսկ աւելի ուշ առանձինը բազմիցս կ՛այցելէ Լոս Անճելըս:

«Կարօտ» երգը Վիգէնին նախասիրած երգերէն մէկն է եւ տարբեր ձայնապնակներու մէջ տարբեր դաշնաւորումով մեկնաբանած է այդ սքանչելի երգը: «Կարօտ»: Վիգէն կարօտը ունի իր ծննդավայրին, իր դպրոցին, իր դասընկերներուն, լիբանանահայ թատրոնին:

* * *

Երգահանդէսին յաջորդ օրը Վիգէնին հետ տեսնուեցանք: Ուրախ էր, որ երգահանդէսի աւարտին բազմաթիւ բարեկամներու հանդիպած էր, սակայն կը դժգոհէր, որ զգալի էր երիտասարդութեան բացակայութիւնը: Երիտասարդութիւնը մի՛շտ բացակայ է նման գեղարուեստական յայտագիրներէ: Սփիւռքահայութեան մէջ ընդհանրացած դժբախտութիւն մըն է այդ մէկը:

Պատճառը յստակ է: Վիգէնը կերուխումի, խրախճանքի կամ պարահանդէսի երգիչ չէ: Ունկնդրութեան վայելքը ստանալու եւ փոխանցելու մեկնաբանող է:

Կը նախընտրէ մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտի մէջ, փոքր սրահներու մէջ երգել: Կարգ մը «նշանաւոր» եւ «հանրածանօթ» հայ երգիչներու նման, քանի մը հազար հանդիսատեսներով լեցուն գեղատեսիլ հանդիսասրահներու մէջ ելոյթներ ունենալը պայման չէ իրեն համար:

Ի վերջոյ, ի՞նչն է կարեւոր, որա՞կը, թէ՞… քանակը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles