Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է Խաչվերացի տօնը, որ կը կոչուի նաեւ Վերացման Ս. Խաչ: Տօնը ունի համաքրիստոնէական բնոյթ: Ընդհանրապէս միւս եկեղեցին կը տօնեն Սեպտեմբեր 14-ին. Իսկ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին՝ նոյն թուականին ամենամօտիկ Կիրակի օրը, որ կրնայ զուգադիպիլ Սեպտեմբեր 11-էն17-ի միջեւ: Այս տարի տօնը զուգադիպեցաւ Սեպտեմբեր 16-ին Կիրակի օրը:
Խաչվերացի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 103-ամեակի տօնակատարութիւններու առիթով, Կիրակի, Սեպտեմբեր 16, 2018-ին, Տիթրոյթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան:
Ս. Պատարագի ընթացքին, տէր հայրը իր օրուայ քարոզը կեդրոնացուց Խաչի զօրութեան վրայ, խաչը դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի ներշնչումի եւ յոյսի աղբիւր հանդիսացած իր փրկարար զօրութեամբ: Արժ. Տէր Հայրը իր պատգամը փակեց ըսելով.- ,Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը Խաչին հետ առնջուող բոլոր տօներէն աւելի՝ մասնաւոր շեշտ դրած են ա՛յս տօնին վրայ եւ զայն դարձուցած են Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին: Եկեղեցական արարողութեանց մէջ ամենէն յատկանշականը ԽԱՉ-ով թափօրելն է:
Պատարագի աւարտին, մեծ ափսէի մը վրայ տեղադրուած ու Ռեհանով զարդարուած խաչափայտ ափսէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, երկու սկաուտներու կողմէ ձեռանբարձ առաջնորդութեամբ, արենուշներ, սկաուտներ, դպրաց դասը, սարկաւագները ու պատարագիչ քահանայ հայրը ու հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ յարակից ՝՝Լիլիըն՝՝ Առաքելական ,սրահը:
Պատարագիչ Տէր հայրը՝ Խաչիկ եւ Նշան անուն կրող անձնաւորութիւնները հրաւիրեց Անդաստանի արարողութեան մասնակցելու. օրհնութիւն ու փառք տրուեցաւ Աստուծոյ, աշխարհի չորս ծագերուն իր տուած բարիքներուն եւ առատաձեռնութեան համար:
Որմէ ետք, Տէր. Հայրը օրհնեց Ռեհանը եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի յաղթանակին զոհուած 18 հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար պատրաստուած մատաղը:
Ապա, Արժ. Տէր հայրը հրաւիրեց տիթրոյթաբնակ անճարցիներու Բարեսիրական Միութեան վարչութեան անդամ Պրն. Անդրանիկ Գարատօլեանը որ փոխանձէ հերոսամարտի պատգամը: Պրն. Գարատօլեան նախքան իր խօսքը, վարչութեան եւ միութեան անդամներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Արժ. Տէր հօր, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ ամէն տարի սիրայօժար սրահը եւ խոհանոցը ձրիաբար կը տրամադրեն մատաղի պատրաստութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի Հ.Մ.Ը.Մ.¬ի, վարչութեան, արենուշներուն եւ սկաուտներուն իրենց մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալներուն:
Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ.- ՝՝Ես այսօր պիտի չխօսիմ Մուսա Լերան գոյամարտի մասին՝ որովհետեւ շատեր խօսած ու գրած եւ գեղեցիկ ներբողներ հիւսած, ներշնչուելով՝ ափ մը անզէն ու անպաշտպան ժողովուրդի ցուցաբերած հերոսական կեցուածքէն ու ձեռք բերած փառայեղ անսպասելի յաղթանակէն: Պիտի փորձեմ հակիճ կերպով ներկայացնել հերոսամարտի մասնակցած համեստ հերոսի մը կատարած հերոսական սխրագործութիւնը:
Եօթներորդ ճակատամարտը վերջացած էր հայերու փառայեղ յաղթանակով: Թշնամին հալածուած էր մինչեւ հարաւային լեռնաշխահրի կողերը: Մարտիկները ձեռք բերած յաղթանակէն հարբեցած ուրախ ու հպարտ կը վերադառնան իրենց ընտանեկան խշտիկ բնակարանը՝ անյագօրէն վայելելու համար հարազատներու եւ ազգակիցներու սիրոյ քաղցրութիւնը: Չէ՞ որ, այսօր եւս թշնամիին եօթներորդ յարձակումը եւս չէզոքացուած էր, բազմաթիւ սատակ իր ետին թողած փախուստ տուած էր:
Դէպի տուն վերադարձող մարտիկներէն մին է մեր այսօրուայ հերոսը՝ Պլլութ Պապու-կը: Ճիշդը չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ այդ մակդիրը տրուած է իրեն, եւ վստահ չեմ թէ ան՝ Եողուն Օլուգցի էր կամ Խըտըրպէկցի, հաւանաբար այդ երկու գիւղերէն մէկուն մէջ ծնած ըլլալու է:
Պլլութ պապուկ, պարթեւահասակ, լայնաթիկունք, յաղթանդամ հուժկու մարդ մըն էր, ինք եւս, իր զինակից ընկերներուն պէս, արեւնամուտին դիրքը ձգած օրուայ յաղթանակէն ոգեւորուած, հոգեկան անհուն ուրախութեամբ, քթին տակէն թուրք ցեղը անիծելով, եւ երբեմն ալ բարձրաձայն ուրախ երգերու քանի մը տողեր երգելով իր զինակից ընկերներուն պէս, զէնքը ուսէն կախ, տուն կը դառնար: Օրուայ յաղթանակի աղուոր պատկերներ ունէր մտքին մէջ. կինը՝ ժպտուն, բայց արցունքոտ աչքերով, խշտին առջեւ կեցած, անհամբեր իրեն կը սպասէր. զաւակները՝ հայրական սիրոյ կարօտ, ոտաբոպիկ կը խաղային խշտիկին ու մայրիկին շուրջ՝ մերթ աջ եւ ձախ վազվրտելով ու չորսդին նայելով. չէ՞ որ կռիւը վերջ գտած էր ու հայրիկը յաղթական պիտի գար եւ անոր ոտքերուն պիտի փաթուէին՝ հայրական փաղաքշանքներ վայելելու համար: Պլլութ պապուկը մեծ քայլերով եւ քաղցր օրօրներով մացառները կը ճեղքէր՝ յառաջանալով դէպի իր ձեռքով կառուցած խշտիկ բնակարանը, ուր իրեն անհամբեր կը սպասէին կինն ու զաւակները:
Ճամբան կը պատահի անակնկալը:
Դարձուածքի մը վրայ ճակատ ճակատի կու գայ ճամբան մոլորած թուրք զինուորի մը հետ: Զէնք գործածելը անկարելի է. Առանց երկար մտածելու, կը յարձակի եւ կը գրկուին թուրք զինուորին հետ, ատելութեան կատաղի կիրքով մը. Կենաց-մահու գօտեմարտ մըն է, որ տեղի կ’ունենայ: Պլլութ պապուկ ուշքին հարուածով մը կը տապալէ թուրք զինուորը գետին եւ չոքելով կուրծքին, նախ զէնքը կը յափշտակէ եւ ապա լեռնականի իր ուժեղ մատներու աքցանին մէջ կ’առանէ կոկորդը, կը սեղմէ. Թուրք զինուորին աչքերը կը խոշորնան, ու կոպիճներէն դուրս կը ցցուին: Պլլութ պապուկ աղերսական եւ գթութեան կարօտ բան մը կը տեսնէ դուրս ցցուած ու ուռած աչքերուն մէջ: Սիրտը կը կակուղնայ. մատները կը թուլնան. մաղձն ու ատելութիւնը տեղի կու տան եւ ասպետական մարդկայնութեամբ մը կը գոչէ.՛՛Դուն ալ անպայման կին եւ զաւակներ ունիս, որոնք անձկութեամբ քեզի կը սպասեն, ինչպէս իմիններս ինծի: Կեանքդ այժմ ինձմէ կախեալ է. Կը շնորհեմ զայն քեզի. վերադարձիր ընտանեկան բոյնդ եւ պատմէ հարազատներուդ ու անիծեալ ցեղի զաւակներուն՝ եւ արիւնարբու կառավարութեանդ՝ ինչ որ տեսաք եւ ինչ որ տեսար այս լեռներուն մէջ, եւ ըսէ՛ Հայը գիտէ ԿՌՈՒԻԼ, եւ վճռած է ապրիլ ու գոյատեւել՛՛:
Պլլութ պապուկ ազատ կ’արձակէ թուրք զինուորը: Ապա, յափշտակած զէնքը ուսին դնելով կþուղղուի իր ընտանեկան բոյնը՝ կը գրկախառնուի իրեն սպասող կնկան ու զաւակներուն հետ, կրկնակիօրէն հպարտ, ուրախ ու մարդկայնօրէն բաւարարուած հոգիով: Որմէ ետք կ’ուղղուի զօրանոց՝ զէնքը յանձնելու եւ դէպքին պատմութիւնը ընելու համար: Պլլութ պապուկ անմահացաւ այդ հերոսական դէպքով:
Անցած են 103 տարիներ Մուսա Լերան պանծալի յաղթանակէն, դեռ թարմ է Պլլութ պապուկի Հերոսական արարքի պատմութիւնը Մուսա Լերան ժողովուրդին, եւ յատկապէս այնճարաբնակ Մուսալեռցիներու թոռներուն եւ ծորերուն մտքին մէջ: Գեղչուկ անուս մարդու անուշ հոգին, հայ հոգիին ասպետական վեհանձնութիւնը:
Երբ ակնարկ մը կը կատարենք Մուսա Լերան քառասունօրեայ մարտնչումներուն, կը տեսնենք թէ Մուսա Լերան ըմբոստութիւնը՝ ժողովրդային ընդվզումն էր աւելի, քան՝ կազմակերպուած յեղափոխական արարք մը. Լինելու չլինելու գոյամարտ մըն էր, թուրք բռնութեան դէմ՝ յուսահատական ոգորում մը, որ յաւետ պիտի մնայ կենդանի եւ յիշուի ազգային մեր պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ, որքան ատեն որ աշխարհի վրայ հայ կը մնան:
Այնուհետեւ օրհնուած Մատաղը ու Ռեհանը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները վերանորոգուած քրիստոնէական հաւատքով ու ներշնչուած Մուսա Լերան պանծալի յաղթանակին զոհուած մարտիկներու հերոսական ոգիով:
Ա․ Գ․