Գէորգ Պետիկեան
Շաբաթ է եւ յանկարծ գեղեցիկ անակնկալ մը։ Տէր եւ տիկին ինքնածին կ՚ուրախանանք։
Տեսակ մը տօնական մթնոլորտ, որովհետեւ հինգ տարեկան մեր թոռնիկը՝ Հայկը, այս երեկոյեան մեզի «պիտի բերեն» ու մեր մօտ պիտի գիշերէ։ Որովհետեւ՝ իր ծնողքը, յատուկ հաւաքի մը հրաւիրուած է։ Այսպէս, իր հայրը, մեր մեծ մանչը, իր կնոջ հետ երկրորդականի իր շրջանաւարտ դասարանի 30-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուի։ Ուստի Հայկին «նայող» է պէտք ։
Մէկ խօսքով՝ Class Reunion ունի։
Անկեղծօրէն յայտնեմ, որ Հայկին եւ նոյնիսկ միւս թոռնիկ՝ Վանային, ամէն առիթով եւ կամ ամէն ժամու ներկայութիւնները, մեզ երբեք չեն խանգարած։ Ընդհակառակն՝ ցնծութիւն եղած է։ Ահա մեծ ծնողներու անգիր պարատականութիւն-պարտաւորու-թիւններէն օրինակ մը։ Դժգոհ չեմ եւ երբեք ալ՝ չենք եղած։
Ապա, այդ երեկոյ, Հայկին հետ ժամեր շարունակ խաղալէ, կերցնելէ, կարդալ-զբաղեցնելէ եւ ապա առանց «հարցի» քնացնելէ ետք, յոգնած ու «ջարդուած», ուզեցի սենեակս քաշուիլ ու պահ մը առանձնանալ։
Հաճելի ժամադրութիւն մը յարգողի նման՝ ես ինծի հանդիպիլ։
Ու վայրկեանին դարձեալ ինկած եմ մտածումներուս աշխարհին մէջ։ Կը մտաբերեմ։ Մենք ալ, իբրեւ նախկին դպրոցականներ, հո՛ս, այս ափերուն, Հալէպի մեր 70-ամեայ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի անունով, ունինք մեր վարժարանի անունը կրող միութիւն–ընկերակցութիւն մը, որ պարահանդէս, նախաճաշ եւ կամ դաշտագնացու-թիւն պիտակին տակ, տարին սանկ քանի մը առիթներով, մեր գաղութէն ներս բնակութիւն հաստատած ճեմարանականներս, ըլլանք շրջանաւարտ կամ ոչ, նոյն յարկին տակ կը հրաւիրէ, կը հաւաքէ, կարօտով կը մէկտեղէ, որպէսզի նոյն կերակուրը ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսենք ու մեր Ճեմարանի գոյութէնէն բխող նորութիւննե-րուն ծանօթանանք եւ աւելին՝ ոչ միայն Ճեմարանով ապրինք, այլեւ՝ նոյն մթնոլորտէն ջերմանանք եւ մեր կարելիով ալ՝ նուիրաբերենք։
Գեղեցիկ եւ նոյնքան ալ աւանդական։
Ու այսպէս քառասուն տարիներ շարունակ՝ մեր այս ընկերակցութեան իրարայաջորդ վարչութիւնները, իբրեւ խղճամիտ ու երախտապարտ կեցուածք, կառչած մնալով մեր ազգային գոյատեւման նպաստող հեռաւոր այդ կրթական կեդրոնին, ձեռնարկներէն, սրտախուխ նուիրատուութիւններէն իրենց հաւաքած կամ հանգանակած լոյսի չափ անհրաժեշտ նիւթականով՝ օգտակար փորձեցին դառնալ, անոր կեանքի հեւքը թեթեւ-ցնելու համար։ Իւրաքանչիւր հաւաք, մեզի համար ալ տեսակ մը School Reunion էր:
Թերեւս շատերուն համար այս խօսքերը կրկնութիւններ ըլլան կամ ալ թուին։ Հոգս չէ։
Միւս կողմէ սակայն տեսանելի են, որ ներկայիս միութիւններ, ըլլան անոնք հայրենակ-ցական, կրթական, մարզական, մշակութային, նոյնիսկ հայ վարժարաններ, նիւթակա-նի կողքին եւ աւելին կը տառապին մարդուժի, մանաւանդ նոր սերունդի ներկայացու-ցիչներու բացակայութենէն։ Կարծես այս բոլորին մօտ եւ համար, մեր նորերու եւ կամ նոր սերունդի հետաքրքրութիւնը հետզհետէ սկսած է նուազիլ։ Պակսիլ, կամ՝ նոյնիսկ ցամքած ալ է։ Նորեր չկան, հիները փոխարինող։ Չեն գար։ Չեն մօտենար։ Իրենք ուրիշ հետաքրքրութիւններ ունին։ Իրենց աշխարհը ուրիշ է. կարծես։ Տարբեր մոլորակ:
Ու այս բոլորը, հիմա եւ տեւաբար հրապարակով հնչեցնելը անհարժեշտ պայման նկատաած ենք, որովհետեւ մեզի համար ալ ապագայի հաշւոյն մտահոգիչ եւ վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծող երեւոյթներ են։ Յիշեալ կամ նշեալ միութիւններու շարքերէն ներս զգալի է «նորերուն» բացակայութիւնը։
Արդեօ՞ք իրենք մեզ չեն հասկնար։ Արդեօ՞ք մենք իրենց «ցաւերուն», կարիքներուն տեղեակ չենք։ Արդեօ՞ք մենք իրենց համար «հին» ենք կամ «ծեր», գործով ու մտայնութեամբ։ Արդեօ՞ք, իրենց մօտ, գիտակցումի կամ հաւաքական ու ազգային զոհաբերութեան պակասը կայ։ Չեմ գիտեր։
Անշուշտ բոլորն ալ հաւանաբար ունին իրենց արդարացուցիչ պատասխանները։ Բայց…։ Հիմա զիս մտահոգողը կամ հետաքրքրողը մեր դպրոցն է։ Մեր Ճեմարանը, որուն քարերը մաշեցուցած ենք տարիներով, ուր նաեւ մեր գոյատեւման պայքարը ստացած է ազգային իմաստ։
Այսօր, պահանջք զգացի գրելու, որովհետեւ նպատակը սրտիս մօտ է։
Ամէն առիթով կրկնած ենք, թէ Ճեմարանը «վերանորոգ թափով պէտք է շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը՝ դժուարութիւններու յաղթահարման ու դիմադրողակա-նութեան օրինակ ծառայելով»։
Շատ ճիշդ։ Սակայն ուր են անոր հեւքը թեթեւցնող նորերը։ Ահա շեշտաւորուած իրականութիւնը։ Ո՞ւր են նորերը .- իրենց ճեմարանական Class կամ School Reunion-ները փնտռող նորերը: Բոլորս ալ գիտենք, որ փառք Աստուծոյ, հո՛ս, մեր գաղութէն ներս բաւական մեծ թիւով Հալէպի ճեմարանականներ կ՚ապրին։ 80-90 ականներու եւ անկէ ետքի շրջանաւարտներ շատ կան։ Ասոնք բոլորն ալ անկասկած տեղեակ են, որ անցնող քառասուն տարիներուն, երբ նոյնիսկ իրենք աշակերտական գրասեղաններու վրայ էին, հոսկէ, մեր այս ընկերակցութիւնը իր զանազան նախաձեռնութիւններով, եւ գերագոյն զոհողութիւններով, միշտ իր անկարելին կարելի ըրած էր եւ համեստօրէն ու օրին օժանդակած՝ վարժարանի զանազան կարիքներուն։
Մէկ խօսքով, Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն եւ աջակցողներէն մԷկը եղած էր եւ կը շարունակէ մնալ Լոս Անճելըսի մեր այս ընկերակցութիւնը։ Հաստատօրէն։
Համեստաբար կը գրեմ ու կը կրկնեմ այս տողերը։ Բառերուս նոր շունչ կ՚ուզեմ տալ։ Հաւանաբար շատերու մօտ զգացական պոռթկում ալ կը նկատուի։ Կրկին հոգս չէ: Սակայն այս է իրականութիւնը։
Կը կրկնեմ.- ո՞ւր են նորերը, այն բոլորը, որոնք տակաւին երէկ կ՚ուսանէին այս հսկայ կրթարանէն ներս, իսկ այսօր իբրեւ շրջանաւարտ կամ ոչ, հոս են այս գաղութին մէջ կ՚ապրին եւ նոյնքան անտարբեր եւ հեռու են այս հաստատութեան նախաձեռնութիւններէն: Մէկ խօսքով.- բացականեր:
Արդեօ՞ք իրենց համար Ճեմարանը յուշ դարձած է։ Մեղայ…հազար մեղայ Զարեհ սրբազանին, Քարէն Եփփէին եւ Հրաչ Փափազեանին…։ Ըսէ՛ք …անմոռանալի եւ անզուգական այս կրթարանը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ։ Թո՛ղ գէթ անգամի մը համար իրենց խղճին հարց տան։ Թո՛ղ նաեւ անգամի մը համար ենթագիտակցութիւնը բանայ իրենց կորսուած յիշողութիւնները։ Արդեօ՞ք ամէն անգամ ողբերգութիւնը պէտք է հասնի, որ մենք ինքնագիտակցութեամբ լեցուինք, կամ միաւորուինք։ Արդեօ՞ք մոռցած ենք մեր վարժարանի առաքելութիւնը։ Արդեօ՞ք այս մէկը ուրացում պէտք է նկատենք՝ թէ ո՛չ խոստովանանք։
Արդեօքներուս շարքը կրնայ երկարիլ։ Տաժանելի է այս զգացումը։
Դո՛ւք, որոշեցէ՛ք։ Դո՛ւք։ Յատկապէս, անոնք որոնք իրենք զիրենք հեռու պահած են քառասուն տարուայ այս ստեղծուած սրտի մօտիկ եւ նոյնքան ալ հաճելի մթնոլորտէն։
Այս բոլորը ճշմարիտ միտքերու խտացում կը նկատեմ։
Հաւաքական եւ անձնական գիտակցութիւն է պէտք։ Չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք ամէն բան բախտին ձգել։ Անկեղծութեան եւ պարզութեան աշակերտած ենք, բոլորս ալ։ Այս մէկը մեզի իբրեւ ժառանգ տուած է մեր այդ սիրելի եւ մեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու շնչող եւ ապրող մեր կրթարանը։ Ուստի պարտաւոր ենք բոլորով անոր աջակցիլ։ Կարեւորը նպատակն է։ Անտարբերութիւնը անընդունելի է։ Հետեւողական աշխատանքի կարօտը ունինք գալիք ուղիները լուսաւորող շող։ Գործի անցնինք։ Թեւ ու թիկունք կանգնինք։
Եկէ՛ք, եւ միացէ՛ք։ Արդար եւ սրտի մօտիկ կոչ մըն է։ Ձեր դրական ներկայութեամբ ձեռնարկները քաջալերեցէ՛ք։ Գիտակից որդեգրում մըն է: Դո՛ւք ալ յանուն մեր այդ դպրոցի վերելքին ու բարգաւաճման, օրուան պատմութեան մասնակից դարձէ՛ք։
Դպրոց ըսի, ու աւելցնեմ.- ասիկա պարզ դպրոց մը չէ.- այլ՝ յստակ անուն ունի.- ասիկա այն դպրոցն է, ուր բոլորս ալ օր մը, բախտաւոր ու երջանիկ օր մը, կամովին եւ հաւա-տաւոր, անոր մտքի աւազանին մէջ հայութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ մկրտուեցանք եւ որուն անունը ցարդ՝ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան է։
Մնացեալը՝ մեղքը ձեր վիզը…։
↧
Ո՞ւր Են Նորերը…
↧