Հոկտեմբեր 5-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Վըրճինիայի մէջ, իր մահկանացուն կնքեց մաէսթրօ Արսէն Սայեանը (ծնեալ՝ Յունուար 10, 1928-ին, Հալէպ)։
Իր ուսումը ստանալէ ետք, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն, Սայեան շարունակած է մասնագիտանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասին կաթողիկոսարանին մէջ։ 1949-ին շրջանաւարտ, ան վերադարձած է Հալէպ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած՝ ազգային Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններուն եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, դասաւանդելով հայերէն լեզու, պատմութիւն եւ երաժշտութիւն։
Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա․ Կաթողիկոսի Բերիոյ թեմի Առաջնորդութեան շրջանին, ան ստանձնած է Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի արական երգչախումբի դպրապետութիւնը։ Համերգային գործունէութիւնը ծաւալելով, 1950-ին ան կազմած է ՝՝Շողական՝՝ երգչախումբը, որ ղեկավարած է մինչեւ 1957 թուական։
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք, մաէսթրօ Սայեան, յատկապէս Ֆիլատելֆիոյ մէջ գործած է, յատկապէս ՛՛Քնար՛՛ երգչախուիմբը կազմելով։
Ան գործած է նաեւ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Ուաշինկթընի մէջ։ Սայեան, 1969-1995-ին, Ամերիկայի Ձայնի հայկական բաժանմունքի խմբագիրն էր։ Ան 1980-ին ստացած էր ՛՛Մեսրոպ Մաշտոց՛՛ շքանշանը, Մեշի Տան Կիլիկիոյ Խորէն Ա․ կաթողիկոսի ձեռամբ։
Մաէսթօ Սայեան, նաեւ հետեւողական յօդուածներ կը յղէր ՛՛Հայրենիք՛՛-ին, միշտ ալ նիւթ ունենալով հայ դասական եւ կրօնական երաժշտութիւնը։ Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ին։ Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
↧
Ոչ Եւս Է Մաէսթրօ Արսէն Սայեանը
↧