Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՆ ԱԼ ԻՆԿԱՒ

$
0
0


«Ils sont tombés»-ի («Անոնք ինկան») հանրահռչակ երգիչն ալ ինկաւ։
Այսպէս Կիրակի Սեպտեմբեր 30-էն Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 1-ի լուսցող ժամերուն, Պուշ Տը Ռոն շրջանի բնակարանին մէջ, իր մահկանացուն կնքեց Մայիս 22, 1924-ին ծնած Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը՝ Շարլ Ազնաւուրը։
Դեռ երեք օր առաջ, Ֆրանսայի հեռատեսիլէի կարճ հարցազրոյց մը ունենալով, ան յայտնած էր․- «Ինծի համար տարիքը գոյութիւն չունի; պարզ թուային հաշիւ մըն է, որ կը պահուի․․․ »։ Հաւանաբար ինք չէր հաշուած կամ ալ պահած հաշիւը։
Ազնաւուր մահացաւ 94 տարեկանին։ Թէեւ, վերջերս հետզհետէ ան սկսած էր խօսիլ անդենականին մասին, որոշ մտահոգութիւններ արտայայտելով։
Անցեալ Մայիսին, ան իր բնակարանին մէջ, հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով, ինկած ու թեթեւօրէն վնասուած էր։ Քանի մը ելոյթներ ջնջելոէ ետք, ան վերսկսած էր բեմ բարձրանալ։ Վերջինը կատարուեցաւ Ճափոնի մէջ։


«Ծառաւ ունիմ բեմ բարձրանալու։ Հոն երբ որ բարձրանամ, շատ աւելի հանգիստ կը զգամ․․․», կը յայտնէր ան։
Այդպէս ալ էր․․․Եւ դեռ անցեալ Դեկտեմբերին, ան Փարիզի ամենէն աւելի ընդարձակ սրահին՝ Պերսիի «Աքոր Արենա»-ին մէջ, քսան հազար ունկնդիրներ ներգրաւեց, գրեթէ երկու ժամ երգելով։
Բեմին վրայ իւրայատուկ ներկայութիւն էր այս գաճաճ եւ նիհարակազմ՝ վիթխարի ծանրութիւնը։ Ճկուն շարժուձեւերով եւ իմաստուն խօսքերով, ան կը ներգրաւէր հանդիսատեսը, որ միեւնոյն ժամանակ կառչած իր աթոռին, կը վերածուէր թէ՛ ունկնդիրի եւ թէ՛ ակնդիրի։
Ձեռքերը խաչաձեւած եւ իր իսկ ուսերուն վրայ հանգչեցուցած, ան ինքն իրեն կը պարէր, կը խօսէր ու կ՛երգէր։ Կեանքի տարբեր լուռ ցաւերը կը փոխանցէր ան․․․«La Mamma», «Et pourtant», «La Bohème», «Emmenez moi», « Désormais», եւ ու ․․․ եւ: Դերասան ալ էր ան եւ աւելի քան յիսուն ժապաւէններու մէջ դեր ստանձնած էր, գործակցելով բեմադրիչներ՝ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի, Քլօտ Շապրոլի եւ ․․․Ատոմ Էկոյեանի («Արարատ») հետ։

«Հարիւր առ հարիւր հայ եմ, եւ հարիւր առ հարիւր ալ ֆրանսացի եմ», կը շեշտէր ան։ Ազնաւուր հայութեան համար միայն վերոյիշեալ «Ils sont tombés»-ն (Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակին նուիրուած) չերգեց, այլ նաեւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին առթիւ տասնեակ մը ֆրանսացի այլ երգիչներու հետ միասնաբար պատրաստեց «Pour toi Armenie»-ն։
Այո՛, միեւնոյն ժամանակ, ան նաեւ հարիւր առ հարիւր ֆրանսացի էր։ Արդարեւ 2002-ին, Ազնաւուր Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն, ծայրայեղ աջակողմեան Լը Փէնի դէմ պայքարելով, կրկին իր մօտ հաւաքեց աստղեր եւ տպաւորիչ ոճով երգեց «La Marseillaise» քայլերգը։
Այսպէս, ԱՆ ալ ինկաւ, իր ետին ձգելով իւրայատուկ Ազնաւուրեան կտակ մը…ժառանգութիւն մը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles