Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Երեւանի 2800-ամեակը:
Նախագահը իր շնորհաւորանքին մէջ նշեց.
«Շնորհաւոր 2800-ամեայ յոբելեանդ, սիրելի՛ Երեւան:
Շնորհաւոր բոլորիս տօնը, սիրելի՛ երեւանցիներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ` Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ:
Երեւանը կը սիրենք անկախ մեր ծննդեան վայրէն, անկախ մեր ապրելու վայրէն:
Երեւանը մեր մէջ է, ինչ որ մեզ կը յուզէ ու կը ջերմացնէ:
Երեւանը մեր ներկան է` երէկուան յիշողութեամբ ու վաղուան վստահութեամբ:
Երեւանը յաւերժական պատմութիւն է ու յաւերժական երիտասարդութիւն:
Սրտցաւ ըլլանք մեր անցեալի ժառանգութեան եւ հոգատար` մեր ապագային հանդէպ:
Հաւատարիմ մնանք Երեւանին:
Ծնունդդ շնորհաւոր, Երեւա՛ն, իմ սէ՛ր»: