Յ. Պալեան
«Քաղաքակրթութիւնները չեն մեռնիր սպաննուելով, անոնք անձնասպան կ’ըլլան»:
Առնոլտ Թոյնպի
Մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի (1889-1975) անունը ծանօթ է մեզի: Յաճախ կը յիշենք իր գիրքը. «The treatment of Armenians in the Ottoman Empire 1915-1916»: Բայց ան միայն «պատմող» կամ «փաստահաւաք» պատմագիր չէ: Ան նաեւ պատմութեան մեկնաբան է, ինչպէս կ’ըսուի՝ պատմութեան իմաստասէր, ծանօթ՝ որպէս պատմութեան փիլիսոփայ:
Պատմութիւնը դիտած եւ դատած մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի ընդհանուր ազգաց պատմութենէն քաղուած իմաստութեան հռչակաւոր խօսքը յաճախ չենք յիշեր: Ան ըսած է. «Քաղաքակրթութիւնները չեն մեռնիր սպաննուելով, անոնք անձնասպան կ’ըլլան»: Այսինքն ժողովուրդ մը պէտք է գիտնայ իր ճակատագիրը կարդալ ոչ միայն արտաքին ազդակներու դիմելով, այլ նաեւ իր մէջ: Մեր ժողովուրդի ճակատագիրը կը կերտուի կամ կը քանդուի իւրաքանչիւրիս կողմէ, որպէս դրական թէ բացասական արդիւնք:
Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը եւ անոր ղեկավարները, մտաւորականները, հրապարակագիրները, եկեղեցականները, ուսուցիչները, եթէ թիւ ու թուական, անհատական բարօրութիւն եւ նիւթապաշտութիւն պահ մը մոռնալով, փորձեն մտածել այս մասին, այդ կ’ըլլայ մեծ նպաստ մեր ինքնութեան, մեր վարած քաղաքականութեան եւ այնքան հոլովուած գոյապայքարին, հայրենասիրութեան եւ երգուած հայաստաններուն:
Արդարեւ, երբեմն իրաւ քաջութիւն պէտք է ունենալ, ոչ ամբոխային եւ ոչ ալ բառերը չարչրկող շատախօսութիւն, Առնոլտ Թոյնպիի մտածումը իսկական օրակարգ դարձնելու մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը երբ կ’առաջնորդենք, երբ կը մտնենք ղեկավարական եւ քաղաքական խաղին մէջ: Այս ճիգը պէտք չէ ընել ինքնամտրակումի համար, այլ դիմագրաւելու համար մեր խնդիրները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային:
Պարզ է. քաղաքակրթութիւն մը կը մեռնի իր իսկ ժողովուրդի որոշումով, հակառակ ընդունուած եւ ինքնարդարացման ծառայող արտաքին ազդակներու ճնշման որպէս հետեւանք: Աւելի պարզ խօսելով, այսօր ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել, ի՞նչ չենք ըներ, որպէսզի մնանք պատմութեան բեմին վրայ եւ չըլլանք էջ մը պատմութեան գիրքերուն մէջ, անցնելէ ետք համաշխարհային ազգ ըլլալու ինքնարդարացման եւ ինքնախաբէութեան անէացման առաջնորդող ճանապարհներէն:
Անհատաբար եւ որպէս հաւաքականութիւն շարունակութիւն ըլլալու գաղափարախօսութիւն եւ քաղաքականութիւն ունի՞նք, եթէ կ’ուզէք աւելի տպաւորել, ըսէ՛ք՝ ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն:
Ինչպէ՞ս կ’իրականանայ քաղաքակրթութեան մը, մեր պարագային՝ ազգի ինքնասպանութիւնը: Կա՞յ նման ընթացք եւ սպառնացող վտանգ մեր ժողովուրդին համար: Ինչպէ՞ս կրնանք գիտակցիլ նման վտանգի առկայութեան:
Պատասխանելու համար այս հարցումին, ստիպուած ենք կրկնելու հասարակ տեղիք դարձած ճշմարտութիւններ, որոնցմէ ուզած ենք միշտ խուսափիլ, որոնք կը մնան սրտցաւ զրոյցներու մակարդակին, կամ զանոնք ժխտելու միտող բաժակաճառ են պարզապէս:
ա. Հայրենիքը էական է ազգին համար, առանց որուն ան դատապարտուած է աստիճանաբար ձուլուելու ուրիշ ազգերու մէջ: Հայրենիք չպահել ազգին համար ինքնասպանութիւն է: Հայրենիք չի պահուիր փոխանորդութիւններով, վարձկան զինուորներով եւ վարձկան բնակիչներով: Հայրենիքը ազգի գոյատեւման անփոխարինելի երաշխիքն է: Երբ ազգ մը կը նահանջէ եւ կը դադրի հայրենատէր ըլլալէ, կ’ընդունի դանդաղ կամ արագ ինքնասպանութիւնը: Հայը որ կ’արտագաղթէ, հայը որ չի վերադառնար հոն ուր եղած են իր նախահայրերը, ազգը կը տանի ինքնասպանութեան, ինք կրնայ ապրիլ որպէս արտադրող եւ սպառող: Այս ազգային հիմնական գաղափարախօսութիւնը այսօր կը մաշի, մաշած է շատերու համար, զանոնք մասնակից եւ մեղսակից դարձնելով ազգի ինքնասպանութեան, վարդապետութեան վերածելով լաւ ապրելու իրաւունքը:
բ. Ազգ մը, քաղաքակրթութիւն մը, նկարագիր եւ հոգի կ’ունենան մշակոյթով, որ առաջին հերթին լեզու է, քանի որ ան կը փոխադրէ եւ իւրաքանչիւրին կը հասցնէ դարերու ընթացքին ձեւաւորում ստացած արժէքներ եւ միտքեր, հոգեխառնութիւն, շարունակութիւն եղող եւ ապրուած գիտակցութիւն, կարելի կը դարձնէ հաղորդակցութիւնը եւ աւելի ճիշդ՝ հաղորդութիւնը, (communion) հաւաքականութիւնը գոյացնող մարդոց միջեւ: Արդարեւ, ինչպէս դիտել կու տայ Առնոլտ Թոյնպի, ընկերութեան մը բաղադրիչները մարդիկը չեն, այլ իրենց միջեւ եղած յարաբերութիւնները, իսկ այդ յարաբերութիւնները տնտեսութիւն են, ի հարկէ, բայց նաեւ մշակոյթ, որ լեզու է, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, երգ, կրօն, աւանդութիւններ, հաւաքական յիշողութիւն: Երբ կը զեղծուի լեզուն, կը մոռցուի, ընկերութեան անդամներուն միջեւ հոգեկան-ոգեկան հաղորդակցութիւն-հաղորդութիւնը կը չքանայ, մարդիկ նոյն ձեւով չեն մտածեր, նոյն արժէքները չեն դաւանիր, կը դառնան ուրիշ:
գ. Ազգեր եւ հայրենիքներ երբեմն անհետացած են վայրագ եւ բիրտ ուժերու ասպատակութեանց հետեւանքով: Ներկայիս քաղաքակրթական ներխուժումներ կան, որոնք ազգերու եւ ժողովուրդներու ինքնութիւնները կը խաթարեն, կը ձգտին միօրինականացնել, զանոնք դարձնել այլ՝ յարաբերաբար անոր որ էին: Յիշել Ճորճ Օրուէլի գիրքը, «1984», թուանշանի վերածուած մարդիկը, յիշել Հերպըրտ Մարքիւզի «միատարածք» մարդը, իր կողքին եղողէն չտարբերուող: Երբ ազգ մը, կամ քաղաքակրթութիւն մը, չեն դիմադրեր միօրինականացման, կը կապկեն, կ’ընդունին ուրիշ ըլլալ լեզուով, բարքերով, կենցաղով, ընդգրկուած կ’ըլլան անհետացման ընթացքի մէջ, այսինքն՝ կ’ընդունին ինքնասպանութիւնը, կը դադրին շարունակութիւն ըլլալէ:
դ. Այս կամաւոր կամ պարտադրուած ինքնասպանութիւնը կը գործադրուի նաեւ տիրակալ բիրտ ուժերու եւ վարդապետութիւններու կողմէ: Այդպէս էր Հռոմէական կայսերական մտածողութիւնը, ձգտելով հռոմէական միատեսակութիւնը պարտադրել, այդպէս եղան գաղութարարութիւնները, բրիտանական կամ ֆրանսական, երբ լեզուական միօրինակութեան ձգտեցան, այդպէս եղաւ խորհրդային կայսրութիւնը, երբ ուզեց «սովետամարդ» (homo sovieticus) ստեղծել, թելադրելով-պարտադրելով որ իւրաքանչիւր սովետ քաղաքացիի որ ան պէտք է սորվի ռուս մեծ լեզուն կարգախօսը: Այսօր այդպէս են Նոր Հռոմը, ամերիկեան քաղաքակրթութիւնը եւ ամերիկեան կեանքի ոճը (american way of life): Այսօր ո՞վ կրնայ ճշդել, թէ այս լեզուական կայսերապաշտութեան հետեւանքով, ան ըլլայ ռուսական, ամերիկեան, ֆրանսական կամ այլ, ի՞նչ եղած է մեր ժողովուրդի թուական կորուստը, եւ ի՞նչ են հետեւանքները ներկայ Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ, ինքնութեան պաշտպանութեան գծով, որպէսզի ազգի ինքնասպանութիւն չգործուի:
Այս՝ քաղաքակրթական եւ մշակութային ինքնապաշտպանութեան բացակայութեան մասին, որ հետեւանք է ազգային գաղափարախօսութեան եւ առաջնորդութեան նահանջներու:
Մեզի ժամանակակից ամերիկացի գիտնական մը Ժարէտ Մէյսըն Տայմընտ (Jared Mason Diamond), կ’անդրադառնայ այս խնդիրներուն, այսինքն ազգի մը, կամ քաղաքակրթութեան մը տոկալու եւ տեւելու կարողութեան, ինքնասպան չըլլալու հարցին:
2005ին լոյս տեսած իր «Փլուզումը» գիրքին մէջ, Ժարէտ Տայմընտ հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կարգ մը հին քաղաքակրթութիւններ անհետացած են: Ժարէտ Տայմընտ կենսաբան է: Իր հարցումին որպէս պատասխան կ’ըսէ, թէ այդ հին քաղաքակրթութիւնները մեռած են, քանի որ իրենց ընտրանին, ղեկավարութիւնները, կառավարութիւնները, անկարող եղած են տեսնելու ընթացքի մէջ եղող փլուզումը, կամ նոյնիսկ երբ այդ տեսած են, չեն կրցած կանխել, առաջքը առնել, իրենց մենաշնորհներու պաշտպանութեան հանդէպ իրենց կողմէ ցուցաբերուած կարճատեսութեան հետեւանքով, անտեսած են հաւաքականութիւնը, ան ըլլայ ազգ թէ քաղաքակրթութիւն: Այսինքն, պարզ խօսքով չարաշահող եւ իրենց մենաշնորհներուն կառչած ղեկավարութիւնները փլուզման առաջնորդած են իրենց քաղաքակրթութիւնները եւ ժողովուրդները: Երեւոյթը չէ անհետացած եւ կը կրծէ քաղաքակրթութիւններու եւ ժողովուրդներու ոգեկանութիւնը:
Այս ակադեմական բայց այնքան իրապաշտ եւ այժմէական գաղափարներու լոյսին տակ եթէ դիտենք Խորենացիի մեր «փոքրիկ ածու»ն, Հայաստան եւ սփիւռքներ, թերեւս կրնանք աւելի արդար, աւելի հեռատես, աւելի սեփական ինքնութեան պաշտպանութեան նախանձախնդիր հայկական ընկերութիւն մը ունենալ: Բայց նկատի ունենալով, որ մարդն է քաղաքակրթութեան շարժիչ ուժը, Ժարէտ Տայմընտ կը խորհի նաեւ, որ Ընկերութեան մը փլուզումը ճակատագրական չէ: Այսինքն՝ կարելի է հակազդել, չնահանջել, չընկրկիլ:
Առնոլտ Թոյնպիի եւ Ժարէտ Տայմընտի մտածումներու լոյսին տակ, ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըներ, մենք՝ հայերս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար:
Պիտի կարենա՞նք ունենալ ազգային գաղափարախօսութիւն մը, առաջքը առնելու համար մեր ազգի, մշակոյթի եւ հայրենիքի փլուզման: Գաղափարախօսութիւն մը, որ ըլլայ հարազատ, ապագայատես, ապագայակերտ, եւ ընդունուի բոլոր հայերուն կողմէ:
Կրնա՞նք պարզ եւ ըմբռնելի բառերով սահմանել այդ գաղափարախօսութիւնը.
