ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15-ի առաւօտեան, Անուշաւան Սրբազան Հայրը ընդունեց Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրայր Պարոնեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեան եւ փոխատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեան։
Հիւրերը շնորհաւորեցին Սրբազան Հօր ընտրութիւնը եւ քննարկեցին համագործակցութեան կարելիութիւնները տեղական եւ շրջանային մակարդակներով։