Միջազգային քաղաքական կեանքի եւ ինչո՞ւ չըսել մեր «փոքրիկ ածու»ի քաղաքական խառնակ վիճակին մէջ, գրական զրոյցի մը ընթերցումը մտածման եւ թերեւս ալ նոր ուղիներու որոնման առիթ եղաւ ինծի համար: Այդ է որ կ’ուզեմ կիսել ընթերցողներու հետ, կագ ու կռիւէ հեռու: Լսող կ’ըլլա՞յ, խուսափելով խլացնող աղմկարարութենէ:
Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Ժորժ Փոմփիտու նաեւ գիր-գրականութեան սպասարկու էր: Ան պատրաստած էր ուշագրաւ զրոյց-դասախօսութիւն մը, որ անկնկալ դէպքերու պատճառով տեղի չէ ունեցած: Այս զրոյցը խիստ հետաքրքրական է անոր համար, որ Ժորժ Փոմփիտուի կատարած բաղդատութիւնները եւ վերլուծումները բարացուցական են նաեւ ժամանակակից գրողներու, բանաստեղծներու եւ քաղաքական ասպարէզի գործիչներու համար: Ան դաստիարակիչ կրնայ ըլլալ հայ կեանքի ամէն կարգի երեւելիներուն, բոլոր անոնց՝ որոնք վարակուած են դիրքապաշտութեան ախտէն :
Ընդհանրապէս կը խորհինք, որ գրականութիւն եւ քաղաքականութիւն տարբեր աշխարհներ են, քաղաքական գործիչը եւ բանաստեղծը խորթ են իրարու: Երկուքն ալ վերաբերելով մարդուն, ինչո՞ւ խորթ պիտի ըլլան իրարու, փոխանակ լիիրաւ կերպով ծառայելու մարդուն, չմնալով փղոսկրեայ աշտարակի մէջ, ինչպէս կ’ըսուի բանաստեղծին համար, կամ բանտարկուելով անմիջականի եւ նիւթականի մէջ, որ կը թուի ըլլալ քաղաքական գործիչի ասպարէզը:
Ժորժ Փոմփիտու, իր զրոյց-դասախօսութեան բաղդատութիւնները ընտրած է ֆրանսական, յունահռոմէական եւ ընդհանրապէս արեւմտեան գրականութենէն, ինչ որ հայ մարդուն համար կրնայ անմիջականօրէն ըմբռնելի չըլլալ: Բայց անոր ընթերցումը, վերլուծումները, մէջբերումները եւ բադատութիւնները պիտի թելադրեն այն իմաստութիւնը, որ մարդկային գործունէութեան արարումի երկու մարզերը, ինչպէս բանաստեղծութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, անթափանց չեն իրարու, զիրար կը լրացնեն:
Մտածումս առաւելաբար կ’երթայ հայ կեանքին, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ բազմաթիւ տեղատուութիւններու պատճառով,- գործնապաշտական, դիրքապաշտական, մայրենիի նահանջի,- հայ ազգային քաղաքականութիւնը կ’օտարանայ մշակոյթէն, կ’արտայայտուի առանց հայերէնի, բախտաւոր պարագային կը շարունակուին թութակաբար կրկնուող անուններ եւ կարգախօսներ, երգերու կամ հաւաքներու աղմուկին մէջ, կամ Փարակուէյի եւ Զիմպապուէի կացութեան պատշաճող ըմբռնումներ կը ներածուին մեր մէջ՝ որպէս մարգարէական-վարդապետական իմաստութիւններ, անգիտանալով հայկական ինքնուրոյնութիւնը:
Իրաւ պատմութիւնը, իրաւութեամբ յատկանշուող քաղաքականութիւնը, միթէ՞ չեն տեւած բառ ու խօսքով, աւանդութիւններու տաղով, երբ անցած է ժամանակը, քաղաքական իրադարձութիւնները եւ դերակատարները իրենց տեղերը տուած են նորին: Այսինքն հոգեկան-ոգեկան աշխարհին մէջ տեւած է քաղաքականութիւնը, մոռցուած են մանրուքները եւ մանրները: Եթէ քաղաքական գործիչը պիտի արժեւորէ ներկան շարունակութեան գիծին վրայ, պիտի ճանչնայ խօսք ու բառի իմաստով դաջուած անցեալը:
Գիր-գրականութիւնը,- բանաստեղծութիւն, արձակ, իմաստասիրութիւն,- մարդկային որակ կը պահէ, կը փոխադրէ եւ կը ներշնչէ: Եթէ քաղաքականութիւնը սոսկ տնտեսութիւն եւ դիրքապաշտութիւն չըլլայ, մարդիկ իրենք զիրենք աւելի լաւ կը տեսնեն պատմութիւն-քաղաքականութիւն ընթացքին մէջ: Եթէ Յովհաննէս Թումանեանի «Գիգոր»ը չմոռցուի, քաղաքաքական գործիչը կ’ըլլայ աւելի արդար եւ աւելի լաւ կը ծառայէ այն ժողովուրդին որ իրեն վստահած է, եթէ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն չմոռնայ, ազգը աւելի հաստատ ինքնութիւն-ինքնուրոյնութիւն կը պահէ եւ կուլ չ’երթար պատմութեան, աւելի լաւ՝ եթէ հրաժարի ըսելէ պլանտացիա, ստրուկդուրա, թիմ, դուխ, ասամբլիա… եւ շարունակել:
Հայոց ազգային իրաւ քաղաքականութիւնը Մովսէս Խորենացիով, Եղիշէով, Սասունցի Դաւիթով, Րաֆֆիով կը գրուի: Առանց մեր խօսքին, տողերուն եւ բառերուն միջեւ անոնց ներկայութեան, քաղաքականութիւնը կը դառնայ նպարավաճառային գործ, եւ դիրքեր կը սակարկուին ինչպէս կը սակարկուի սոխի եւ սխտորի գինը, սնապարծութիւններու եւ կեղծ մեսիաներու քոմպինացիաներու ենթահողին վրայ, ընդդէմ ժողովուրդին:
Կը սիրեմ հաւատալ, որ Ժորժ Փոմփիտուի խօսքը առնուազն մտածելու կը մղէ բոլոր անոնք, որոնք ազգային առաջնորդ են կամ դառնալու յաւակնութիւն ունին, մտածելու կը մղէ նաեւ անոնք որոնք ստրկամտութեամբ մէկուն կամ միւսին կը քուէարկեն՝ կողմնապաշտութեամբ: Վերականգնումի ճամբուն վրայ կանգնած մեր ժողովուրդը, անոր զաւակները, ներսը եւ դուրսը, գիր-գրականութիւնը թանգարանի իր չհամարելու կեցուածքով քաղաքականութիւնը կը հարստացնեն մարդկային-ազգային որակով՝ որ կը գտնուի մեր պատմագիրներու, գրողներու եւ բանաստեղծներու մեզի կտակած ժառանգութեան մէջ:
Ֆրանսացի քաղաքական գործիչին, Ժորժ Փոմփիտուի վկայութիւնը իր ժողովուրդի բանաստեղծներէն ստացած հարստութեան մասին կրնա՞յ օրինակելի ըլլալ աթոռ-աթոռակի պայքար մղողներուն, քաղաքականութիւնը ընչաքաղցութեան կրպակի վերածողներուն եւ ամէն կարգի ամբոխ քնացնող ճամարտակութիւններու ասպետներուն:
Միշտ ըսած եմ, որ պէտք է յաճախել «մեծերու դպրոցը»…
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԶՐՈՅՑ
ԺՈՐԺ ՓՈՄՓԻՏՈՒ
POESIE ET POLITIQUE. CAUSERE / GEORGES POMPIDOU
Ընդունած ըլլալով պ. Մորիս Էսքանտի սիրալիր հրաւէրը այս գրական երեկոն ներկայացնելու, փնտռեցի առաջնորող միտք մը: Այս ընտրութեամբ ուզեցի ինքզինքիս պարտադրել, որ ես իմ մասիս մտածեմ: Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ ես քաղաքականութեամբ կը զբաղիմ: Միւս կողմէ, ես ոչ միայն ճաշակ ունիմ, այլ իրաւ կիրք բանաստեղծութեան համար: Հարցումը զոր ես ինծի ուղղեցի հետեւեալն է. իմ մէջ կան ուրեմն երկու անձեր, ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսը, մին կը ձգտի դէպի Աստուած, ըսել կ’ուզեմ՝ բանաստեղծութիւն, եւ ուրիշ մը՝ որ կը պարտուի սատանայական փորձութենէ, քաղաքական գործէ, կամ կարելի է պաշտպանել այն տեսակէտը՝ որ բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն, ըսենք, հաշտելի՞ են: Պատասխան փնտռելով հասայ հոն, ուր ոչ միայն ինքզինքս հարցապնդեցի բանաստեղծի եւ քաղաքական անձի յատուկ մարզերուն եւ զիրենք առաջնորդող դրդապատճառներուն մասին, այլ նաեւ նայիլ անցեալին, ճշդելու՝ թէ ի՞նչ եղած են յարաբերութիւնները բանաստեղծին եւ քաղաքական անձին միջեւ: Աւելի ճիշդ, ի՞նչ եղած է բանաստեղծներուն վերաբերումը քաղաքականութեան հանդէպ:
Այս փոքր պրպտումին արդիւնքներն են զոր ես ինծի թոյլ պիտի տամ հակիրճ կերպով ներկայացնել, հիմնաւորելով մեր բանաստեղծներէն մէջբերումներով, չափածոյ կամ արձակ, ինչ որ ձեզի առիթ պիտի տայ ծափահարելու քանի մը գեղեցիկ էջեր, կը յուսամ, եւ վստահ եմ՝ կարգ մը մեծ դերասաններ:
Նախ այն, որ ամէն ոք կը փորձուի խորհելու, որ բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն հիմնովին կը հակադրուին: Միւսէ (Ալֆրէտ տը Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծ, Յ.Պ.), կը գրէ. «Քաղաքականութիւն, աւա՜ղ, ահա մեր թշուառութիւնը»:
Յօժարակամ կը շփոթենք քաղաքականութիւն եւ իրապաշտութիւն, եթէ դեռ այդ ստորութիւն չէ, երբ նոյն ատեն բանաստեղծութիւնը կը թուի պատկանիլ երազի մարզին, կամ յամենայն դէպս իտէալի: Արդէն այն բանաստեղծները, որոնք քաղաքականութեամբ փորձուած են, հազուադէպօրէն յաջողած են, ան ըլլայ Լամարթին, եւ նոյնիսկ Վիքթոր Հիւկօ, կամ դեռ Շաթոպրիան: Մին կամ միւսները շուտով դատապարտուած են իրենք զիրենք գտնելու ընդդիմութեան մէջ, ինչ որ քաղաքականութեան մէջ ձախողութեան նշան է: Ոչ թէ անոր համար, որ ընդդիմութիւնը քննադատելի է, այլ անոր համար, ով քաղաքական կեանքի անպատեհութիւնները կ’ընդունի, անոր ստրկութիւնը, պատսխանատուութիւնները, արատաւորումը եւ յաճախ վտանգները, այդ կ’ընէ գործելու համար, իր դրոշմը դնելու համար իրադարձութիւններու վրայ, մէկ խօսքով՝ կառավարելու: Քաղաքական մարդուն համար իր կեանքը անցնել ընդդիմութեան մէջ է այն՝ որ բանաստեղծ մը ինքզինք դատապարտէր կարդալու եւ դատելու ուրիշներու բանաստեղծութիւնները: Եզրակացնելով, ընդդիմադիրը դատապարտուած է ծաղկաքաղներ պատրաստելու:
Ուստի կը փորձուինք ոգեկոչելու Պոտլէրի տողերը.
Արդարեւ, ինչ կը վերաբերի ինծի, դուրս պիտի գամ գոհացած
Աշխարհէ մը ուր գործը քոյրը չէ երազի:
Իցիւ թէ կարենայի գործածել սուրը եւ մեռնիլ սուրով
Սուրբ Պետրոս ուրացաւ Յիսուսը, լաւ ըրաւ:
Եւ եզրակացնել, որ գործը՝ որուն բաձրակէտն է քաղաքականութիւնը, եւ երազը՝ որուն մենաշնորհեալ արտայայտութիւնն է բանաստեղծութիւնը, անյարիր են:
ԵՒ ՍԱԿԱՅՆ, եթէ դիմէինք սկզբնաղբիւրներուն, այսինքն յունարէնի, եւ փնտռէինք թարգմանութիւնը ընել բային, faire, կը գտնենք երկու կարելիութիւններ. poiein, որ ծնունդ տուած է poiesis,- ուրեմն poiesis, հետեւաբար՝ poésie, բանաստեղծութիւն, եւ prattein, ուրկէ՝ praxis, այսինքն գործ: Այլ ձեւով ըսուած, բանաստեղծութիւն եւ գործ, մեր մտածման առաջին Ուսուցիչներուն՝ Յոյներուն համար, ստեղծագործական գործունէութեան երկու ձեւերն են:
Արդարեւ, անոնք ի գործ չեն դրուիր նոյն առարկային վրայ եւ չեն գործածեր նոյն զէնքերը: Մին արուեստ մըն է, որ կը բանի բառերով: Միւսը կը գործածէ իրադարձութիւնները եւ որպէս միջոց ունի մարդիկը: Բայց Յոյներուն համար եւ նոյնիսկ ամբողջ բանաստեղծական աւանդութեան, մինչեւ նոր թուականները, բառերը իմաստ մը ունին, ուստի բանաստեղծութիւնները՝ նշանակութիւն, տարողութիւն: Եւ ինչ կը վերաբերի քաղաքական գործունէութեան, միթէ՞ ան ալ խօսքը չունի որպէս մենաշնորհեալ միջոց, բառերով չէ՞ որ կ’առաջնորդեն մարդիկը: Վիքթոր Հիւկօ հաւաքածոյ մը ունի «Արարք եւ խօսք» անունով (Actes et paroles): Յաճախ արարք եւ խօսք չե՞ն նոյնանար:
Երբ Լամարթին կը գոչէ՝ «Ֆրանսան կը ձանձրանայ», իր խօսքը քաղաքական արարք է: Սակայն ան բանաստեղծութիւն է: Երբ Վիքթոր Հիւկօ կը գրէ «Պատիժները» (Les Châtiments), բանաստեղծութիւն կը գրէ: Սակայն, վստահօրէն քաղաքական արարք է ինչ որ կ’ընէ: Հարկ է յիշել Չըրչիլը, երբ կ’ըսէր Անգլիացիներուն. «Ձեզի ուրիշ խոստում չունիմ բացի արիւնէն եւ աշխատանքէն, արցունքէ եւ քրտինքէ»: Այս բանաստեղծութիւն չէ՞, նոյնիսկ շէքսբիրեան: Այսուհանդերձ եղա՞ծ է աւելի կարեւոր քաղաքական արարք համայն մարդկութեան համար:
Միթէ՞ նոյնը պիտի չըսեմ զօրավար տը Կոլի Լոնտոնէն արձակած կոչերուն մասին, 1940ին, որոնք, նոյնիսկ եթէ ապագայի տրամաբանուած նախատեսութիւն էին, հոգեկցութիւն էին, ոճով եւ մտածումով, մեր մօտ Քորնէյի եւ Շաթոպրիանի բանաստեղծական ձեւն էին: «Քանի որ անոնք որոնք պարտականութիւն ունէին Ֆրանսայի սուրը գործածելու, ձգեցին որ ան իյնայ, ջարդուի, ես ինքս, վերցուցի թուրի հատուածը», կամ կրկին. «Ձեր վանտէական դամբանի խորը, այսօր, 11 նոյեմբերին, Քլէմանսօ, այսօր չէք քնանար»:
Անկասկած յիշեցի միայն բանաստեղծներ՝ որոնք քաղաքականութիւն ըրին, պետական մարդիկ՝ որոնք գրողներ են, բայց պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ բանաստեղծութիւնը, առնուազն ի սկզբանէ, սերտօրէն առնչուած է քաղաքականութեան:
Բանաստեղծութեան հնագոյն ձեւը դիւզազներգութիւնն է, ան երգ է՝ ի փառս հերոսներու, այսինքն մարդոց առաջնորդներուն: Ան «Իլիատ»ն է (Iliade), պիտի ըլլայ «Էնէիտ»ը (Enéide), դեռ աւելի քաղաքական, քանի որ ան ան փառերգն է հռոմէական կայսրութեան, ան պիտի ըլլայ Ֆրանսայի «Ռոլանի Երգը», որուն հեղինակը կ’երթար Շարլըմանեի կայսրութեան շրջանային մինչեւ ամենանուրբ հոգեբանութիւնը: Լսեցէ՛ք, խնդրեմ այս փոքրիկ հատուածը, Ժոզէֆ Պէտիէի արդի ֆրանսերէնով թարգմանութեամբ.
«Շարլըմանեը կը կանչէ իր բոլոր ճորտերը. Պաւարացիներ, Սաքսոններ կը մտնեն խորհրդաժողովի, եւ Փուաթուցիները, Նորմանտացիները, Ֆրանսացիները, Գերմանացիները եւ Թիոցիները հոն են մեծ թիւով, Օվերնիացիները աւելի քաղաքավար են»:
Վերադառնալով խօսքիս, հակառակ անոր որ կ’ըսեն, թէ Ֆրանսացին դիւցազնական գլուխ չունի, Ռոնսար իր «Ֆրանսիատ»ով, Վոլթէր իր «Հանրիատ»ով, պիտի փնտռէին իրենք ալ ազնուականանալ, իրենց գրիչը ազգային հերոսներուն ծառայեցնելով: Աւելի ուշ, աւելի տարբեր շեշտով մը, Պէրանժէ՝ իր երգերով, Հիւկօ՝ «Դարերու առասպելը»ով (La légrnde des siècles), նափոլէոնեան բանաստեղծութիւններով, ուրիշ բան պիտի չընեն:
Եւ ի վերջոյ ի՞նչ կ’ընէ Շէքսփիր իր ողբերգութիւններու մեծ մասին մէջ, եթէ ոչ երգել Անգլիոյ դժբախտութիւնները: Ընդհանրապէս ի՞նչ կ’ընէ Քորնէյ, եթէ ոչ բանատեղծութեան վերածել քաղաքականութիւնը: Ի՞նչ կ’ընէ Ռասին «Պրիթաննիքիւս»ին կամ «Պերենիս»ին մէջ, եթէ ոչ փաստել, որ ինք ալ կրնայ վեր բարձրանալ սիրոյ ողբերգութենէն, խօսիլ քաղաքականութեան եւ պարտականութիւններու մասին, որոնք կը ստիպեն Դիդիւսը (Տիտոս) զոհելու այն զոր կը սիրէր, չըլլալու համար «մարդոց աչքին ստոր պատկեր սիրոյ տկարութիւններուն»:
Իրողութիւնը այն է, որ յառաջդիմած եւ յաճախ անկման մէջ եղող քաղաքկրթութիւններու մէջ է, որ բանաստեղծը գրեթէ ամբողջութեամբ կը նուիրուի երգելու անհատի հարցերը, այսինքն՝ սէրը, կեանքը, մահը: Եւ դեռ անհրաժեշտ է, որ ազգային մեծ ցնցում մը ըլլայ, որպէսզի Արակոն, Էլսայի աչքերէն անդին, ճչայ իր Ֆրանսայի սէրը:
Ո՜վ դամբանականի ամիսներ, ամիսներ այլակերպման,
Մայիս որ եղաւ անամպ եւ Յունիս դաշունահարուած
Երբեք եղրեւանիները ոչ ալ վարդերը պիտի մոռնամ
Ոչ ալ անոնք՝ զորս գարունը իր ծալքերուն տակ թաքցուց:
Արդէն ի՞նչ կը փաստէ այս ամէնը, եթէ ոչ քաղաքականութիւնը, իր լիիրաւ եւ ազնիւ իմաստով, եւ ոչ որպէս արտայայտութիւնը արհեստավարժ քաղաքագէտներու ամենօրեայ խաղերուն, ան որ կը հասնի մարդոց սրտին եւ կեանքին, բոլոր մարդոց, եւ որ չի կրնար չգտնուիլ առաջին գծին վրայ այն խնդիրներուն, որոնց մասին կը մտածէր Վիքթոր Հիւկօ, երբ կը գրէր.
Ամէն շունչ, ամէն ճառագայթ, պատեհ կամ չարաղէտ
Փայլ կու տայ հոգւոյս եւ թրթիռ՝ հոգւոյս բիւրեղեայ
Հոգիս հազարաձայն, որ Աստուած զոր կը պաշտեմ
Դրաւ կեդրոնը ամէն բանի ինչպէս հնչեղ արձագանգ:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, որ այնքան բնական կը թուի ըլլալ, թերես հիմա աւելի լաւ կ’ըմբռնենք անոր սահմանները:
Մարդը կրնայ նկատի առնուիլ որպէս սոսկ անհատ, ուզել կամ երեւակայել որ կեանքը սոսկ անհատական է: Կայ բանաստեղծութիւն մը, որ կեանքի այդ նիւթերը կ’առնէ. սէր, ուրախութիւն եւ ցաւեր, բնութեան վայելք կամ պժգանք, մղձաւանջ կամ մահուան բաղձանք:
Բայց մարդը յայտնապէս կապուած է ընկերութեան մը որուն դրոշմը կը ստանայ, որուն կառոյցները կ’ընդունի կամ կը մերժէ, կը բաժնէ կամ կը վանէ զգացումները եւ հասարակաց գործերը:
Բանաստեղծութիւնը, մարդուն արտայայտութիւնը, չէր կրնար իր նիւթերը չընտրել նաեւ այս էակին մէջ որ մաս կը կազմէ ամբողջին: Այսպէս է, որ մենք անթիւ բանաստեղծութիւններ ունինք, յանձնառու՝ ինչպէս կ’ըսեն այսօր: Բայց այս յանձնառութիւնը զանազան ձեւեր ունի. կրնայ ըլլալ «համակերպող» եւ ամէն ոք ըստ իրեն յատուկ կեցուածքին այս բառին պիտի տայ գովաբանական կամ նուաստացուցիչ արժեւորում: Կրնայ ըլլալ «բարեկարգիչ» եւ կառավարութիւններուն, քաղաքացիներուն տալ խորհուրդներ եւ ազդարարութիւններ: Կրնայ ըլլալ «յեղափոխական» եւ պահանջել բիրտ տապալումը կառոյցներու եւ յառաջացումը նոր ընկերութեան մը: Յանձնառութեան այս բոլոր ձեւերուն կը հանդիպինք բանաստեղծութեան պատմութեան ընթացքին:
Սկիզբը, բանաստեղծութիւնը սերտօրէն միացած է իշխանութեան, ան է՝ ինչ որ կը կոչեմ համակերպող: Ան դիւցազներգական կամ քնարական բանաստեղծութիւնն է, որ կը փառաբանէ հերոսները, անոնք որոնք կ’աառաջնորդեն մարդիկը, այս կը գտնենք Հոմերոսի կամ սեւ Ափրիկէի «կրիօ»ներուն մէջ (կախարդ, պատմաբան, բանաստեղծ, որոնք դասակարգ մը կը կազմեն, Յ.Պ.): Քանի իշխանութիւնը կը կազմակերպուի, կը քաղաքակրթուի, կը զօրանայ եւ նուազ կախում կ’ունենայ ֆիզիքական ուժէն եւ զինուորական արժէքէն, բանաստեղծները զայն երբեմն կը փառաբանեն, բայց աւելի յաճախ կը խրատեն եւ ցոյց կու տան սխալները՝ որոնցմէ պէտք է խուսափիլ: Այս կը գտնենք մասնաւորաբար մեր ԺԶ եւ ԺԷ դարերու բանաստեղծներուն մօտ, եւ քիչ ետք պիտի լսէք օրինակներ: Եւ ապա, երբ ընկերութիւնը իրականացած է, ժամանակաւոր իրականացում՝ ինչպէս ամէն բան որ կը վերաբերի մարդոց կեանքին, այն ատեն բանաստեղծը կը դառնայ դէպի անհատը: Եթէ յանձնառու կ’ըլլայ, այդ կ’ըլլայ կիրքով, ուրեմն յաճախ բողոքելու համար ընկերութեան մէջ տիրող կացութեան դէմ: Այսպէս, Էլիուար կամ Արակոն, վստահօրէն, բայց նախապէս արդէն Պոտլէր, որուն «Չարի ծաղիկները» (Le fleurs du mal) բանաստեղծութիւններէն շատեր խմբուած են «Ըմբոստութիւն. Ս. Պետրոսի ուրացումը» գլխուն տակ, «Սատանի անվերջանալի երգեր» եւ կամ «Աբէլ եւ Կայէն».
Ցեղ Աբէլի, քնացի՛ր, խմէ՛ եւ կե՛ր,
Աստուած քեզի կը խնդայ յօժարակամ,
Ցեղ Աբէլի՝ տիղմի մէջ
Սողա՛ եւ մեռի՛ր թշուառ:
Ցեղ Աբէլի, սիրէ՛ եւ բազմացի՛ր:
Քու ոսկիդ իր ձագերը կ’ունենայ,
Ցեղ Աբէլի, որ կ’այրի,
Զգուշացի՛ր մեծ ցանկութիւններէ:
Նոյնը պիտի ըսեմ անոնց մասին, որոնք «այլ տեղ» կը փնտռեն, կը փախչին այն աշխարհէն ուր ծնած են, անոնք կոչուին Թրիսթան Քորպիէր, կամ Ռէմպօ, կամ նոյնիսկ Սէն-Ժոն Փերս :
Բայց թերեւս թոյլ պիտի տաք ձեզի կարդալ բանաստեղծութիւն մը, ուր ներշնչման երկու աղբիւրները կը միանան, երբ խօսելով արուեստի մասին, հեղինակը պիտի կարենայ խօսիլ արարման մասին, այնպէս որ հակադրութիւնը չդրսեւորուի անոնց միջեւ որոնք դէպի անցեալ կը դառնան, որքան ալ մեծ ըլլայ այդ անցեալը, եւ անոնց՝ որոնք կը փորձեն երեւակայել կամ ստեղծել նորը:
Ափոլինէր. Գեղեցիկ շէկուհին
(Գծանկար բանաստեղծութիւն. Calligrammes)
Ահաւասիկ ես բոլոր մտացի մարդոց առջեւ
Ճանչնալով կեանքն ու մահը այնքան որ ապրողը կրնայ ճանչնալ
Զգացած ըլլալով ցաւերը եւ վայելքը սիրոյ
Գիտցած ըլլալով երբեմն պարտադրել գաղափարներ
Գիտնալով բազմաթիւ լեզուներ
Յաճախ ճամբորդած ըլլալով
Տեսած ըլլալով պատերազմը հրետանիի եւ հետեւակի մէջ
Վիրաւորուած գլխէս եւ անզգայնացուած գանկէս դարմանուած
Կորսնցուցած լաւագոյն ընկերներս ահաւոր պայքարի ընթացքին
Հինէն ու նորէն այնքան գիտեմ որ մարդ մը կրնայ գիտնալ
Եւ այսօր առանց մտահոգուելու այս պատերազմով
Մեր միջեւ եւ մեզի համար բարեկամներս
Կը դատեմ այս երկար կռիւը աւանդութեան եւ գիւտի
Կարգի եւ Արկածախնդրութեան
[…]
Բայց հեգնեցէ՛ք հեգնեցէ՛ք զիս Մարդիկ ամէն տեղի մանաւանդ՝ այստեղի
Քանի որ այնքան բաներ կան զորս ձեզի չեմ կրար ըսել
Այնքան բաներ զորս դուք թոյլ պիտի չտաք ըսել
Գթացէ՛ք ինծի
Ափոլինէրի հրաւէրով աւելի հեռու երթանք բանաստեղծներու մշակած նիւթերէն, փնտռելու այն ինչ որ զիրենք կը ներշնչէ, առօրեականէն անդին, փնտռել զսպանակը մեծ քաղաքագէտներու:
Կը հասնիմ այն համոզման, որ նմանութիւնները ակնյայտնի են եւ տարբերութիւնը խառնուածքի հարց է: Ոմանք ստեղծուած են արտայայտելու համար, ուրիշներ՝ գործելու:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐ պէտք է որ ունենան մարդոց ներիմացական խոր ճանաչումը, անոնց պահանջներուն, անոնց իղձերուն: Բայց երբ բանաստեղծները առաւել կամ նուազ տաղանդով կը թարգմանեն, քաղաքագէտները կը փորձեն զանոնք աւելի կամ նուազ յաջողութեամբ բաւարարել:
Բանաստեղծներ եւ քաղաքագէտներ պէտք է որ առաջնորդուած ըլլան կեանքի իմաստի ըմբռնումով մը, եւ կը համարձակիմ ըսել՝ իտէալի պահանջով մը: Բայց բանաստեղծները այդ կ’արտայայտեն եւ քաղաքագէտները կ’ուզեն այդ իրականացնել: Բանաստեղծներուն համար, այդ շատ յստակ է: Բայց երբ Աղեքսանդր Մակեդոնիայէն կը մեկնի երթալու համար մինչեւ ափերը Եփրատի, Օքսիւսի եւ Ինտիւսի եւ մեռնիլ Բաբելոնի մէջ, ի՞նչն է որ զինք կ’առաջնորդէ, եթէ ոչ իր ճակատագրի բանաստեղծական տեսիլք մը:
Երբ Նափոլէոն, իր կարգին, գրաւուած արեւելքի կրկներեւոյթով, կը յայտարարէ. «Ապրեցայ միայն երկու տարուան մէջ», կամ՝ «Ես ծրագիրներս ըրի քնացած զինուորներուս երազներուն հետ», ի՞նչ է ինք, եթէ ոչ բանաստեղծ մը, որ կը գործածէ մարդիկը՝ իրականացնելու համար երազ մը»:
Կը հասկնամ, որ միայն Աղեքսանդրներ եւ Նափոլէոններ չկան, եւ ոմանք բաւականութեամբ պիտի ըսէին. «Բարեբախտաբար»: Բայց պարզ է, որ ասոնք են միայն որ կ’ապրին մարդոց երեւակայութեան մէջ եւ կը ներշնչեն բանաստեղծները: Եւ յետոյ, ապահովաբար կան ողորմելի քաղաքագէտներ: Բայց նաեւ գէշ բանաստեղծներ:
Վերջին հաշւով, կարգ մը մարդոց մօտ կայ – կը խօսիմ միայն մեծերու մասին – տեսակ մը մագնիսական շնորհ: Ոմանք գիտեն այդ փոխանցել բառերով, բանաստեղծութեամբ կամ արձակով: Ուրիշներ այդ կը գործածեն առաջնորդելու համար ժողովուրդը եւ զայն տանիլ դէպի խոստացուած աշխարհը: Մէկուն եւ միւսին յաջողութիւնը տեւաբար կը յիշեցնէ անոնց գործերը, մեծագործութիւնները:
Դժուարութիւնը այն է, որ երկիրը ժամանակաւորապէս կրնայ հեռանալ իր մեծ բանաստեղծներէն, քանի որ ան կը պահէ այն ինչ որ անցեալը իրեն կտակած է: Հանրային գործերու յանձանձումը դադար չունի մէկէն միւս իշխանութիւնը: Եւ հետեւաբար ազգերու պատմութեան մէջ փոխնիփոխ իրարու կը յաջորդեն մեծութիւն եւ միջակութիւն: Վերջին պարագային, իրենց կը մնայ մխիթարուիլ յիշելով, որ երջանիկ ժողովուրդները պատմութիւն չունին: Գէթ այդպէս կ’ըսեն:
Հայացուց՝ Յ.Պ.