ա. Հայրենատիրութիւն, որ դատարկաբանութիւն է առանց իրականացող վերադարձի փլիսոփայութեան:
բ. Լեզուի եւ մշակոյթի անխարդախ պաշպանութիւն եւ վերականգնում, հայերէնը դարձնելով ինքնութեան խարիսխ, այլապէս կը դատապարտուինք ծագումով հայ ըլլալու անվաղորդայն տխրութեան, օր մը այդքանն ալ չըլլալով:
գ. Վերացում չարաշահութիւններու, անոնց հետեւանք մենաշնորհներու, ծնունդ տալու համար ներազգային իրաւ համագործակցութեան եւ առաքինութեան, բիզնեսը չվերածելով Ահարոնի Ոսկի Հորթին, չարաշահութեան եւ շահագործաման, անարդարութեան:
Այս ընելու համար առաջնորդող գաղափարի եւ այդ գաղափարը առաջնորդող ղեկավարի, ղեկավարումի, կազմակերպութեան կարիք կայ:
Մեր ընկերութեան մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի լուսանցքային դարձած մտաւորականութեան պարտականութիւնն է լուսաւորել զանգուածները, որպէսզի անոնք ծնունդ տան անշահախնդիր, մենաշնորհներ չհետապնդող ազգի եւ հայրենիքի փլուզման պատճառներու վերացման ճարտարապետ ղեկավարներու: Մամուլին համար կ’ըսուի, որ ան չորրորդ իշխանութիւն է, իսկ պէտք է աւելցնել, որ ժողովուրդի մը մտաւորականութիւնը անոր ապագայատես եւ հարազատ ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու ուժականութիւնն է, ան պէտք է դառնայ լուսաւորող եւ չլռող ուժականութիւն:
Որպէսզի չեզրակացնենք, որ ազգ, հայրենիք, քաղաքակրթութիւն անպատասխանատուութեամբ ինքնասպան պիտի ըլլան: Այս իրատեսութեամբ եւ յանդուգն յանձնառութեամբ կարելի կ’ըլլայ մեր գոյութեան սպառնացող արտաքին եւ ներքին չարիքներու դէմ պայքարիլ, եւ օր մըն ալ անհետացնել զանոնք:
Քաղաքակրթութիւնները չեն մեռնիր սպաննուելով, անոնք անձնասպան կ’ըլլան, ըսած է Առնոլտ Թոյնպի:
Ցուցադրութիւններէ, ընդունելութիւններէ, հանրահաւաքներէ եւ ամէն կարգի ամբոխավարութիւններէ, populism-է, դիրքապաշտութիւններէ եւ դիրքապաշտպանութիւններէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ քաջութեամբ զրոյցի նստիլ Առնոլտ Թոյնպիի եւ Ժարէտ Տայմընտի հետ:
Զրոյցի ժամանակ միշտ մտածելով, որ ազգը ազգ է հողին վրայ, ազգ է դարերու ընթացքին հիւսուած ինքնութեամբ եւ մշակոյթով: Առանց անոնց ի՞նչ կը մնայ: Իրատեսութիւն եւ քաջութիւն պէտք է պատասխանելու, նոյնիսկ ցաւելու եւ ցաւցնելու գինով:
Զրուցող հա՞յը. Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռքներ, որոնք գիտնան չըլլալ ծագումով հայ, հայրենահանուելէ եւ հայրենիք լքելէ ետք յայտնուիլ Բելգիացիի, Նոր Զելանտացիի, Ֆրանսացիի, Ամերիկացիի գոյնզգոյն շապիկներով եւ … պարծենալ ծագումով հայու յաջողութիւններով:
Առանց բացառութիւններու եւ բացառիկ պարագաներու ծխածածկոյթին մէջ ճամբակորոյս ըլլալու, ինչպէ՞ս մերժել հետեւիլ ինքնասպանութեան վատերու ճանապարհին: