
ՓԱՐԻԶ․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ քանի մը օրուայ այցելութեամբ ժամանած է Ֆրանսա, յատկապէս ներկայ ըլլալու համար Ֆոնեթոնի բացումին, հանդիպում ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի տեղական կառոյցի ղեկավարներուն հետ: Այս հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչներուն Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերումի համար:
Սահակեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հ․Հ․ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի եւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու հետ: Քննարկուած են Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նախագահը նշեց, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը` շնորհակալութիւն յայտնելով ֆրանսահայութեան ունեցած հետեւողական ներդրումին։