Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԹԱՒԻՇ ՉՄՆԱՑ, ՄՆԱՑԻՆ ՄԿՐԱՏՆԵՐԸ

$
0
0

 

            Կեդրոնականցի Արմենակ կէս գիշերուան մօտ հեռաձայնեց:

            – Մակա՛ր, ժամերով ոտքի մնացի, ցոյցի էի:

            – Ի՞նչ ընելու գացեր էիր:

            – Թաւշեայ յեղափոխութեան տղաքը եւ աղջիկները տեսնելու, որպէսզի Փարիզ վերադարձիս պատմեմ, թէ որքա՜ն կիրթ եւ իրաւ ժողովրդավար ժողովուրդ եւ երկիր ունինք:

            Սպասեցի: Եթէ բանէ մը ցնցուած չըլլար, կէս գիշերին չէր հեռախօսեր:

            – Այս յեղափոխութեան թաւիշի կերպասը կարճ է եղեր, ժողովրդավարութեան հետ կապ չունի: Խորհրդարանը եթէ վարչապետին չհետեւի, ան հանրահաւաքի համար եկած ժողովուրդէն կը պահանջէ լիազօրութիւն, Ազգային ժողով կ’երթայ բանակցելու, որ իր ուզածը ընեն: Պարտադրանքով ժողովրդավարութիւն կ’ըլլա՞յ: Ազգային Ժողովը տիկնիկային թատրո՞ն է: Հանրահաւաքի մասնակիցները կը փոխարինե՞ն պատգամաւորները:

            – Արմենա՛կ, եօթանասուն տարի պրոլետարիատի իշխանութիւն եւ ժողովրդական ժողովրդավարութիւն չտեսա՞նք, անոնք չունեցա՞ն իրենց հետեւորդները:

            – Եթէ օրինական ժողովրդավարութիւնը չգործէ, այլեւս թաւիշ պիտի չմնայ: Պիտի մնան մկրատները լեզու եւ մատ կտրելու համար:

            – Եօթանասուն տարի մկրատը բանած էր, վարժութիւն կայ մկրատ գործածելու եւ մկրատուելու: Գնա՛ պառկիր: Կ’ըսեն, թէ գիշերը խորհուրդ կը բերէ:

            Քունս փախաւ: Հեռատեսիլը միացուցի: Աշնան գոլ գիշեր էր: Հանրահաւաքի տիքթաթին տակ Ազգային Ժողովը նիստ կը գումարէր: Ի՞նչ կրնար որոշել, երբ արդէն հանրահաւաքը այո՛ ըսած էր առաջնորդի ցանկութեան:

            Գիշերը խորհուրդ կը բերէ՞:

 

Մակար, 3 հոկտեմբեր 2018, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles