Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ՇՈՒՐՋ $700,000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ

$
0
0

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ կու գայ յայտարարելու, որ 19-էն 29 Յուլիս 2018-ին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Բիւրականի մէջ իր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար դիմած էր իր աշխարհասփիւռ կառոյցին պատկանող Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերու եւ եղբայրներու, որոնք անվերապահ իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին։ Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն իրականացման ի նպաստ հանգանակուեցաւ շուրջ $700,000 Ամերիկեան տոլար։

Այս ծիրէն ներս, Կեդրոնական Վարչութեան առաջարկով զանազան նուիրատուներու շարքին ունեցանք նաեւ 10 կնքահայրներ, որոնք նուիրատուութեան ծանր բեռը ստանձնեցին:

Կեդրոնական Վարչութիւնը եղբայրական երախտապարտութիւնները կը փոխանցէ 100ամեակի կնքահայր քոյրերուն եւ եղբայրներուն.-

  • Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեան (Փարիզ)
  • Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան (Սան Ֆրանսիսքօ)
  • Տէր եւ Տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան (Լոնտոն)
  • Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան (Տուպայ)
  • Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան (Աւստրալիա)
  • Տէր եւ Տիկին Տիրան եւ Վերժինիա Վահրատեան (Աւստրալիա)
  • Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջան (Գանատա)
  • Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Անի Մարութեան (Շուէտ)
  • «Վարդանեան ընտանիք» Բարեգործական Հիմնադրամ
  • Տէր եւ Տիկին Աշոտ Թունեան (Սինկափուր)

Կրկին շնորհակալութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու յաջողութեան իրենց նիւթական ներդրումը ունեցած բոլոր նուիրատուներուն։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles